Քորոնավարակի դէմ պայքարող բժիշկներ Քորոնավարակի դէմ պայքարող բժիշկներ 

«Քորոնա» Ժահրի համաճարակը անիծե՞լ թէ օրհնել։

Կից կը ներկայացնենք Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպիսկոպոս Թէյրուզեանի մտածականը։

Այսօր, «քորոնա» ժահրի մահագոյն Համաճարակը, որ սարսափելի արագութեամբ կը տարածուի ամէնուրեք ու կը սպառնայ մեծին ու փոքրին, հարուստին եւ աղքատին, ամէնուն անխտիր, շահեկան առիթը կ'ընձեռէ վերաքննելու կեանքի անտեսուած արժէքներն ու մոռցուած աւանդութիւնները, որոնք կարողացան դարերու ընթացքին մարդկութիւնը կանգուն պահել Գողգոթայի խաչեալին ոտքերուն տակ:

Ամէնքս,

  • դարձանք մեր տուները եւ վերագտանք անոնց ջերմութիւնը.
  • դարձանք մեր բնակարանները. կրկին կահաւորեցինք զանոնք ու կարգի դրինք.
  • դարձանք մեր ընտանիքին եւ վայելեցինք անոր գողտր մտերմութիւնը.
  • դարձանք մեր պարզ կեանքին՝ առանց թոհուբոհի եւ զայն իմաստաւորեցինք.
  • դարձանք մեր առհաւական աւանդութիւններուն եւ զանոնք վերապրեցանք:

Վերստին գիտակցեցանք հայրենի տան ջերմութեան, գթառատ մօր խանդաղատանքին, քաղցր քրոջ անձնուիրումին, բարի եղբօր անկեղծութեան, ամոլին  հաւատարմութեան՝ անձկութիւններուն ընթացքին, զաւակին անվերապահ ինքնամոռացութեան. դիմեցինք տարեցներուն անգնահատելի փորձառութեան ու ժպիտին, որոնց հեռաւորութիւնը մեր սրտի լարերը արթնցուցին, մղեցին մանուկն ու չափահասը մօտենալու անոնց, հոգալու զիրենք, հաղորդուելու անոնց զգացումներուն: Դարձուցինք մեր առօրեային մէջ դրացիութեան հաղորդակցութիւնն ու  սրտակցութիւնը: Համախմբուեցանք բոլորին ամենագթած ու ողորմած Հօր շուրջ, որ կը փափաքի կեանքը բաշխել իւրաքանչիւրիս եւ ո'չ թէ՝ մահը:

«Գինի չունինք» աղաղակեցինք մեր երկնաւոր մօր Մարիամին:

«Ահա' մայրդ», լսեցինք խաչին վրայէն. ու մենք խոստացանք հնազանդիլ իր Որդւոյն կամքին, վստահելով, թէ անկարելին՝ Ան կը դարձնէ կարելի, եւ կարող՝ փոթորկոտ ծովը հանդարտեցնել: Խոստացանք բանալ մեր քարացած սիրտերը անոր առջեւ ու վերապրիլ մեր մանկութեան անկեղծ ջերմեռանդութիւնը:

Ա'ն է  

  • Ճանապարհը, որ իւրաքանչիւրիս գծած է իսկական երջանկութեան հասցնող ուղին.
  • Ճշմարտութիւնը, որ մեր միակ փրկութիւնն է այս աշխարհիս վրայ եւ Յարութիւնն է Արքայութեան մէջ.
  • Կեանքը՝ համերաշխութիւն ու խաղաղութիւն երկրիս վրայ, եւ սէր՝ Երկինքի մէջ:

Ան է, որ կարող է սրբել արցունքը մեր աչքերէն եւ շնորհել պայծառ, խաղաղ ու անդորր ժպիտը Աստուծոյ որդիներուս: 

+ Հայր Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2020, 06:54