Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան 

«Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի»։ Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի Զատկական պատգամը։

Այսօր, երբ «Պսակաձեւ» ժահրի համաճարակը մուտք գործած է մեր առօրեային մէջ ու խանգարած՝ մարդկային բոլոր հաշիւները, մեր կեանքի պաստառին վրայ դարձեալ կը ստուերանկարուի Քրիստոսի յորդորը. «Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի» (Յովհ. 16, 33):

Սիրելի եղբայր եւ քոյր,

«Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի»

Ս. Յարութեան Խորհուրդն է ներփակուած այս խօսքերուն մէջ, որ հակառակ Երուսաղէմի քահանայապետներուն եւ փարիսեցիներուն կիրառած զգուշութիւննե-րուն, կու գայ տապալելու հաստահեղոյս գերեզմանաքարը ու հրեշտակին ձայնով գոչելու մարդկութեան՝ «Ինչո՞ւ մեռեալներուն մէջ կը փնտռէք կենդանին. հոս չէ', յարութիւն առաւ» (Ղուկ. 24, 5-6):

Ի հեճուկս Քրիստոսի Յարութեան անուրանալի իրողութեան, ժամանակներու քահանայապետներն ու փարիսեցիները, ու տակաւին թերահաւատ Թոմասները, տարապայմանօրէն մեքենականացած կեանքի այս ստերջացեալ դարուն, կը շարունակեն իրենց ընդդիմութիւնը եւ փաստեր կը պահանջեն. «Մինչեւ որ չտեսնեմ Անոր ձեռքերուն մէջ գամերու նշանը, եւ մատներս չմտցնեմ Անոր կողին մէջ՝ չեմ հաւատար» (Յովհ. 20, 25):

Այսօր, երբ «Պսակաձեւ» ժահրի համաճարակը մուտք գործած է մեր առօրեային մէջ ու խանգարած՝ մարդկային բոլոր հաշիւները, մեր կեանքի պաստառին վրայ դարձեալ կը ստուերանկարուի Քրիստոսի յորդորը. «Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի» (Յովհ. 16, 33): 

Յորդոր, որ կը դառնայ իրականութիւն եւ աւետիսը Յարուցեալ Քրիստոսի, որուն առջեւ եւ ի սփիւռս աշխարհի՝ Չինաստան, Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Հայաստան... կը պայծառակերպուին ընկճուած հոգիները ծարաւի Ճշմարտութեան, յաւերժականին եւ՝ Աստուծոյ:

«Պսակաձեւ» ժահրի օրերն են անորոշութեան ու երկմտանքի. հարկ է զգաստանալ մեր թմբիրէն եւ Յարուցեալ Քրիստոսի պատկերը տեսնել ամէնուրեք...

  • Հիւանդանոցներու բուժաշխատողներուն եւ անոնց անմնացորդ նուիրումին մէջ, որոնք մոռնալով ընտանիք, զաւակներ, քուն ու հանգիստ, գիշեր ցերեկ կը փութան վերոյիշեալ ժահրի վարակակիրները խնամել ու սփոփել, նաեւ, անոնց վարանքը հոգեկան.
  • Առոյգ երիտասարդներուն մէջ, տղայ թէ աղջիկ, որոնք տարեցներուն դռները կը բախեն՝ ապահովելով անոնց անհրաժեշտ կարիքները, եւ իրենց կենսուրախ տրամադրութեամբ՝ կ'ամոքեն ցաւը միայնութեան մէջ ապրողներուն.
  • Բնալուծարաններուն մէջ, ուր գիտաշխատողները երկար ժամեր մանրադիտակներու ընդմէջէն, կը տքնին պահ մը առաջ անհրաժեշտ պատուաստանիւթը գտնել.
  • Մայրերուն ու հայրերուն մէջ, որոնք այսօր կրկին կը համախմբեն զաւակները ու ծնողական թեւերուն տակ առնելով՝ վերստին կը սեղմեն իրենց սրտին. 
  • Ձեռնարկատէրերուն մէջ, որոնք կը շարունակեն ապահովել պաշտօնեաներուն արդար վարձքը՝ անխտիր՝ ի հեճուկս համատարած անգործութեան. 
  • Ի վերջոյ, նուիրեալ հոգիներուն ու քահանաներուն մէջ, որոնք իրենց ձեռնադրութեան օրուան խանդն ու կորովը կրկնապատկելով, կը նկրտին հաւատացեալներուն ո'չ միայն նիւթական սնունդը հոգալ, այլեւ՝ Աստուծոյ ծարաւը յագեցնել...

Սիրելի հաւատացեալ, քոյր եւ եղբայր, ա'յս է անստուեր պատգամը Ս. Զատկի. ըլլալ յարուցեալ՝ Յարութեամբը Քրիստոսի, նոյնիսկ տնարգելութեան այս անխուսա-փելի օրերուն, երբ «Պսակաձեւ» ժահրի աշխարհաճարակն ու անոր հարկադրած մեկուսացումը՝ հետզհետէ դառնայ հեղձուցիչ. ու վերյիշել Ժորժ Պերնանոսի սոյն խօսքը. «Երբոր քալենք մինչեւ ծայրը գիշերուան, նոր այգերու միշտ կը հանդիպինք»:

Տոգորուինք, ուրեմն, աւելի քան երբեք Յարուցեալ Քրիստոսի յաղթանակով, քալելու անյոգնաբեկ մինչեւ ծայրը կեանքի գիշերներուն.

«Քաջալերուեցէ'ք, ես յաղթեցի աշխարհի»:

 

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

 Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2020, 18:57