Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն 

Կիրակի 3 Մայիս 2020 Դեղին Կիրակի (Յովհաննէս Ե 19-30)

Յիսուս յաճախ զգուշացուցած է իր հետեւորդները անոնց առջեւ պատկերացնելով վերջին օրերուն գալիք արհաւիրքները: Այսօր ալ կու տայ մարդկութեան նշաններ որպէսզի հասկնան թէ ինչ բանն է կարեւորագոյնը այս կեանքի ընթացքին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Չեմ ուզեր ձեզ ահի ու սարսափի մատնել, սիրելի ունկնդիրներ, սակայն մենք այս շրջանին՝ կ'ապրինք իսկական արհաւիրքի օրեր, աւելի սոսկալի քան պատերազմի օրերը, աւելի աւերիչ քան երկրաշարժները կամ հրդեհները: Թշնամին որ կը սպառնայ մեզի՝ աներեւոյթ է, նման չար ոգիին որ, ինչպէս կ'ըսէ Պետրոս առաքեալը, առիւծի մը նման կը դառնայ մեր շուրջը փնտռելով թէ որուն նախ չարիք պիտի հասցնէ:

Յիսուս յաճախ զգուշացուցած է իր հետեւորդները անոնց առջեւ պատկերացնելով վերջին օրերուն գալիք արհաւիրքները: Այսօր ալ կու տայ մարդկութեան նշաններ որպէսզի հասկնան թէ ինչ բանն է կարեւորագոյնը այս կեանքի ընթացքին: Կը բաւէ վազելը հեւ ի հեւ նիւթական բարիքներու ետեւէն, դադրեցնելու է իրարու հանդէպ նախանձն ու թշնամանքը, այլ ընդհակառակը, զարգացնելու է եղբայրսիրութիւնը, յառաջ տանելու է հոգեւոր կեանքը, որով աւելի կը մօտենանք մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի:

Յիսուս իշխանութիւն ունի դատելու մարդկութիւնը, անոնց խօսքերուն եւ գործերուն համեմատ: Ան դրած է անոնց մէջ յաւիտենական կեանքի սերմերը, որով մենք ամէնքս անմահական կեանքի արժանի ենք եւ անպայման պիտի հասնինք անոր, եթէ հաւատարմօրէն հետեւինք Քրիստոսի խրատներուն: Ուստի այն որ հնազանդի իրեն եւ կատարէ իր հրամանները, նովին գործով կը հնազանդի Հօր ու կ՛իրականացնէ իր կամքը այս աշխարհի վրայ, ժառանգելով յաւիտենական կեանքի երջանկութիւնը:

Ահա մէկ ու կէս ամիս է որ ստիպողաբար ամէն մարդ իր տունը կը մնայ, երեխաները դպրոց չեն երթար եւ բարեկամներն ու ազգականները իրար չեն կրնար այցելել. զաւակներ չեն կրնար այցելել իրենց ծերացած ծնողքին, քոյրեր ու եղբայրներ զրկուած են իրարու մօտ գալէ: Սակայն միւս կողմանէ նաեւ բարիքներ յառաջ կու գան այս կացութենէն, ընտանեկան յարաբերութիւնները աւելի սերտ դարձած են որով 24 ժամի վրայ 24 ժամ ընտանիքը միասին կ'ապրի:

Եկեղեցիներու փակեալ վիճակը կարծէք կ'աճեցնէ կարօտը ժողովուրդին յաճախելու իրենց այնքան սիրելի ու կարօտալի դարձած Աստուծոյ տունը, անշուշտ նախ իրար տեսնելու, սակայն նաեւ աղօթելու համար, սերտ յարաբերութեան մէջ մտնելով մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի եւ բոլոր սուրբերուն հետ, բայց մանաւանդ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի հետ, որուն ամիսն է ահա Մայիսը:

Սրտանց խրատս է ձեզի, մանաւանդ հայ հաւատացեալներուն, որ այս ամսուան ամէն մէկ օրը աղօթէք Աստուածամօր, հաւատարմօրէն եւ լի վստահութեամբ թէ ան կարող է վերցնել այս ծանր արհաւիրքը մարդկութեան վրայէն: Մենք ունինք սքանչելի միջոց մը աղօթելու, սուրբ Վարդարանը: Թող ան միշտ ըլլայ մեր հետ, մեր գրպանը, մեր ձեռքի պայուսակին մէջ կամ մեր վզէն կախուած, որպէսզի, անոր ներկայութեամբը պաշտպանուինք ամէն չարիքէ, մարմնաւոր թէ հոգեւոր: Երբ Մարիամ երեւեցաւ Պեռնատէթի Լուրտի քարայրին մէջ, ձեռքը ունէր վարդարան մը, ըսելու համար թէ այդ ողջոյններու աղօթաբոյր շղթան ամուր կապն է որ մեզ իրեն կը միացնէ:

Այս օրերուս, իր մահուընէ մօտ յիսուն տարի ետք, ահա սկսաւ Հռոմի մէջ սրբադասման դատը մեր երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին. Աղօթենք իրեն եւ հրաշքներ հայցենք իրմէ, յառաջացնելու համար ընթացքը սոյն դատին, որպէսզի մօտօրէն կարենանք խորաններ կանգնել մեր հայրապետին ի պատիւ. Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2020, 07:40