Սան Մարչելլօ Ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ խաչելութիւնը։ Սան Մարչելլօ Ալ Քորսօ Եկեղեցւոյ հրաշագործ խաչելութիւնը։ 

«Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցող Մովսէսի աղօթքին պէտք ունինք» Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը։

Տէր Աստուած, Դուն, որ անասելի հրաշքով մը, Դաւիթ Թագաւորին օրով տարածուած մահաբեր ժանտախտին վերջ տուիր, բարեհաճէ' նման հրաշք մը գործել մեզի համար եւս: Մեզ փրկէ', եւ յանուն Քու Որդիիդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն՝ գթա' մեր եւ արար աշխարհի վրայ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տեսնելով, որ Իր ընտրեալ ժողովուրդին զաւակները, զորս նախապէս ազատած էր Եգիպտացիներուն ստրկութենէն, փոխանակ զԻնք պաշտելու, երկրպագութիւն կ'ընէին Ոսկի Հորթին, Աստուած սպառնաց զանոնք բնաջնջել:

Այս առնչութեամբ, Սուրբ Գիրքին մէջ հետեւեալը կը կարդանք.

«Տէրը Մովսէսի ըսաւ. Գնա', իջի'ր, որովհետեւ ապականեցաւ քու ժողովուրդդ, որ Եգիպտոսի երկրէն առաջնորդեցիր. անոնք շուտով շեղեցան այն ճամբայէն, որ իրենց պատուիրեցի: Իրենց ձուլածոյ հորթ շինեցին եւ անոր երկրպագեցին. Անոր զոհեցին ու ըսին. Ո'վ Իսրայէլ, ասո'նք են քու աստուածներդ, որ քեզ Եգիպտոսի երկրէն առաջնորդեցին»:

Եւ Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Ես այս ժողովուրդը տեսայ. եւ ահա' ան խստապարանոց ժողովուրդ մըն է. ուստի, հիմա ձգէ' զիս, որ իմ բարկութիւնս անոնց դէմ բորբոքի եւ սպառեմ զանոնք, ու քեզ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ»:

Բայց, Մովսէս Տիրոջ՝ իր Աստուծոյն պաղատեցաւ՝ ըսելով. Ո'վ Տէր, ինչո՞ւ քու բարկութիւնդ բորբոքի քու ժողովուրդիդ դէմ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ կարողութեամբ եւ ուժեղ ձեռքով: Ինչո՞ւ Եգիպտացիները խօսին ու ըսեն. Չարիքի համար հանեց զանոնք, որպէսզի լեռներուն մէջ մեռցնէ եւ զանոնք երկրագունդի մակերեսէն սպառէ: Կասեցո'ւր քու բորբոքած բարկութիւնդ ու հրաժարէ' այս չարիքը ժողովուրդիդ բերելէ: Յիշէ' քու ծառաներդ՝ Աբրահամը, Իսահակը եւ Իսրայէլը, որոնց քու անձո'վդ երդում ըրիր, ու ըսիր անոնց. Ձեր զարմը երկինքի աստղերուն պէս պիտի բազմացնեմ, եւ այս ամբողջ երկիրը, որուն մասին խօսեցայ, ձեր զարմին պիտի տամ ու զայն պիտի ժառանգեն յաւիտենապէս» եւ Տէրը հրաժարեցաւ այն չարիքէն, որուն համար ըսեր է, թէ իր ժողովուրդին պիտի ընէ» (Ելից 32, 7-14):

106-րդ սաղմոսը վերոյիշեալ դէպքը կ'ամփոփէ.

«Քորբ լերան ստորոտին, հորթի արձան շինեցին,

Եւ ձուլածոյ այդ կուռքին երկրպագութիւն ըրին:

Իրենց փառքը եղող Աստուածը

Խոտակեր եզի մը պատկերով փոխարինեցին:

Մոռցան զԱստուած, իրենց փրկիչը,

Որ մեծամեծ գործեր ըրաւ Եգիպտոսի մէջ,

Սքանչելի հրաշքներ կատարեց Քամի երկրի մէջ,

Ահաւոր բաներ ըրաւ Կարմիր ծովու ափին:

Ուստի, Տէրը ըսաւ, թէ զանոնք պիտի բնաջնջէ.

Եւ իրապէս իր զայրոյթին մէջ սպաննած կ'ըլլար զանոնք,

Եթէ Մովսէս, իր ընտրեալը, չմիջնորդէր անոնց համար»:

«Քորոնա» ժահրի պատճառած ներկայ տագնապին լոյսի ներքեւ, սոյն դէպքը, մեզ կը մղէ Մովսիսաշունչ աղօթք մը բարձրացնելու առ Աստուած :

Նախ ըսեմ, որ կարդացուած հատուածէն չեմ եզրակացներ, թէ Աստուած ուղղակիօրէն մեզ կը պատժէ, այլ՝ պատահածը կը թոյլատրէ:

Հին Կտակարանէն գիտենք, թէ ինչպէս հրեայ ժողովուրդը, աղէտներուն ժամանակ միայն սովոր էր զղջալ, ապաշխարել եւ Աստուծոյ դառնալ: Ուստի, այսօրուան մեր կրած նեղութիւններուն ընթացքին, Սուրբ Գիրքերուն վրայ հիմնուելով՝ Աստուծոյ բարեգթութիւնը հայցենք.

Տէր Աստուած, համաշխարհային սուր տագնապի մը մէջ կ'ապրինք:

Պէտք էր գուշակէինք, որ նման փորձանք մը մեր գլուխը պիտի գար, քանի որ չափազանցօրէն բազմացած են մեր գործած անառակութիւնները: Արդարեւ, անհատապէս թէ հաւաքաբար, Քեզ մոռցած ենք, անշնորհակալ եղած ենք եւ ամէն տեսակ՝ չարութիւն ըրած: Եղած ենք ժլատ, մսխող, ամբարիշտ, անողջախոհ ու պատուիրանազանց: Այ'ո, Տէր, մեղանչած ենք ու յամառօրէն անապաշխար դարձած՝ :

Առ այդ, մենք, անարժանաբար, Մովսէսի նման խոնարհաբար կը հայցենք Քու բարեգթութիւնդ, մեր եւ համայն մարդկութեան վրայ, ո'վ Տէր: Քեզի կը պաղատինք. բարեհաճէ' մեզ փրկել այս մահասփիւռ հիւանդութենէն եւ անոր կործանարար հետեւանքներէն:

Տէր Աստուած, Դուն, որ անասելի հրաշքով մը, Դաւիթ Թագաւորին օրով տարածուած մահաբեր ժանտախտին վերջ տուիր, բարեհաճէ' նման հրաշք մը գործել մեզի համար եւս: Մեզ փրկէ', եւ յանուն Քու Որդիիդ՝ Յիսուսի Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն՝ գթա' մեր եւ արար աշխարհի վրայ:

«Ցոյց մեզ, Տէր, զողորմութիւնս քո. եւ զփրկութիւնս քո տուր մեզ:

Տէ'ր, ողորմութիւն քո յաւիտեան. զգործս ձեռաց քոց մի՛ անտես առներ:

Տէր իմ, զՔեզ ապաւէն ինձ արարի.

Ուսո' ինձ առնել զկամս Քո, զի Դու ես Աստուած իմ»: (Փառք ի բարձունս Աստուծոյ - Ժամագիրք)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2020, 11:41