Որոնել

Սրբուհի Ռիթայի դամբանը Քաշիայի Սրբավայրին մէջ Սրբուհի Ռիթայի դամբանը Քաշիայի Սրբավայրին մէջ  

Սրբուհի Ռիթա Համաքրիստոնէական Սրբուհին

Ռիթան Իտալիոյ Քաշիա աւանին մէջ կը ծնի 1381-ին: Ան Բարեպաշտ ու խաղաղ կեանք ապրող ընտանիքի մը դուստրն էր, որ երկար ատեն զաւակ չէր ունեցած և օր մը հրաշք կը պատահի և Զաքարիայի նման հրեշտակ մը կ'երեւի բարեպաշտ մօր ու կ'ըսէ թէ. «Աղջիկ մը պիտի ունենաս և անունը Ռիթա պիտի դնես»:

Սրբուհի Ռիթայի կեանքին անդրադառնալէ առաջ հարց տանք մենք մեզի՝ թէ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ սուրբի մը կեանքը, երբ արդէն իսկ անոր մահէն երկար ժամանակ անցած է:

Արդարեւ երբ ուշադրութեամբ կը կարդանք, կը լսենք ու կ'իմանանք սուրբերուն կեանքը, անոնց գործունէութիւնը, հրաշքները, խօսքերը և նոյնիսկ նահատակութիւնը՝ հոգեկան անհուն գոհունակութիւն կը զգանք. չե՛նք յուսահատիր, այլ՝ կը զմայլինք, կը հիանանք, նոյնիսկ կը քաջալերուինք անոնցմով, որովհետեւ տարիներու հոլովոյթին ընդմէջէն ինչ ինչ հրաշքներ ու բժշկութիւններ եղած են ու դեռ կը պատահին սուրբերուն աղօթքով և միջնորդութեամբ:

Ռիթան Իտալիոյ Քաշիա աւանին մէջ կը ծնի 1381-ին: Ան Բարեպաշտ ու խաղաղ կեանք ապրող ընտանիքի մը դուստրն էր, որ երկար ատեն զաւակ չէր ունեցած և օր մը հրաշք կը պատահի և Զաքարիայի նման հրեշտակ մը կ'երեւի բարեպաշտ մօր ու կ'ըսէ թէ. «Աղջիկ մը պիտի ունենաս և անունը Ռիթա պիտի դնես»: Նորածինին մկրտութենէն ետք, տուն վերադարձին՝ երկնային լոյս մը կը լուսաւորէ փոքրիկ Ռիթային դէմքը: Սրբուհի Ռիթայի արտաքին գեղեցկութեան միացած էր հոգեկան գեղեցկութիւնը. ան փոքր տարիքին կը փափաքէր վանք մտնել և Յիսուսին նուիրուիլ:

Այդ ժամանակաշրջանին, մանուկները իրենց գիտելիքները կը ստանային Եկեղեցիէն. Հոգեպարար քարոզներու ընթացքին կը պատմուէին սուրբերու վարքը և անոնց հետ կապուած սքանչելի դրուագներ, որոնք բարեպաշտ զգացումներ կը ներշնչէին: Ռիթան բարձր ժայռերու վրայ բարձրանալով՝ յաճախ ծնրադիր կ'աղօթէր: Բնութեան անդորրութեան մէջ, անոր հոգին կը հաղորդուէր իր Արարչին հետ ու կը խօսէր սուրբերու զգացումներով:

Ամէն աղջիկ զաւակ ունեցող ծնողքներուն նման, Ռիթայի ծնողքը եւս կ'ուզէ ամուսնացնել զայն, հակառակ որ իր փափաքն էր վանք մտնել ու ինքզինք ամբողջովին Աստուծոյ նուիրել: Ռիթան իր ծնողներուն կամքին հնազանդելով կ'ամուսնանայ եւ երկու զաւակ կ'ունենայ. սակայն ամուսնական կեանքը տառապանքով և նեղութիւններով անցնելէ ետք, կը կորսնցնէ ամուսինը և երկու զաւակները: Այդ դժբախտ օրերուն, երբ Աստուծոյ օգնութեան կը դիմէ, Աստուած զինք կ'առաջնորդէ դէպի իր նպատակը: Օր մը, երբ ան Ս. Խաչին ոտքը ինկած կ'աղօթէր խաչուած Յիսուսին՝ հարց կու տայ խոր հաւատքով. «Ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ, խաչուած Յիսուս. յայտնէ ինծի քու փափաքդ». իսկոյն սրտին խորէն կը լսէ անուշ ձայն մը որ կ'ըսէր իրեն. «Վանք քաշուէ և ինծի ծառայէ»:

