Որոնել

 «Մարդկութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան» օր «Մարդկութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան» օր 

Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին եւս կը միանայ «Մարդկութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան» օրուան։

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, հրաւէր ուղղած է թեմին կղերական դասին, հինգշաբթի 14 մայիսի սուրբ պատարագները եւ աղօթքները Աստուածամօր բարեխօսութեամբ նուիրելու Աստուծոյ, «որպէսզի բարեհաճի մարդկութիւնը ազատել «Քորոնա» համաճարակէն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

11 Մայիս թուակիր նամակով մը՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին օգնական եպիսկոպոս՝ Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան, հրաւէր ուղղած է թեմին եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն ու կղերական դասին, հինգշաբթի 14 մայիսի սուրբ պատարագները եւ աղօթքները, Աստուածամօր բարեխօսութեամբ նուիրելու Աստուծոյ՝ «որպէսզի բարեհաճի մարդկութիւնը ազատել «Քորոնա» համաճարակէն»։

Հրաւէրը ուղղուած է համապատասխանելով 2019-ի փետրուար 4-ին,   Ապու Տապիի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհար Համալսարանի աւագ Իմամին միջեւ ստորագրուած՝ Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթին գործադրութեան ուղղութեամբ ծնունդ առած, տարբեր կրօններու պատկան անդամներէ կազմուած «Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովի» խառն յանձնախումբին, 2 մայիս 2020-ին հրապարակած  պատգամին, որուն մէջ հրաւէր ուղղուած է համայն մարդկութեան, «միացնելու ձայները ու աղերսելու առ Աստուած, որպէսզի  մարդկութիւնը ազատէ համաճարակէն»։

Յաջորդ օրը՝ 3 մայիսին  Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին  հաղորդած էր թէ ինք եւս ընդունած է Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Յանձնաժողովին առաջարկը, ու թէ կը միանայ  14 մայիսին կայանալիք, բոլոր կրօններու հաւատացեալներուն միասնական աղօթքի եւ ծոմապահութեան օրուան, աղաչելով առ Աստուած որպէսզի օգնէ մարդկութիւնը՝ յաղթահարելու համար քորոնավիարուսի այս համաճարակը։

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան նամակին մէջ յիշեցուցած է նաեւ թէ բացի աղօթքէն ու ծոմապահութենէն կարեւոր է նաեւ օրուան ընթացքին բարեգործութիւններ կատարել եւ օգնութեան հասնիլ չքաւորութեան մէջ գտնուող անձերուն ու հիւանդներուն։

«Մարդկութեան համար աղօթքի եւ ծոմապահութեան» օր

 

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի նամակը

Պէյրութ, 11 Մայիս 2020

Գերպծ. Տեարք,
Գերյ. եւ Գերպտ. Վարդապետներ,
Արժնպտ. Քահանաներ,

Ձեզ կ’ողջունեմ ամենայն սիրով:
Փրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 2 Մայիս 2020-ին, կոչ ուղղեց Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն Ժողովին հետ աշխարհիս բոլոր հաւատացեալներուն՝ զանոնք հրաւիրելով իրենց աղօթական ձայնը բարձրացնելու եւ աղերսելու Աստուծմէ, որ բարեհաճի ազատել մարդկութիւնը «Քորոնա» համաճարակէն:
Իր պատգամով, Սրբազան Պապը կը խնդրէ բոլոր հաւատացեալներէն, որ իրեն միանան միօրեայ աղօթքի եւ ծոմապահութեան մէջ, ինչպէս նաեւ բարիք ընեն բոլոր անոնց, որոնք կը գտնուին չքաւորութեան ու հիւանդու-թեան մեջ:
Այս դիտաւորութեան համար՝ Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ Հինգշաբթի, Մայիս 14-ի ձեր Ս. Պատարագներն ու աղօթքները նուիրէք Աստուծոյ՝ բարեխօսութեամբ Աստուածամօր:

Մնանք սիրոյ եւ աղօթքի միութեամբ՝

+ Հ. Գէորգ Եպս. Ասատորեան
Օգնական Եպիսկոպոս
Լիբանանի Հ. Կ. Թեմին

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2020, 07:00