Messaggio-Pasqua-2020-Patriarca-Krikor-Bedros-XX.jpg

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին Սուրբ Զատկուան հայրապետական պատգամը։

«ՎԵՐՑՈՒՑԱԾ ԵՆ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԻՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆԷՆ ԵՒ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ ՈՒՐ ԴՐԱԾ ԵՆ ԶԱՅՆ»

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Սիրոյ յուսաբեկ աղաղակն է այս՝ որ կը ժայթքէ կնոջ մը կսկծալի կուրծքէն, երբ առաւօտ կանուխ կը փութայ գերեզման, իր պաշտելի Տիրոջ մարմնին այցելելու եւ զայն օծելու համար։ Օր մը առաջ, ան վկայ եղած էր անոր հոգեվարքին եւ լսած անոր շրթունքէն ելած վերջին պաշտելի խօսքերը։

Աւետարանէն աւանդուած ամէնէն յուզիչ ու տպաւորիչ դիպուածներէն մին է այս, որ դուռը կը բանայ մեր ամէնէն աւելի յիշատակելի դէպքին, Սուրբ Զատկին, զոր կը յիշատակենք այսօր։ Քրիստոսի Յարութեան վերաբերեալ առաջին աւետիսն է այս, որ կը հնչէ՝ Մագտաղենացի կոչուած մեղաւոր կնոջ մը շրթունքէն ելլելով։ Ի տես թափուր գերեզմանին, անձկութեամբ կը գոչէ ան թէ ո՞ւր է իր պաշտելի Վարդապետին մարմինը։

Նոյն հարցումը այսօր եւս կ’ուղղուի շատերուն կողմէ, ոմանք՝ տարակոյսէ տարուած, ուրիշներ՝ ընդհակառակը, արդար փափաքէ՝ իրենց հաւատքը աւելի լուսաբանելու եւ աւելի ամուր հիմքերու վրայ հաստատելու համար։

Արդարեւ, քրիստոնեային համար չկայ աւելի հիմնական ճշմարտութիւն եւ փրկութեան աւելի ամուր երաշխիք՝ քան ճանչնալ թէ Քրիստոս Յարութիւն առած է մեռեալներէն։ Սքանչելի վկայութիւն՝ զոր կու տայ Պօղոս, նախապէս կատաղի հալածիչը Յարուցեալ Քրիստոսը դաւանողներուն, յանկարծակի Հեթանոսներու առաքեալ դարձած։ Շանթահարուած նոյն այդ Քրիստոսէն զոր այնքան եռանդով հալածելու կ’երթար, հիմնովին կ’այլափոխուի եւ կը դառնայ քարոզիչն ու ջատագովը Խաչեալ Քրիստոսին։ Այո՛, կը հռչակէ ան, այդ Քրիստոսը որ իմ ազգակիցներս ու կրօնակիցներս անիրաւաբար դատեցին ու մահուան դատապարտեցին, սպաննեցին ու ժայռափոր գերեզմանի մէջ փակեցին, ան, երեք օր գերեզման մնալէ ետք, իր անձնական զօրութեամբ կեանք առաւ վերստին, երեւցաւ շատերուն եւ ինծի ալ անձնապէս։ Ահա այսօր, ան, յաղթական կը վերականգնի մարդկութիւնը ազատագրելու համար մահուան գերիշխանութենէն։

Քրիստոս ինքն իրեն համար չմեռաւ։ Այդ չէր նպատակը իր աշխարհ գալուն, այլ՝ մեր փրկութիւնը։ Այլ կերպ չկար Աստուծոյ ցասումը մեղմելու։ Ուստի անհրաժեշտ սեպեց ենթարկուիլ մահուան, որպէսզի իր մահով ջնջէր մահը, պատիժը մեղքին, եւ քաւէր մեր մեղքերը, առանց սակայն պարտուելու մեղքէն՝ որուն պատիժն էր մահը։

Քրիստոս ի՛ր կամքով մեռաւ, բայց ոչ անկախաբար իր Հօր կամքէն։ Այդ ըրաւ՝ համերաշխաբար Սուրբ Գրքին հետ, որ նախատեսած էր այս բոլորը։

