Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք - Արայիկ Յարութիւնեան Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարք - Արայիկ Յարութիւնեան 

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորագիրը Արցախի նորընտիր նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին։

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ընտրութիւնը նկատեց Անոր «ժողովրդավարական արժէքներով յանձնառութեան արտայայտութիւն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 14 ապրիլին Արցախի հանրապետութեան մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքով հանրապետութեան  նախագահ ընտրուեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանը։

Ընտրութեան առթիւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի, 16 ապրիլ 2020 թուակիր նամակով մը շնորհաւորեց նորընտիր նախագահը  ընտրութիւնը նկատելով Անոր «ժողովրդավարական արժէքներով յանձնառութեան արտայայտութիւն»։

«Այս համոզումով կը վստահեցնենք ձեզ որ մեր բոլոր շփումներուն ու հաղորդակցութիւններուն ընդ մէջէն պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը ի խնդիր հայկական երկրորդ հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ անվտանգութեան, անոր զարգացման ու հզօրացման, անոր բարգաւաճութեան, ժողովուրդի բարօրութեան, լիայոյսս որ ձեր նախանձախնդիր ուշադրութեան առարկայ կ՛ըլլայ նաեւ կամքի ու խճի ազատութեան ամրագրումը».գրած է Հոգեւոր Տէրը իր շնորհաւորագիրին մէջ զոր աւարտած է նորընտիր նախագահին «անձին ու ստանձնած պաշտօնին վրայ հայցելով աստուածային օրհնութիւններ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2020, 17:59