Ինչու՞ կը փնտռէք ողջը մեռեալներուն մէջ (Մարկոս 16,2-8) Ինչու՞ կը փնտռէք ողջը մեռեալներուն մէջ (Մարկոս 16,2-8) 

Կիրակի 12 Ապրիլ 2020 - ՏՕՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Ուստի եկէք փնտռենք Յիսուսը հոն ուր որ է իսկապէս. Փնտռենք զինք մեր ընկերոջ անձին մէջ, որով եթէ բարիք ընենք մէկու մը, Յիսուսին ըրած կ՛ըլլանք. Փնտռենք զինք Եկեղեցւոյ մէջ, որով ան հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որպէսզի մեր մէջ բնակի. Փնտռենք զինք իր սուրբ Տաճարին մէջ, հաւատացեալներու միջեւ, որով ինք ըսաւ` եթէ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես պիտի ըլլամ անոնց միջեւ։ Ի վերջոյ փնտռենք նաեւ զինք մեր սենեակի առանձնութեան մէջ, հեռու ամէն աղմուկէ եւ ժխորէ, որպէսզի կարենանք լսել իր ձայնը յստակ կերպով` մեր սրտերուն մէջ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այս խօսքերով է որ հրեշտակները կը յանդիմանեն կիները որոնք եկած էին թաղուած Քրիստոսի մարմինը զմռսելու, անոր թաղումէն երեք օր վերջ։ Մեռած մարդու մը հանդէպ վերջին իրենց յարգանքի տուրքը կ՛ուզեն մատուցանել, որով շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքին համեմատ` անոնք նախապէս չէին կարողացած այդ կարեւոր պարատականութիւնն իրագործել։

Անոնք նախ կը զարմանան, գերեզմանը բաց գտնելով եւ ապա` ապշահար կը մնան ու չեն հասկնար այդ երկու ճերմակազգեստ անձերուն խօսքը. Անոնք արդեօ՞ք մարդիկ են թէ երկնային արարածներ. Իսկ ի՞նչ կ՛ուզեն հասկցնել իրենց այդ խօսքերով, իրենք ականատես եղան Յիսուսի մահուան եւ գիտեն թէ այդ գերեզմանի մէջ դրուած անձը իր վերջին շունչն առաւ երեք օր առաջ` խաչին վրայ։

Սակայն երբ հրեշտակները կը յիշեցնեն իրենց Յիսուսի խօսքերը, երբ տակաւին իրենց հետ էր, անոնք կը սթափին. Ճիշդ է, Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, ան նաեւ ստեղծողն է բոլոր արարածներուն. Կեանքի պարգեւատուն չի կրնար մեռնիլ։ Այսօր մենք եւս յաճախ, այս կիներուն նման, կը փնտռենք Յիսուսը հոն ուր որ չէ. Նիւթական գործերու մէջ թաղուած, նկատի չենք ուզեր առնել թէ մեր այս կեանքը խափուսիկ է, ամէն ինչ վերջ պիտի ունենայ, սակայն մեզի կը սպասէ նոր կեանք մը որուն միայն հաւատքով կրնանք մօտենալ։

Փակենք րոպէ մը մեր աչքերը եւ գոցենք մեր ականջները աշխարհի բոլոր ձայներուն, խնդրելով որ Տէրը լսելի ընէ մեզի Իւղաբեր կիներուն երեւցած ճերմակ հագուստով մարդոց ձայնը. Ան մեզ կը յիշեցնէ, մասնաւորապէս այս ճգնաժամային օրերուն, երբ կ'ապրինք սարսափով թէ մեր կարգը երբ պիտի գայ վարակուելու համատարած սոսկալի այս ժահռէն, քորոնավիրուսէն, կայ եւ գոյութիւն ունի կեանք մը, որուն մենք քրիստոնեաներս կը ձգտինք, կեանք մը յաւիտենական որուն սահմանուած է ամէն անձ, պայմանաւ որ հաւատայ թէ Քրիստոս մեր Տէրը յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ թէ ինք, որ անդրանիկն է յարուցեալ մարդկութեան, մեզ կ՛առաջնորդէ այս աշխարհի խոչընդոտներուն մէջէն դէպի յաւիտենական երջանկութիւն։

Ի՞նչն է որ մարդուս կու տայ յոյս այս կեանքին մէջ. Արդեօ՞ք դրամատան մէջ իր զետեղած գումարները, իբրեւ հեռատես ապագայի մը ապահովութիւն. իր բժշկական ապահովա-գըրութիւ՞նը, որով կը կարծէ առաջքն առած ըլլալ ամէն անակնկալի. իր ընտանիքի սէ՞րը, որով կը զգայ թէ ինք լքուած չէ այս աշխարհի վրայ։ Իսկական ապահովութիւնը մեր կեանքին չի կայանար այս բոլորին մէջ. եթէ բաւարարուինք անոնցմով, կ՛ըլլանք անհեռատես եւ անպատրաստ դիմագրաւելու կեանքի այլեւայլ փորձանքները, եւ անոնց մեծագոյնը` որ է մահը, անցքը դէպի անդենական աշխարհ :

Եթէ մինչեւ հիմա տակաւին չենք սթափած մեր թմրութենէն եւ չենք թօթափած մեր վրայէն այն ամէն ինչ որ նիւթական է եւ կապուած աշխարհի, կը նշանակէ թէ տակաւին կը փնտռենք Յիսուսը մեռեալներուն մէջ. Աշխարհը` իր բոլոր հրապոյրներով հանդերձ, ուրիշ բանի չի տանիր եթէ ոչ գոց գերեզմաններու, որոնք յուսալքում միայն կրնան յառաջացնել նոյնիսկ ամէնէն իմաստուն մարդոց, եւ ուր` աւելորդ է փնտռել որեւէ կեանքի նշոյլ։

Ուստի եկէք փնտռենք Յիսուսը հոն ուր որ է իսկապէս. Փնտռենք զինք մեր ընկերոջ անձին մէջ, որով եթէ բարիք ընենք մէկու մը, Յիսուսին ըրած կ՛ըլլանք. Փնտռենք զինք Եկեղեցւոյ մէջ, որով ան հաստատեց Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որպէսզի մեր մէջ բնակի. Փնտռենք զինք իր սուրբ Տաճարին մէջ, հաւատացեալներու միջեւ, որով ինք ըսաւ` եթէ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուին իմ անունովս, ես պիտի ըլլամ անոնց միջեւ։ Ի վերջոյ փնտռենք նաեւ զինք մեր սենեակի առանձնութեան մէջ, հեռու ամէն աղմուկէ եւ ժխորէ, որպէսզի կարենանք լսել իր ձայնը յստակ կերպով` մեր սրտերուն մէջ։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց ­ ան իր մահով` յաղթահարեց մահուան եւ իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց ­ Օրնեալ ըլլայ Քրիստոսի Յարութիւնը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2020, 08:20