Նմանապէս թաղուեցաւ, ամէն մահկանացուի նման, սակայն դարձեալ յայտնեց նախապէս՝ միշտ Սուրբ Գրքին համեմատ, թէ երեք օր ետք յարութիւն պիտի առնէ։ Սուրբ Պօղոս իմացած էր անտարակոյս ու լիուլի ընդգրկած Քրիստոսի այդ մարգարէական խօսքը. «Քանդեցէք այս տաճարը եւ ես երեք օր ետք պիտի վերականգնեմ զայն»։

Առաքեալը իր խօսքը աւելի հիմնաւորելու համար չվարանեցաւ բացագանչել. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, անարժէք է մեր հաւատքը եւ անիմաստ՝ մեր քարոզութիւնը։ Ուստի _ եթէ այդպէս եղած ըլլար _ դուք պիտի ապրէիք սուտի ու մեղքի մէջ»։ (1 Կոր 15, 17)։

Ան, ձեւով մը գրաւի կը դնէր իր հաւատքն ու քարոզութիւնը, ըսելով. «Եթէ ես ալ սուտի քարոզիչ ըլլայի, ես ալ ձեզ խաբած կ’ըլլայի»։

Պօղոս չէր ճանչցած նախապէս Քրիստոսը։ Սակայն ինչ որ պատահած էր Դամասկոսի ճամբուն վրայ, բաւարար էր զինք համոզելու թէ գերբնական եղելութեան մը՝ Յարութեան վկայ կը դառնար, ուստի կը սկսէր ինք եւս մաս կազմել առաքեալներու դասուն. «Տէրը երեւցաւ շատ մը աշակերտներու, եւ ի վերջոյ նաեւ ինծի, յետինը անոնց միջեւ» (Ա. Կոր 15, 1-7)։

Այդ պահէն սկիզբ կ’առնէ քրիստոնէութիւնը իր նոր կարգախօսով, որուն ռահվիրան է ինքը՝ Պօղոս։ Իրեն համար ամէն ինչի կեդրոնն է Յարուցեալ Քրիստոսը, որուն շուրջ կը դառնան Քրիստոսի չարչարանքներ, մահն ու թաղումը։ Իսկ Խաչը՝ գործիքն է զոր Քրիստոս յանձն առաւ, անոր մեղքը ջախջախելու եւ զայն յաղթանակի գործիք դարձնելու համար։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Շուրջ տարի մը անցաւ այդ պատմական, եղերական դէպքէն ետք որ քարուքանդ ընելու ու մոխիրի վերածելու վրայ էր աշխարհի ամէնէն շքեղ ու հսկայ տաճարներէն մին՝ Փարիզի Աստուածամօր մայր տաճարը։ Աշխարհը ցնցուեցաւ, հոգիները յուզուեցան ու լացին։

Դժուար էր երեւակայել թէ հրոյ ճարակ պիտի դառնար այդ պարսպանման տաճարը որ դարերու զոհողութեան ու վաստակին պտուղն էր, դառնալով պարծանքը երկրի մը, ժողովուրդի մը ու Եկեղեցիին, որ դարերու հարուածներուն ու մաշումին դիմադրած էր յամառօրէն։

Ի տես ահաւոր կորուստին, տարբեր ձեւով հակազդեցին ականատեները։ Շատեր եղան ու արդարացիօրէն ողբացին հրկիզուող գանձերը, որոնք ի գին նոյնիսկ արեան հեղումի, պաշտպանուած ու պահպանուած էին դարերու ընթացքին։

