Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս Արամ Ա Կաթողիկոս 

«Ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ աշխարհի, եկո՛ւր եւ մո՛ւտք գործէ հայ կեանքի Երուսաղէմը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ո՜վ Քրիստոս, Որդի՛ Աստուծոյ, եկո՛ւր եւ Քու հզօր ներկայութեամբ հեռացո՛ւր մեր կեանքէն ամէն տեսակ չար ու չարիք, երեւելի եւ աներեւոյթ, որպէսզի Քեզմով զօրացած կարենանք յաղթահարել աշխարհի ամէն տեսակ փորձութիւնները եւ փորձանքները:

Կիրակի, 5 ապրիլ 2020-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Ս. եւ անմահ պատարագ, որուն հաւատացեալները կրցան հետեւիլ կաթողիկոսարանի ընկերային լրատուամիջոցներու ցանցին ճամբով: Պատարագը մատուցեց մայր տաճարի լուսարարապետ Մակար եպս. Աշգարեան:

Աւարտին, վեհափառ հայրապետը` ձիթենիի ճիւղը ձեռքին, հայրապետական թափօրով ուղղուեցաւ շրջափակ, որ այս տարի բացառապէս զուրկ  էր մանուկներու քաղցր ներկայութենէն, ու խուլ լռութիւն մը կը տիրէր` «Քորոնա» ժահրին պատճառով. փոխան աւանդութիւն դարձած վեհարանին պատշգամէն յղելու իր խօսքը, վեհափառ հայրապետը, եկեղեցւոյ դրան դիմաց կանգնած ու միաբան հայրերով շրջապատուած, «Սիլիսիա Թի. Վի.»-ի ճամբով հայ հաւատացեալներուն ուղղեց Ծաղկազարդի տօնին իր պատգամը:

Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական եւ հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելէ ետք հաւատացեալները` վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ քրիստոնէական աշխարհը կը նշէ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ, որպէսզի Ան գողգոթայի եւ յարութեան  ճամբով յաղթէր չարին, մեղքին եւ մահուան, ու կեանք, յարութիւն եւ յաւիտենական արքայութիւն պարգեւէր մեզի: Իսկ այսօր, պայմաններու պարտադրանքով, քրիստոնեայ աշխարհը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները, իրենց տուները եկեղեցւոյ վերածած կը դիմաւորեն Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ, ըսաւ ան, աւելցնելով, որ «Ծաղկազարդին, Անթիլիասի մայրավանքին հսկայ բակը միշտ կը լեցուէր մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու մեր մանուկներուն ձայնով ու ցնծութեամբ: Հաւատքի մղումով է, որ մեր ժողովուրդը միշտ ընդունած է Ծաղկազարդը: Վստահ եմ, որ նոյն հաւատքով մեր ժողովուրդը, ի սփիւռս աշխարհի, կը դիմաւորէ Աստուծոյ Որդւոյն մուտքը Երուսաղէմ»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած` խնդրելով, որ շուտով կեանքը վերադառնայ իր բնականոն վիճակին եւ եկեղեցիներն ու դպրոցները բանան իրենց դռները. «Սա պահուն, մեր զաւակներուն ու յատկապէս մեր մանուկներուն սրտերէն բխող աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով, իմ աղօթքս կը վերառաքեմ առ Քրիստոս ըսելով` ո՜վ Քրիստոս, Փրկիչ աշխարհի, եկո՛ւր եւ մո՛ւտք գործէ մեր կեանքի Երուսաղէմը, մտի՛ր իւրաքանչիւր հայու եւ հայ ընտանիքի կեանքին մէջ, որովհետեւ առանց քու ներկայութեան աղքատ, տխուր եւ անորոշ է մեր կեանքը: Ո՜վ Քրիստոս, Քու օրհնութեամբ եկուր ծաղկազարդէ մեր կեանքը երկնային ցնծութեամբ: Ո՜վ Քրիստոս, Որդի՛ Աստուծոյ, եկո՛ւր եւ Քու հզօր ներկայութեամբ հեռացո՛ւր մեր կեանքէն ամէն տեսակ չար ու չարիք, երեւելի եւ աներեւոյթ, որպէսզի Քեզմով զօրացած կարենանք յաղթահարել աշխարհի ամէն տեսակ փորձութիւնները եւ փորձանքները»:

Նշենք, որ նոյն օրը երեկոյեան, տեղի ունեցաւ դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն պատգամը ուղղեց կաթողիկոսարանի մատենադարանապետ Շահան արք. Սարգիսեան:


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2020, 07:53