Ապրիլեան նահատակներու յուշակոթող Ապրիլեան նահատակներու յուշակոթող 

«Ապրիլ 24-ի խորհուրդը՝ յիշել, յիշեցնել եւ մասնակցիլ:» Հայր Գէորգ Եպիս.Ասատուրեան։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհդրածութիւնը՝ նուիրուած ապրիլեան նահատակներուն։

            Վասնզի չկայ աւելի վեհ եւ վսեմ սէր եւ կապուածութիւն քան այն որ մարդս կը տածէ հանդէպ ազգին եւ հաւատքին: 

            Հայոց ցեղասպանութեան առաջին տասնամեակներէ, ամէն տարի ամէնուրէք, ըլլա'յ հայրենիքի, ըլլա'յ սփիւռքի զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ եւ հայ եկեղեգցւոյ  գլխաւորութեամբ պատչաճ հանդիսութեամբ կը նշուի հայ ժողովուրդի պատմութեան այդ ամենամռայլ եւ ողբերգական էջը: 

          [ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]

  Այո', անոնք չմեռան, այլ՝ նահատակուեցան : Անոնց թափած անմեղ արեան  շնորհիւ է, որ վերընձիւղեցաւ մեր ազգը եւ իր արժանապատիւ տեղը գրաւեց միջազգային հանրութեան մէջ: Ահա թէ ինչու յետ այսու  անոնց հոգիներուն համար՝ միայն հոգեհանգստեան արարողութիւն չէ' որ պէտք է մատուցենք, այլ՝ մեր աղօթքը բարձրացնենք առ Աստուած հայցելով մէկ ու կէս միլիոն սուրբերու բարեխօսութեանը:

         Ես կը կարծեմ եկած է պահը որ պատմաբաններ, իրաւագէտներ, տնտեսագէտներ, քաղաքաքէտներ, համախմբուելով միմիանց հետ եւ քննարկելով հարցը, իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան հաշուարկները կատարելով որոշէն հատոյցի գինը: Որովհետեւ մեծ տէրութիւնները մէկը միւսի ետեւէն սկսած են ճանչնալ ու վաւերացնել ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Թուրքիան եւս վաղ թէ ուշ պիտի ընդունի զայն ու հատուցէ: Ուստի գիտական ու պետական մակարդակով մենք եւս պէտք է պատրաստ ըլլանք ներկայացնելու մեզի պատկան բոլոր իրաւունքներուն հաշիւը: 

          Հայորդիներ, 24 Ապրիլ մեզի համար սոսկ սուգի ու ողբի ամիս չէ այլեւս, այ'լ ապրելու եւ գոյատեւելու, յաւերժութեան եւ յոյսի խորհրդանիշ է, որովհետեւ ոսոխը չկրցաւ իրագործել իր դժոխային ծրագիրը եւ չկրցաւ աշխարհի երեսէն բնաջնջել մեր ցեղն ու հայրենիքը:

         Բայց եւ այնպէս այսօր ուծացման վտանգը կը սպառնայ մեր ազգին: Ուստի յանուն վաղուան պայծառ գալիքին ու մեր նահատակներու կողմէ մեզի կտակուած աւանդին, պարտաւոր ենք հնարաւոր ու անհնարին բոլոր միջոցներով անաղարտ պահելու Աստուածատուր մեր լեզուն եւ կրօնը, որ որպէս շնորհք փոխանցուած է մեզի եւ որ մեր գոյութեան գրաւականն է: 

          Համաշխարհայնացման այս օրերուն, երբ ամէն բան նիւթականացած է մարդու աշխարհաընկալումը՝ խաթարուած, անհրաժեշտ է քրիստոնեայ-հայուն տալ ճիշդ հայեցի ու քրիստոնէական ճիշդութիւն, որպէսզի ան չկորչի կեանքի այս խելահեղ յորձանուտին մէջ:

         Ապրիլ 24-ին՝ հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է ինքնաքննութեան, ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան գործընթացը կատարելու : 

         Ապրիլ 24-ի խորհուրդը խտացուած է 3 բառերու մէջ՝ յիշել, յիշեցնել եւ մասնակցիլ: 

Ա. Յիշել- այսօր ամբոշջ օրը յիշեցինք ու պիտի շարունակենք ազգովին յիշել մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները: Այսօր հայրենիքին մէջ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն մեր հայրենակիցներուն հոսքը ուղղուած է դէպի ծիծեռնակաբերդ՝ իսկ մենք սփիւռքահայերս ոգեկոչելու համար բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը՝ կազմակերպած ենք քայլարշաւներ դէպի մեր յուշակոթողները:

         Ժողովուրդ մը կ'ապրի իր հաւաքական՝ ազգային յիշողութեամբը: Վա՛յ այն ժողովուրդին որ օր մը կը կորսնցնէ իր հաւաքական յիշողութիւնը: Կարելի չէ եղելութիւնները ամբողջականօրէն թուղթին յանձնել, սակայն անոնք ժողովուրդներու պատմական յիշողութեանը մէջ կը մնան թարմ կենդանի, կը փոխանցուին  սերունդէ-սերունդ բանաւոր ձեւով, կ'ապրին ու կ'ապրեցնեն ժամանակի ու տարածութեան մէջ: Այդ հաւաքական յիշողութեան մէջ մեր նահատակները ունին իրենց ուրոյն եւ արժանավայել տեղը. վա՛յ այն ազգին որ կը մոռնայ իր նահատակները: 

         Բ. Յիշեցնել- մեր նահատակներուն կտակն է որ մենք հաւատարիմ մնանք իրենց թափած անմեղ արեանը: Անոնք կ'ըսեն.«Մի'շտ յիշեցէք մեզ ու յիշեցուցէք այլոց այն անարդարութիւնը, զոր մեր ժողովուրդը կրեց, որը տակաւին կը շարունակուի մնալ անլոյծ եւ առանց հատոյցի»: Պէտք է յիշեցնել այլոց որ հայ ժողովուրդի կրած հողային, ֆիզիքական, հոգեմտաւոր կոտորածը ցարդ կը մնայ անհատոյց: 

         Գ. Մասնակցիլ- իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մասնակցիլ մեր ժողովուրդի համազգային պայքարին: Մեր ազգի գոյութեան գրաւականը կապուած է մեր պայքարի գոյութենէն: Հետեւաբար այսօր իւրաքանչիւր հայ, իր հնարաւորութիւններու ներած չափով պէտք է մասնակից դառնայ մեր ժողովուրդի հաւաքական ու համազգային պայքարին: Մեզմէ ամէն մէկը պարտաւոր է մասնակից դառնալ ազատ ու անկախ Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացման նուիրական գործին: Մասնակից Արցախեան գոյապայքարին, որպէսզի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը հասնի իր վերջնական ու ամբողջական յաղթանակին: Եւ վերջապէս մասնակցի սփիւռքի հայութեան հզօրացման ու կազմակերպման համահայկական աշխատանքին:

         Եկէ'ք անսանք մեր բիւրաւոր նահատակներու կոչին որոնք կ'ըսեն մեզի «Միացէ'ք, ժողովուրդ   հայոց, եղէ'ք բռունցքի նման զօրեղ», որովհետեւ երբ մեր ժողովուրդը որպէս մէկ ամբողջութիւնը մտածէ, գործէ ու պայքարի՝ անպայմանօրէն կը յաղթանակէ ու կը յաւերժանայ, ինչպէս մարգարէացած էր Սթալինեան զոհերէն Եղիշէ Զարենց ըսելով. «Ո'վ հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է»:

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

           Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2020, 08:52