Ի՜նչ պիտի ըլլային այդ ոսկեայ ու ադամանդեայ գոհարները, որոնք կը զարդարէին սուրբ մասունքները, եւ ամէնէն թանկագինը՝ բայց մանաւանդ նուիրականը՝ Քրիստոսի ոսկեկուռ փշէ պսակը, որ տակաւին Խաչեալ Տիրոջ արեան շիթերու հետքերը կը կրէր։ Այդ իրաւացիօրէն ողբագին հարցումներուն մէջ սակայն ամէնէն տպաւորիչը, թէպէտ հազիւ լսելին, այն ճիչն էր որ կ’աղաղակէր. «Ո՞ւր է Տիրոջ Մարմինը, ո՞ւր է Քրիստոսի սուրբ Մարմինը որ պահուած էր սուրբ տապանակին մէջ։ Կարելի եղա՞ւ փրկել զայն…»։ Արդեօք քանինե՞ր համարձակեցան արձագանգել այդ ճիչին, ըսելով. «Բայց իրապէս, ի՞նչն էր ամէնէն թանկագինը այդ փլատակ դարձող իրերուն մէջ. ոսկեղէններն ու ադամանդնե՞րը, թէ հացի այդ բեկորները, որ Տիրոջ Մարմինը կը մատուցանեն հաւատացեալ ժողովուրդին ամէն օր։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Աշխարհի բոլոր եկեղեցիներն ու սրբավայրերը բարձրացած են այդ հացի բեկորին համար, որպէսզի զայն իբր Քրիստոսի մարմինը հիւրընկալեն ու Աստուծոյ զաւակներուն բաշխեն իբր Կեանքի հացը։

Իսկ ի՞նչ պիտի արժէր ան, եթէ ըլլար պարզապէս խորհրդանիշ մը, պատկերը Քրիստոսի անշունչ մարմնոյն, զոր կը ճաշակենք պարզապէս առ ի յիշատակ իր Վերջին Ընթրիքին։ Մեր Սուրբ Եկեղեցին, իր բոլոր Հայրերով ու Սուրբերով, կ’ուսուցանէ թէ անիմաստ պիտի ըլլար մեծարել, նամանաւանդ պաշտել նշխարհ մը, որքան ալ սրբագործուած, եթէ հոն ներկայ չըլլար Քրիստոս՝ իր ամբողջական էութեամբ, Մարմնով ու Արեամբ, աստուածութեամբ ու մարդկութեամբ, այնպէս ինչպէս որ էր եւ մնաց իր մահէն առաջ եւ ետք, մեր Տէրն Մեր Յիսուս Քրիստոսը, մեր Յարուցեալ Փրկիչն ու միշտ կենդանի՝ Աստուծոյ Որդին, նոյն ինքն Աստուած կենդանի, մեր Տէրն ու Փրկիչը։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Քրիստոսի Յարութիւնը անցեալի դէպք չէ, ոչ ալ պատմութեան առաւել կամ նուազ փաստարկելի մէկ դրուագը։ Հիմն է ու գագաթնակէտը մեր հաւատքին, պատճառը մեր գոյութեան՝ իբր հաւատացող անոր աստուածային Փրկագործութեան խորհուրդին, որմէ դուրս եւ անկէ հեռու չկայ ո՛չ Ճանապարհ, ո՛չ Ճշմարտութիւն եւ ո՛չ Կեանք։

Քրիստոսի աշակերտներուն նման եւ անոնց հետ մենք եւս կը շարունակենք փութալ անոր գերեզմանը, գիտնալով հանդերձ որ թափուր է։ Կը հաւատանք որ ի՛ր կամքով ու կանխատեսութեամբ յարութիւն առած է ան՝ երեք օր թաղուած մնալէ ետք հոն։ Ուստի իրաւամբ կրնանք դաւանիլ ու հռչակել թէ «Յարեաւ Տէրը» երեւցաւ իր աշակերտներուն եւ կը շարունակէ երեւնալ անոնց՝ որ հաւատքով ու յարութեան յոյսով կը հաւատան անոր։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Արտասովոր պահեր կ’ապրինք այս օրերուս. Զատկական շրջան մը, որ ծայր աստիճան մտահոգութիւն կը պատճառէ մարդկութեան։ Խորհրդաւոր համաճարակ հիւանդութիւն մը ծայր տուած է համայն աշխարհի վրայ։ Ցնծութեան մթնոլորտը որ ամէն տարի կը յատկանշէր այս տօնական օրերը, անհետացած է։ Ամէնուրեք կը տիրէ ախտին սարսափը, որ մահ կը սփռէ։ Այս օրերուս, արգիլուած է նոյնիսկ եկեղեցի փութալ՝ զատկական պարտականութիւնը կատարելու համար։ Եւ ոչ ոք գիտէ մինչեւ ցերբ։

