ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղար Կութերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր Քարտուղար Կութերես 

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդը ողջունած է ՄԱԿ ի քարտուղարին, քորոնա ժահրի դէմ ուժերը միացնելու կոչը։

Այս դժուար օրերուն,  զօրակցութեան եւ խթանման կամուրջներ կառուցելը՝ մարդ էակներուն ու անոնց արժանապատուութեան պաշտպանութեան ի խնդրիր,  մեր էական նպատակն է ,  որուն կը փորձենք հասնիլ, այլ կազմակերպութիւններուն եւ  Միացեալ Ազգերու գրասենեակներու հետ։ 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Միջին արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը ողջունած է, ՄԱԿ-ի քարտուղարին,Կութիերեսին, Քորոնա ժահրին դէմ ուժերը միացնելու կոչը՝ ուղղուած աշխարհի կրօնապետերուն եւ քաղաքական իշխանութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը  նամակով մը մեծ երախտագիտութեամբ անդրադարձած  է Զատկուայ տօնին նախօրէին՝ 11 ապրիլին ՄԱԿի քարտուղարի կոչին,  որուն  մէջ քարտուղարը հրաւէր ուղղած էր  նաեւ  համաշխարհային զինադադար հաստատելու,   որպէսզի հակամարտութեան գօտիներու մէջ գտնուող ժողովուրդները՝ քորոնա ժահրէն պաշտպանուիլ կարենալու համար։

Միջին արեւելքի եկեղեցիներուն խորհուրդին քարտուղարը ՄԱԿ ի քարտուաղարին  յղած նամակին նշած է ի մէջ այոց,  թէ այս դժուար օրերուն, զօրակցութեան եւ խթանման կամուրջներ կառուցելը՝ մարդ էակներուն ու անոնց արժանապատուութեան պաշտպանութեան ի խնդրիր,  մեր էական նպատակն է , որուն կը փորձենք հասնիլ, այլ կազմակերպութիւններուն եւ  Միացեալ Ազգերու գրասենեակներու հետ։  

Այդ նպատակներուն կարելի է հասնիլ, ճանչնալով տարբերութեան եւ բազմազանութեան իրաւունքը եւ հետապնդելով բանակային երկխօսութեան մը՝ հիմնուած այն իրողութեան վրայ, որ մարդ էակները ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին համաձայն ու ունին պատասխանատուութիւնը իրենց եղբայրներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ մոլորակի մէջ գտնուող կենդանի այլ էակներու հանդէպ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 10:44