Յիսուսին Մկրտութիւնը Յիսուսին Մկրտութիւնը 

Կիրակի 26 Ապրիլ 2020 Աշխարհամատրան Կիրակի (Յովհաննէս Բ 23 – Գ 12)

Մկրտութիւնը անհրաժեշտ է Արքայութիւն մտնելու համար
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Նիկոդեմոս փարիսեցի մըն էր, անոնցմէ որոնք կը հալածէին Յիսուսը եւ կ՛ուզէին զինք բռնել որեւէ յանցանքի մը մէջ, որպէսզի կարենային դատել իրենց օրէնքներուն համաձայն եւ դատապարտել. Այս մարդիկը օրէնքի մասնագէտներ էին եւ կը մեկնաբանէին զայն, ուղղութիւններ տալով հրէայ հաւատացեալներուն։ Յիսուս սակայն կը տեսնէր անոնց մէջ թաքնուած խորին կեղծաւորութիւն մը, որ աւելի չարիք կը հասցնէր ժողովուրդին, քան թէ բարիք. Անոնք կը նախընտրէին զոր օրինակ վիրաւոր անձի մը քովէն անցնելով ձգել որ մեռնի, քան թէ անոր օգնութեան փութալով` իրենց ձեռքերը պղծել անոր արիւնով։

Սակայն իրենց մէջ կային նաեւ բարի եւ ուղղամիտ անձեր. Գործնականին մէջ` շատեր պիտի ընդունէին Քրիստոսի հաւատքը իր յարութենէն ետք։ Այս անձերէն մին էր Նիկոդեմոս, որ Ատեանին մէջ` պարզապէս համարձակած էր ըսելու, ձեւով մը պաշտպան կենալով Յիսուսի. Արդեօք մեր Օրէնքը կը դատապարտէ՞ մէկը առանց կանխապէս զինք լսած ըլլալու։ Ահա այս ողջամիտ մտածումն է որ զինք մօտեցուց Քրիստոսի. Չհամարձակեցաւ գալ օր ցերեկով, վախնալով իր ընկերակիցներու ընելիք դիտողութիւններէն, այլ գաղտագողի կերպով, գիշերով եկաւ Յիսուսի մօտ, խնդրելու իրմէ որ լուսաւորէ զինք եւ յայտնէ թէ ինչ է իր բերած պատգամը։

Յիսուս սակայն մէկ խօսք միայն ըսաւ իրեն. Երկինք մտնելու համար հարկ է վերստին ծնիլ. Այս նոր ծնունդը անշուշտ չի կրնար մարմնաւոր ըլլալ. Ոչ ոք կրնայ նորէն մօրը որովայնը մտնել ու ծնանիլ. Ան պարզապէս հոգեկան է. Կը վերածնինք մկրտութեամբ, ջուրի եւ հոգիի միջոցաւ։

Քրիստոնեայ դառնալու համար` հարկ է ուրեմն մկրտուիլ. Եկեղեցին դարերէ ի վեր կը կիրարկէ այս մեծ խորհուրդը, առաջին խորհուրդը որով անձ մը մուտք կը գործէ Յիսուսի Քրիստոսի ընկերութեան մէջ, որ է Եկեղեցին։ Ժամանակին` հարկ էր չափահաս ըլլալ, դատիարակուիլ հաւատքի մէջ եւ ընդունիլ յայտնուած բոլոր ճշմարտութիւնները, մկրտուելու համար. Հետզհետէ աշխարհի բոլոր տեղական եկեղեցիները արտօնեցին մկրտութիւնը նորածին մանուկներու, որպէսզի աւելի շուտ կերպով քրիստոնեայ դառնալով` անոնք ապահովութիւնն ունենային երկնքի արքայութեան մէջ մտնելու, նոյնիսկ եթէ չհասնէին չափահաս տարիքի։

Այս բարի սովորութիւնը սակայն սկսաւ տակաւ առ տակաւ կորսուիլ մանաւանդ Արեւմուտքի մէջ, ուր վկայ ենք նոր երեւոյթի մը, որով քրիստոնեայ ծնողքներ մկրտել չեն տար իրենց որդիները, առարկելով թէ անոնք նախ թող չափահաս ըլլան եւ ապա ընտրեն թէ կ՛ուզե՞ն մկրտուիլ թէ ոչ։ Ստոյգ է որ այս երեւոյթը յառաջ կու գայ գլխաւորաբար հաւատքի պակասէն. Դժբախտաբար մեր ընտանիքներու մէջ սկսած է պակսիլ հաւատքը, որովհետեւ պակսած է ընտանիքի մէջ աղօթքը. Կարգ մը հայ եւ քրիստոնեայ ընտանիքներու մէջ` նոյնիսկ ճաշէն առաջ աղօթք չեն ըներ։ Աղօթքի փոխարէն մտած է հեռուստատեսիլը, ականջալուր երգերու սկաւառակը, Էնթերնեթը եւ զանազան ուրիշ նորոյթներ որոնք կը ծառայեն աւելի հոգին պարպելու եւ մարմինն ու անոր ցանկութիւնները արթնցնելու։ Անոնք գէշ բաներ չեն, սակայն պէտք է նաեւ տեղ ձգել հոգեւորին, որովհետեւ եթէ պարպուինք հոգիէն` կ՛ոչնչանանք որպէս մարդ։

Սիրելի հաւատացեալ, գիտնանք ըլլալ աշխարհի մէջ, ապրիլ ու վայելել անոր ընծայած բարիքները, սակայն մեր հոգիները չյանձնենք բոլորովին աշխարհին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/04/2020, 07:05