Պատճա՞ռը։ Խորհրդաւոր եւ ցարդ անբացատրելի ախտ մը։ Ոմանց համար՝ կազմակերպուած դաւադրութիւն ազգերու միջեւ։ Ըստ այլոց՝ բնութեան օրէնքներու խախտում։ Գուցէ գիտական միջոցներու պատահական թիւր կիրարկում։ Իսկ ամէնէն յանդուգն ու անհեթեթ վերագրումը կ’ակնարկէ Աստուծոյ մը որ անխնայ կը պատժէ։ Այո՛, կ’ըսեն անոնք, ան կու գայ վերջապէս իր արդարութիւնը կիրարկելու, պատժելով մարդոց ապականութիւնն ու այլասերումը, զանոնք զգաստութեան ու դարձի մղելու համար։

Եւ հարց կը տրուի, թէ ի՞նչ է Աստուծոյ դերը այս ահաւոր ողբերգութեան մէջ։ Իրա՞ւ է որ Աստուած հասած կը նկատէ ժամը՝ վճռականօրէն պատժելու մեղաւոր մարդկութիւնը, ինչպէս ըրած է Նոյի սերունդին, Սոդոմին ու Գոմորին, Յոբին եւ այլոց, որ մեղանչեցին։ Նոյնը կ’ուզէին գիտնալ հրեաները, երբ նենգաբար կը հարցնէին Յիսուսին, թէ որո՞ւն յանցանքով մեռան տասնութը Գալիլիացիները, ճզմուելով Սելովամի աշտարակին տակ, կամ ի ծնէ կոյրը, ի՞ր, թէ՞ իր ծնողաց։

Յիսուսի պատասխանը նոյնն է, երէկ եւ այսօր. Աստուած բարութեան աղբիւր է եւ մարդուս երջանկութեան միակ ու գերագոյն հեղինակը։ Ան կը թոյլատրէ որ մարդիկ կամ բնութիւնը շեղին երբեմն իր օրէնքէն, որպէսզի ի վերջոյ ի յայտ գայ անոր անսահման բարութիւնն ու զօրութիւնը։ Ան, սիրոյ ու բարութեան արարիչ, չի կրնար ըլլալ միաժամանակ հեղինակը չարին ու բարիին։

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Հակառակ բոլոր երեւոյթներուն, որոնք ի փորձ կը դնեն մեր հաւատքը, մենք չենք կորսնցներ ո՛չ մեր հաւատքը, ո՛չ մեր յոյսը Աստուծոյ ողորմութեան ու հայրական նախախնամութեան վրայ։ Քրիստոնեայ աշխարհը՝ իր մահասփիւռ քունէն, լսելի կը դարձնէ իր աղերսանքները Տիրոջ մօտ, որ միշտ պատրաստ է իր հայրական բազուկները բանալու եւ ընդունելու անոնց զղջումի ու դարձի անկեղծ քայլերը։

Այս տագնապալի պահը գուցէ նախախնամական ազդանշան մըն է որ աշխարհը անդրադառնայ թէ Աստուծոյ համբերութիւնը սահման ունի եւ ուշ կամ կանուխ կրնայ իր արդար բազուկը երկարել ուղեկորոյս մարդկութիւնը սաստելու, ուղղելու եւ դարձի ճամբուն վրայ առաջնորդելու համար։

Այս տագնապալի օրերուն, մենք կը գնահատենք ու կը քաջալերենք մեր պատուական ու սիրելի ժողովուրդին օրինական համակերպութիւնն ու արժանապատիւ վերաբերումը, որ կը ջանայ իր ընտանիքը պահել ու պահպանել ամէն վայել միջոցներով, յուսալով որ շուտով կ’անցնին այս դժուարին օրերը եւ կը պայծառանայ վերստին մեր կեանքը։

Մեծապէս կը գնահատենք նաեւ մեր բոլոր համայնքային, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւնները, որոնք ոգի ի բռին կը զոհուին՝ մեր ժողովուրդին համեստ խաւերուն բեռը թեթեւցնելու համար, անոնց ամէնէն էական կարիքները հոգալով։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Լիայոյս դարձեալ երջանիկ Զատիկներ տօնելու մաղթանքով՝ մեր աղօթքներն ու օրհնութիւնները կ’առաքենք այս առիթով մեր բոլոր զաւակներուն։

12  Ապրիլ  2020

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2020, 07:33