Հայր Զիրիլլօ Լոնկօ Հայր Զիրիլլօ Լոնկօ 

«Մի Վախնաք՝ բոլորս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք: Վարդարանը աղօթեցէք». Քորոնաժահրի զոհ Հայր Զիրիլլօ Լոնկոյի կտակը։

«Վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է Հայր Չիրիլլօ Լոնկոյի նկարը, ուր Ան հիւանդանոցի անկողինէն ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ յաղթութեան որպէս նշան՝ նախ քան իր հոգին աւանդէր առ Հայր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մի վախնաք՝ բոլորս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ենք. Այնտեղ կը հանդիպինք իրարու»։ Ասոնք եղան Հայր Չիրիլլօ Լոնկոյի վերջին խօսքերը, նախ քան՝ անցեալ 19 մարտին, Պերկամոյի հիւանդանոցին մէջ, 95 տարեկանին, առ յաւէտ թողուր աշխարհը։

Հայր Չիրիլլօ Լոնկօ՝ Պերկամոյի Տոն Օրիոնէ կեդրոնի հիմնադիրն էր։ Ան  հիւանդանոց մտած էր 12 Մարտին, Քորոնա Ժահրէն վարակուած  ըլլալուն համար։ Անոր կեանքի վերջին օրերը եղան չարչարանքի օրեր, որոնք սակայն յատկանշուեցան Հայր Զիրիլլոյի հաւատքի յոյսով, զոր ան կարողացաւ փոխանցել բոլոր իր շուրջիններուն։

Այդ օրերու ընթացքին Հայր Չիրիլլոն շարունակեց անխոնջ կատարել իր աղօթքները ու վերջին նկարին մէջ՝ երեւելի է նաւ Սուրբ Վարդարանը որմէ Ան երբեք չի բաժնուեցաւ։

«Մենք պիտի հանդիպինք  այնտեղ՝ երկնքի մէջ, վարդարանը աղօթեցէք» կը կրկնէր բոլորին։

Այդ նկարին մէջ ի յայտ կու գայ Քրիստոսի աշակերտին հաւատքի զօրութիւնը՝ հիմնուած Աստուծոյ ողորմութեան վրայ։ Պայքարող մարդ էր Հայր Զիրիլլոն ու այդ պայքարը մղեց մինչեւ կեանքի վերջին շունչը։

Անոր խնամք տանող հիւանդապահները զինք կը յիշեն մեծ յուզմունքով, ու կը յիշեն յատկապէս անոր խանդավառ սուլիչը՝ որով կը բացայայտէր իր ներկայութիւնը։  Ան երբեք յոյսը չէր կորսնցուցած ու բոլորին համար ունէր մխիթարութեան եւ ուրախութեան խօսքեր ու բոլորին հրաւէր կ՛ուղղէր՝  աղօթելու սուրբ վարդարանը։

Իր բոլոր կեանքը նուիրած էր հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն, անոնց եւս փոխանցելով կեանքը սիրելու պատգամը։

Ան մեկնեցաւ յաղթական՝ որովհետեւ վստահած էր Աստուծոյ վրայ ու գիտէր ու համոզուած էր՝ թէ երկրային կեանքէն անդին կայ աւելի լաւ կեանք մը՝ յաւիտենական կեանքը, Աստուծոյ հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2020, 09:18