«Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը եւ քարոզեցէ՛ք աւետարանը»: «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը եւ քարոզեցէ՛ք աւետարանը»:  

«Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը եւ քարոզեցէ՛ք աւետարանը»: Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Իւրաքանչիւր սերունդ, Աստուծմէ յանձնարարութիւն մը կը ստանայ իր սէրը յաջորդաբար փոխանցելու:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ողջ աշխարհով եւ քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն: Հաւատացողը պիտի մկրտուի, իսկ չհաւատացողը պիտի դատապարտուի»: (Մարկ. 16: 15-16)

Տէր, կը հաւատամ Քեզի, բայց հաւատքս աւելցուր: Ով Յիսուս Դուն որ  Ս. Պօղոսին  երեւցար՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ թող որ մեր ժամանակուայ մարդիկն այս հանդիպման փորձառութիւնն ունենան, զորս սիրտն ու կեանքը կը փոխէ:

Տէր, ինձ առաքեալ մը դարձուր:

«Գնա՛» բայը, մեզ կը հրաւիրէ ձեռբազատուելու, հեռու երթալու: Եւ այս բայը ամբողջ Սուրբ Գիրքին մէջ կը գտնենք: Տէրը Աբրահամին ըսաւ. «Գնա՛ այն երկիրը, որ քեզի ցոյց պիտի տամ» (Ծննդ. 12. 1), Ան երեք անգամ այդ Մովսէսին կը կրկնէ զորս կ'ընդիմանար. «Գնա՛: Քեզ Փառաւօնին մօտ պիտի ղրկեմ» (Ելից 3. 10): Մարգարէին ալ ըսաւ. «Որովհետեւ ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս» (Երեմ. 1.7): Այսօր ալ նոյնը մեզի կ'ըսէ: Մեզմէ կը խնդրէ մեր սրտերը ամբողջ աշխարհին բանալ, ինչպէս Սրբուհի Թերեզան Լիսիոյի, զորս ամբողջ աշխարհը իր աղօթքին մէջ կը յիշէր երբ դեռ ան վանքին մէջն էր: «Գացէ՛ք», «Գնա՛»: Տէ՛ր, ո՞ւր կ'ուզես որ ելլեմ: Որո՞ւն ընդառաջ: Սէր Աստուծոյ, որ մեր սրտերը կը մտնէ, կեդրոնախոյս է, մեզ դուրսերը կը ղրկէ, դէպի մեր շրջապատը, եւ մեր սրտերուն սահմանները կ'ընդլայնէ:

Յիսուս նախքան երկինք համբառնալը, իր առաքեալներուն կը խօսի: Ան իրենց հանդիպեցաւ, կանչեց, միացուց, իր սրտագին սէրը յայտնեց եւ հիմա իրենց աւետարանի քարոզութեան կ'ուղղարկէ: Ապագայ սերունդները, զորս լիներու են, Աստուած զիրենք կը սիրէ շնորհիւ իրենց վկայութեան: Իւրաքանչիւր սերունդ, Աստուծմէ յանձնարարութիւն մը կը ստանայ իր սէրը յաջորդաբար փոխանցելու: Աստուած կրնար անձնապէս մարդկանց ազատել, պարզապէս ամէն մէկուն սրտին խօսելով, առանց այլոց վկայութեամբ: Բայց, մարդու բնութիւնը, որ Աստուծմէ ստեղծուած է, ընկերային է: Ան ուզեց, որ մենք մէկզմիւսին պէտք ունենանք՝ ապրելու եւ ուրախ ըլլալու համար: Աւանդումն ու յարաբերութիւնը, կապակցութիւնը, մեր էութեան մաս կը կազմեմք.Կեանքի աւանդումը, կրթութեան, լեզուին, կարեւորութիւնը ընտանիքի եւ ընկերութեան... Աստուած մեզ յատուկ էակ մը ստեղծեց եւ Ան մեզ իւրաքանչիւրիս անհատապէս կը սիրէ, բայց Ան մեզ բոլորիս Ս. Հաղորդութեան կը կանչէ: Ասոր համար է, որ Ան մեզի կը յայտնուի եւ մեզի կ'ազատէ ոչ որպէս առանձնացածներ (կղզիացածներ), բայց որպէս համայնք մը, ժողովուրդ մը, կապուած՝ մէկզմիւսին, ինչպէս շղթայի մը օղակները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը Աստուծմէ կանչուած է իր գործին գործակցելու, զորս մեր եղբայրներուն սիրտերուն մէջ կ'իրականացնէ եւ մեզմէ միջնորդներ կ'ընէ իր յաւիտենականութեան համար, ինչպէս Անանիան՝ որուն Սուրբ Պօղոսը կ'ուղղարկէ Դամասկոսի ճամբուն զինք երեւնալէն ետք:

Ժամանակակից զգայնութիւնը թերեւս կը նախընտրէր բան մը, ինչպէս՝ «Ով որ իր սրտին կը հետեւի՝ կը փրկուի» կամ «Ով որ իր խղճին կը հետեւի՝ կը փրկուի», բայց Յիսուս կ'ըսէ «Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի»: Մարդը ինքնիրէն չի կրնար կատարելագործել, եւ իր սիրտը շատութիւն կը ցանկայ, յաւիտենականութիւն՝ զորս ան ինքնիրեն չի կրնար տալ: Աստուած մարդու սրտին մէջ անհուն ցանկութիւն մը դրած է, որուն պատճառով մարդու բնութիւնը զրկուած է: Փրկիչը յայտարարելու համար, մենք նախ պէտք է յայտնենք եւ բացատրենք այս ներկայ ցանկութիւնը մեր այս ժամանակակից սրտին մէջ որ կայ: Այս ծարաւը Աստուծոյ, միշտ զգայազրկուած է հազարաւոր փոխ-հատուցումներով, բայց ան աւետարանական փաստ մը դրած է, ան երբեք հին չէ, ներս կը մտնէ հակառակ մարդկային խոր իրականութեան:

Տէր, բառերովս գիտնամ Քեզ յայտարարել, իմ գործերովս, իմ վկայութեամբս: Սէրը, որ իմ սրտիս մէջ դրած ես, իմ շուրջս կը շողայ: Եւ քանի որ իմ տկարութիւնս գիտես, եւ քեզ հետեւելու ցանկութիւնս, եւ իմ շուրջս նշաններ ցոյց տուր, որ ինծի թոյլ կուտայ դէպի Քեզ առաջնորդուիլ:

Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2020, 08:00