Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծննդեան 100 ամեակ։  

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդեան 100 ամեակ։ «Այսօր աւելի քան երբեք Ան մեզի պիտի ըսէր. Մի վախնաք». Լեհաստանի Եպիսկոպոսները։

Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը տակաւին ողջ ըլլար պիտի աղօթէր հիւանդներուն համար, մեռեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Ինք եւս ճանչցաւ հիւանդութիւնը ու անոր բժիշկ եղբայրը կեանքը կորսնցուց 26 տարեկանին վարակուելով իրեն խնամքի տակ գտնուող հիւանդէ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համաճարակի այս օրերուն ի՞նչ պիտի ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ»։  Սոյն հարցումը ուղղած են Լեհաստանի եպիսկոպոսները  նամակի մը մէջ, զոր հրատարակած են  երջանկայիշատակ Քահանայապետին ծննդեան 100 ամեակին առթիւ, որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ 18 մայիս 2020-ին։ Եւ այդ հարցումին որպէս պատասխան, անոնց հաստատած են՝ թէ Քահանայապետը պիտի ըսէր. «Մի Վախնաք», այնպէս ինչպէս ըրած էր 22 հոկտեմբեր 1978-ին իր Քահանայապետութեան սկիզբի սուրբ պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ։ «Մի Վախնաք, լայն բացէք դռները Քրիստոսին»։

Այո՛, կը գրեն Լեհաստանի Եպիսկոպոսները, Քրիստոս լաւապէս կը ճանչնայ մեզ, մեր ուրախութիւնները, մեր մտահոգութիւնները, մեր յոյսերը, մեր վախերն ու իղձերը։

Եթէ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, տակաւին ողջ ըլլար, պիտի աղօթէր հիւանդներուն համար, մեռեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն համար։ Ինք եւս ճանչցաւ հիւանդութիւնը ու անոր բժիշկ եղբայրը կեանքը կորսնցուց 26 տարեկանին, վարակուելով իրեն խնամքի յանձնուած հիւանդէ մը։ Ասոր համար՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը միշտ գնահատած է բժիշկներուն եւ առողջապահական մարզէն ներս գործողներուն աշխատանքը, որոնց համար յաճախ կ՛աղօթէր։

Լեհաստանի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը նամակին մէջ ընդգծած է երջանկայիշատակ քահանայապետի քահանայապետութեան այլ յատկութիւններ, ինչպէս անոր յատուկ ուշադրութիւնը հաղորդակցութեան աշխարհին, ու նեաւ կեանքին պաշտպանութիւնը՝ սաղմէն մինչեւ մահ։

«Ան եղաւ Աւետարանի հաւատարիմ վկայ, ինքզինք ամբողջութեամբ յանձնելով Սուրբ Կոյս Աստուածամօր, յատկապէս 13 մայիս 1981-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ իր դէմ գործադրուած  մահափորձին առթիւ»։ Կը գրեն միշտ Լեհ Եպիսկոպոսները իրենց նամակին մէջ, որ պիտի ընթերցուի Լեհաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Սուրբ Քահանայապետը ծննդեան հարիւր ամեակի յիշատակութեան օրուայ նախօրեակին՝  կիրակի 17 մայիս 2020։

Յաջորդդ օրը առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գտնուող երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դամբանի խորանին վրայ պիտի գլխաւորէ Անոր նուիրուած Սուրբ պատարագը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2020, 07:22