Ան իսկոյն կը դիմէ Օգոստինեան Քոյրերու վանքը, սակայն զինք չեն ընդունիր, որովհետեւ վանքին կանոնները բացարձակապէս կ'արգիլէին այրիներուն մուտքը մենաստանէն ներս: Այսպէս 1413-ին, գիշեր մը՝ տեսիլք կ'ունենայ և սուրբերու առաջնորդութեամբ եւ նոյնինքն Սուրբ Օգոստինոսի միջնորդութեամբ մուտք կը գործէ մենաստան 32 տարեկանին և Ս. Օգոստինոսի կոյսերուն սքեմը կը հագնի, ուր կ'ապրի մինչեւ մահ:  

Մենաստանին մէջ, Ռիթան իր կրօնաւորական կեանքը կը սկսի, և սրբակերտումի ճամբան կը համակէ իր ամբողջ էութիւնը: Ան աղօթասէր, ներանձնացեալ, անձնուրաց մայրապետի մը կեանք կը վարէ. շեշտուած էին իր զոհաբերութեան սէրը եւ ապաշխարանքի արարքները:

Անոր կենդանութեան ամենայատկանշական դէպքը կը համարուի՝ Յիսուսին փուշին հրաշքը, որ աղօթքի պահուն՝ Յիսուսի կրած Փշեպսակէն իր ճակատին փուշ մը խոցուած էր: Այդ օրուընէ Սրբուհի Ռիթա կ'արժանանայ սրբութեան կարգին:

Աւելի՛ն, որթատունկին և մահուան օրը վարդին, ինչպէս նաեւ կաղ մարդուն հրաշքները տեղի ունեցան. Կաղը կ'ըսէ. «Եթէ ոտքերս առողջանային՝ ես Ռիթային դագաղը կը շինէի»: Ան տեղւոյն վրայ կ'առողջանայ ու կը շինէ:

Ռիթան իր մահկանացուն կը կնքէ 22 Մայիս 1457-ին: Սրբուհիի Ռիթայի մարմինը կը մնայ անապական: Անկէ ազնիւ բուրմունք մը կը բխի ու կը լեցնէ մենաստանը ուր թաղուած էր, մանաւանդ 22 Մայիսին: 

Սրբուհի Ռիթային անունին հետ կապուած հրաշքները կը շարունակուին և ժողովուրդը զինք կը հռչակէ. «Անկարելի բաներու սրբուհին» և կամ «Պաշտպան անյոյս դատերու»: Ան կը կոչուի նաեւ «Անհաւատներու Սրբուհին»:

Սրբուհիին ջերմեռանդութիւնը կը տարածուի ամէն կողմ, նոյնիսկ այլ կրօններու ժողովուրդներուն մօտ: Ան թէեւ հարազատ զաւակն է Իտալացի ժողովուրդին, սակայն Համաքրիստոնէական պատկանելիութիւն ունի: Ան այսօր բոլոր ժողովուրդներու կողմէ յարգանքի արժանացած է: Բայց մասնաւորապէս բոլոր անոնց, որոնք կը յարգեն սուրբը եւ կը դիմեն անոր բարեխօսութեան կամ միջամտութեան: Մեր անհաւատ կոչուած դարուն մէջ, Սրբուհի Ռիթայի հանդէպ վստահութիւնը տարածուած է Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա, Ասիա և Ափրիկէ: Հայերս ալ, ըլլանք Կաթողիկէ, Առաքելական թէ Աւետարանական, վստահութեամբ կը դիմենք այդ հրաշալի սրբուհիին: Եգիպտոսի մէջ ո՛չ միայն քրիստոնեաները, այլեւ իսլամներն անգամ կը դիմեն Ռիթայի և կ'ընդունին բժշկութիւն կամ որեւէ շնորհք:

1628-ին Ուրբանոս Ը. Քահանայապետին կողմէ, Ռիթան երանելի կը հռչակուի.  իսկ անոր սրբադասումը կը կատարէ Լեւոն ԺԳ. Սրբազան Պապը 24 Մայիս 1900-ին:

Սրբուհի Ռիթայի ծիսական տօնը կը նշուի ամէն տարի 22 Մայիսին, որովհետեւ այդ օրն է, որ Սրբուհի Ռիթա յաւիտենականութիւն մտաւ:  

Լիբանանի մէջ բազմաթիւ են Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրերը, ուր Մայիս 22-ին կամ անոր մօտիկ կիրակին՝ ուխտի կ'երթան բազմաթիւ հաւատացեալներ, հետերնին տանելով վարդեր ու ծաղիկներ, որոնք կ'օրհնուին և տուները կը տարուին հիւանդներու համար: Հաւատացեալներ ալ կան, որոնք այդ տօնի առթիւ կ'ուխտեն ուխտատեղիին խորանը իրենք զարդարեն կարմիր վարդերով: Ուրիշներ յատուկ զգեստներ կը բերեն և օրհնել տալով՝ որոշ ժամանակ մը կը հագուին:

