Ուքրանիոյ մէջ Քարիթասի կամաւոր մը ու տարեց կին մը Ուքրանիոյ մէջ Քարիթասի կամաւոր մը ու տարեց կին մը 

Ուքրանիոյ մէջ հակաճգնաժամային կեդրոն մը նախաձեռնութեամբ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Ուքրանիոյ մէջ Կաթողիկէ Յոյն եկեղեցին տարածքներ տրամադրած է ընկալելու եւ բուժելու համար Քորոնա ժահրով վարակուած հիւանդները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուքրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աւագ արքեպիսկոպոս, գերերջանիկ Զվժաթոսլաւ  Չեւչուքի նախաձեռնութեամբ, Քիեւի մէջ կառուցուած է  հակաճգնաժամային կեդրոն մը, ուր բժշկական, հոգեւոր, ծառայութիւններ կը մատուցուին, քորոնա ժահրի զոհ հիւանդներուն, անոնց ընտանիքներուն, հիւանդապահներուն եւ այլ կարիքաւոր մարդոց։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտնենք, թէ Ուքրանիոյ մէջ վարակուածներու թիւը հասած է աւելի քան 22 հազարի, որոնց շարքին  են 4 հազար առողջապահական գործիչներ , իսկ մեռեալներու թիւն է 669։

Համաճարակի ճգնաժամին առաջին օրէն իսկ  Յոյն կաթողիկէ եկեղեցին  տարածքները տրամադրած է, ընկալելու համար վարակակիրները։

Այժմը Ուքրանիոյ  աւագ Արքեպիսկոպոսարանի եւ Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմերուն ու Ուքրանիոյ քարիթասի  նախաձեռնութեամբ,  իրականացուած  է հակաճգնաժամաին կեդրոն մը, ուր հոգեւոր,  բժշկական խնամակալական ծառայութիւններ կը մատուցուին հիւանդներուն,  կարիքաւորներուն։

Գերերջանիկ Չեւչուք Լէոբոլիս մէջ  իր բնակավայրը տրամադրած է  40 բժիշկներու եւ հիւանդապահներուն, որոնք Ուքրանիա հասած են խնամելու համար ժահրով վարակուած հիւանդները։

Հակաճգնաժամային կեդրոնին մէջ բժշկական խնամակալութենէն զատ կերակուր կը բաշխուի , կարիքաւորներուն, տարեցներուն։  Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը ամէն առիթներուն հաւատացեալներէն միշտ խնդրածէ որ չմոռնան կարիքաւորները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2020, 07:15