Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Իգնատիոս Արք. Մալոյեան 

Իտալիոյ Արեցցոյի Եպիսկոպոսական Ճեմարանին մէջ եւս մատուցուեցաւ ապրիլ 24-ի ոգեկոչման սուրբ պատարագ։

Պատարագիչ հայրը իր քարոզին մէջ կեդրոնացաւ օրուայ խորհուրդին, յիշեց 105 տարիներ առաջ հայոց դէմ գործադրուած անարդարութիւնը հրաւիրելով աղօթել այդ ոճիրի նահատակներուն համար ու հայցելով Աստուծմէ որ մարդկութիւնը զերծ պահէ այդ տեսակ վայրագ արարքներէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

24 ապրիլ 2020ի երեկոյեան ժամը 19: 30-ին Իտալիոյ Արեցցօ քաղաքի Եպիսկոպոսական Ճեմարանի մեծաւոր Հայր Ռաֆայէլ Մեննիտտի ճեմարանի մատրան մէջ մատոյց սուրբ եւ անմահ պատարագ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի 105-ամեակին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ճեմարանի աշակերտութիւնը, որոնց շարքին էին նաեւ Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան պատկան երեք ժառանգաւորներ, որոնք իրենց փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական բարձրագոյն ուսմունքները կը կատարեն Արեցցոյի մէջ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ եւ անմահ Զոհի ընթացքին ճեմարանի հայ աշակերտները իրենց իւրայատուկ մասնակցութիւնը ունեցան հայկական շարականներով ու աղօթքներով։ Հայերէն լեզուով օրուայ աւետարանի ընթերցումէն ետք, Պատարագիչ հայրը իր քարոզին մէջ կեդրոնացաւ օրուայ խորհուրդին, յիշեց 105 տարիներ առաջ հայոց դէմ գործադրուած անարդարութիւնը հրաւիրելով աղօթել այդ ոճիրի նահատակներուն համար ու հայցելով Աստուծմէ որ մարդկութիւնը զերծ պահէ այդ տեսակ վայրագ արարքներէ։ Ան շեշտեց աստուածային ու երկնային նշանները ճշգրտօրէն կարդալու ժամանակի պայմաններուն ներքոյ եւ խրախուսեց դառնալու Աստուծոյ ընտանիքի անդամ։ Հայ ժառանգաւորները նաեւ երգեցին Տէրունական աղօթքը։

Իսկ Պատարագի աւարտին անոնք աղօթեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ ու նահատակ եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ կողմէ երանելի հռչակուած Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին նուիրուած հոգեւոր տաղը։

Բազմաչարչար նահատակ պանծալի Տէր Իգնատիոս,
Քու վարդագոյն արիւնովդ ոռոգեցիր անապատ.
Վկայ եղար Խաչեալին արիական քու մահով։
Վսեմ պարծանք Հայ ազգին, բարեխօսէ մեզ համար, բարեխօսէ մեզ համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2020, 10:02