Ոտնլուայ Ոտնլուայ 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի Աւագ Հինգշաբթի օրուայ նուիրուած խորհրդածութիւնը՝ «Ղենջակը, հացն ու գինին»

Աստուածային Վարդապետը գիտնալով, որ Իր մահը պիտի գայթակղեցնէր Իր աշակերտներէն շատերը, որ Պետրոս զԻնք պիտի ուրանար, որ Յուդան զԻնք պիտի մատնէր, կիրառեց ժամանակէն ու տարածութենէն անդին Իր ներկայութիւնը անընդհատ ապահովող խորիմաստ եւ անբաժանելի երեք խորհրդանշաններ, որոնք են՝ ղենջակը, հացն ու գինին:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Անպաշտօն հանդիպումի մը առիթով, Փրանկիսկոս Պապը ճաշի հրաւիրեր էր Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքը: Հինգշաբթի օր մըն էր՝ Քահանայապետական Տան պաշտօնեաներուն շաբաթական արձակուրդի օրը: Ի զարմանս Պատրիարքին, խոհարարի բացակայութեան, Պապը խոհանոց գնաց, գոգնոց մը մէջքին կապեց, թեւերը սոթտեց եւ ակրատ մը (collation) պատրաստեց: Պատրիարքին կարծիքով, որ պատահած դէպքը պատմեր է Մոնրէալի կարգ մը նորօծ քահանաներուն, այսպիսի համեղ ակրատ մը երբեք չէր կերած:

Ծառայից ծառայ յորջորջուած Քրիստոսի Փոխանորդը՝ Սրբազան քահանայապետը, կերպով մը, կ'ընդօրինակէր աստուածային Վարդապետին ծառայասիրութեան ոճը:

Արդարեւ, Իր Վերջին Ընթրիքի ընթացքին, Յիսուս, մէջքին ղենջակ կապած, խոնարհաբար ծռեցաւ Իր աշակերտներուն դիմաց եւ լուաց անոնց  ոտքերը եւ պատուիրեց, որ Իր օրինակին հետեւին. « Եթէ ես՝ որ Տէր եւ Վարդապետ եմ՝ լուացի ձեր ոտքերը , դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ ու » (Յովհաննէս, 13, 14):

Հետեւաբար ղենջակը, իբրեւ արտայայտիչ խորհրդանշան ծառայելու պատրաստակամութեան, կը հանդիսանայ ստիպողական հանդերձանքը բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն Յիսուսի հետեւորդ ըլլալ: Չենք կրնար Տիրոջ աշակերտներուն խումբին մաս կազմել, եթէ « մէկդի չդնենք մեր վրայի հպարտութեան , փառամոլութեան եւ անձնասիրութեան հագուստը » ու չորդեգրենք Վարդապետին պարզութեան, խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան « ղենջակը »:

Անդին, ընդօրինակելով հանդերձ ղենջակի պատկերով Յիսուսի մատուցած ծառայութիւնը, Անոր պատեհութիւնն ընծայենք մեր մէջ Իր զոհաբերուող ներկայութիւնը յաւերժացնելու՝ անսալով Վերջին Ընթրիքին Անոր տուած պատուիրանին: Արդարեւ, Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալէ ետք՝ « հաց առաւ , շնորհակալ եղաւ , կտրեց ու տուաւ անոնց , եւ ըսաւ . Ա՛յս է իմ մարմինս՝ որ կը տրուի ձեզի համար . ըրէ՛ք ասիկա՝ իմ յիշատակիս համար : Նոյնպէս ալ բաժակը առաւ ընթրիքէն ետք , եւ ըսաւ . ա յս բաժակը Ն ո՛ր Ո ւխտն է՝ իմ արիւնովս , որ կը թափուի ձեզի համար » ( Ղուկաս , 22, 19 - 20):

Աստուածային Վարդապետը գիտնալով, որ Իր մահը պիտի գայթակղեցնէր Իր աշակերտներէն շատերը, որ Պետրոս զԻնք պիտի ուրանար, որ Յուդան զԻնք պիտի մատնէր, կիրառեց ժամանակէն ու տարածութենէն անդին Իր ներկայութիւնը անընդհատ ապահովող խորիմաստ եւ անբաժանելի երեք խորհրդանշաններ, որոնք են՝ ղենջակը, հացն ու գինին: Հետեւաբար, երբ մեր մէջքին կապենք եղբայրսիրութեան ղենջակը, ու մեր հոգին սնուցանենք քահանայական իշխանութեամբ սրբագործուած ու Տիրոջ Մարմինն ու Արիւնը դարձած հացն ու գինին, կրնանք անվրէպ հաստատել, որ « Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ , Որ  ԷՆՆ Աստուած աստ բազմեցաւ »:

Ուստի, հաւատքի ներգործութեամբ ընդունի'նք Սուրբ Հաղորդութիւնը, ապա՝ «ղենջակ»-ով, այսինքն՝ ողորմութեան գործերով ցոյց տա'նք մեր այդ հաւատքը:

Վերջին Ընթրիքի տարեդարձը նշելով, մենք մեզ հարցադրենք.   -Ի՞նչ կերպով կրնանք ի գործ դնել Յիսուսի սիրոյ Պատուիրանը: -Մեր մերձաւորներէն ո՞ր մէկուն պարտինք, ղենջակ մը մեր մէջքին կապած, կարեկցութեամբ եւ բարեխնամութեամբ ձեռք կարկառել:  -Որքա՞ն տեղ ունի Սուրբ Հաղորդութիւնը մեր անձնական կեանքին մէջ:

Եւ քանի որ Սուրբ Պատարագը Գոհութեան Խորհուրդ կոչուած է, օգտուինք Վերջին Ընթրիքին ի յիշատակ մատուցուած Սուրբ Զոհէն՝ գոհութիւն մատուցանելու Տիրոջ՝ Իր Ներկայութիւնը մեր մէջ յաւերժացնող Պարգեւին համար:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2020, 07:13