Սրբուհի Ռիթայի տօնին առթիւ՝ յարմար կը դատենք յիշել թէ Լեռնալիբանանի Քսրուան գաւառի Աշգութ գիւղը, որ Զմմառու հայ վանքին յարակից է, Սրբուհի Ռիթայի անունով ուխտատեղի մը կայ, ուր տեղի ունեցած են հրաշքներ ըստ հաւաստի վկայութեանց: Արդարեւ ուխտատեղին խնամող բարեպաշտ ընտանիքի անդամներէն՝ Պրն. Մանսուրի և իր քրոջ՝ ժորժէթ Ֆահըտի վկայութեան համաձայն, 1990-ական թուականէն սրբուհի Ռիթան երեւցած է իրենց երազով և տեսիլքով, ըսելով թէ. «Այս տունը ձերը չէ՛, այլ իմն է»: Այս տեսիլքը մի քանի անգամ կրկնուելէ ետք՝ անոնք կը դիմեն իրենց հարազատ մօրեղբօր, Հայր Շարպէլ Ապի Հապիպին, որ մարօնիթ քահանայ մըն էր, որ ջերմեռանդութեամբ լեցուած էր Սրբուհի Ռիթայի նկատմամբ: Վարդապետը կը հասկնայ երեւումներուն նպատակը՝ Սրբուհի Ռիթան կը փափաքէր հոն իրեն նուիրուած փոքր ուխտատեղի մը կառուցուէր: Այնուհետեւ վարդապետը կը ծրագրէ Իտալիա ճամբորդել, եւ մինչ կը պատրաստուէր Իտալիա մեկնելու, ձայն մը կը լսէ որ կ'ըսէ. «Ինչո՞ւ Քաշիա կ'երթաս, ես այստեղ եմ»: Արդարեւ այդ մրմունջը Ս. Ռիթային ձայնն էր:

Այս դէպքին վրայ՝ վարդապետը և այդ բարեպաշտ ընտանիքը կը ձեռնարկեն սրբուհիին ուխտատեղին պատրաստել խրճիթին մէկ անկիւնը: Այնուհետեւ Հռոմէն բերուած Սրբուհի Ռիթային խոշոր արձանը այնտեղ կը զետեղեն և վարդապետը Քաշիայէն անոր մասունքն ալ ձեռք կը բերէ, և այդ վայրը մատուռի կը վերածէ: Այդ թուականէն՝ ամէն տարի, Մայիս 22-ին՝ շրջակայ գիւղերէն հաւատացեալ ժողովուրդը հոն ուխտի կ'երթայ եւ Սուրբ պատարագի կը մասնակցի, որմէ ետք՝ նշխարահամբոյրը եւ վարդերու օրհնութիւնը կը կատարուի։

Յիշատակութեան արժանի է թէ այս սրբավայրին մէջ, Սրբուհի Ռիթային միջնորդութեամբ բազմաթիւ հրաշքներ տեղի ունեցած են, քրիստոնեայ և իսլամ հաւատացեալներու, որոնց պատմութիւնը արձանագրուած է յուշամատեանին մէջ: Ըստ վկայութեանց՝ Աստուած Ս. Ռիթայի միջոցաւ առողջութիւն պարգեւած է նոյնիսկ մահամերձ հիւանդներու, որոնք հաւատքով իրեն դիմած են. ինչպէս նաեւ ամուլ կիներուն զաւակ տուած է:

Սրբուհի Ռիթայի նկատմամբ ջերմեռանդութիւն տածելով՝ շատերու կեանքը փոխուած է. քանի՜ քանինե՜ր հիւանդութենէ ու մահէ ազատած են անոր միջնորդութեամբ: Քանի՜ քանինե՜ր ամուսին գտած են կամ զաւակ ունեցած Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ. Սակայն այս բոլորը ըլլալու համար՝ պայման է հաւատքով և մաքուր խղճով ապրիլը. և մասամբ մը նմանիլ իրեն: 

Սրբուհի Ռիթային տօնը իրողութիւն մըն է, զոր պէտք է խոստովանինք: Այսպէս քրիստոնէական կեանքին մէջ հրաշք չի կրնար պատահիլ առա՛նց հաւատքի և բարեպաշտ կեանքի: Առ այդ մենք եւս մեր կարգին՝ պէտք է սրբուհիէն խնդրենք, որ մեզի ալ տայ այն հաւատքը, որով ինք հաւատաց եւ մինչեւ վերջ ապրեցաւ և պայքարեցաւ: 

Արդարեւ Սրբուհի Ռիթայի այցելութեամբ՝ ուխտաւորին յոգնած ու տխուր սրտին մէջ լոյս կը ծագի և ցուրտէն սարսռացող հոգիներուն մէջ հոտաւէտ վարդեր կը բացուին: Սրբուհի Ռիթայի տօնին առթիւ՝ մաղթենք որ մեր սիրտը ազատի տանջող տագնապներէն ու մեր հոգին խաղաղի փոթորկոտ կեանքէն: Եւ Աստուած լսէ բոլոր ուխտաւորներուն սրտաբուխ աղօթքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2020, 06:50