Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլորին` աջակցելու կառավարութեան։

Պատրիարքը նաեւ նշեց, որ եկեղեցին իր կարգին կը բազմապատկէ ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միջոցները եւ նիւթական կամ այլ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պըքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց` դադրեցնելու անձնաւորութիւններու եւ հաստատութիւններու ուղղուած աժան մեղադրանքները, որոնք պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդը իր վստահութիւնը կորսնցնէ կառավարութեան նկատմամբ եւ երկիրները` լիբանանեան պետութեան նկատմամբ: Ան հարց տուաւ, թէ արդեօք նպատակը ա՞յդ է, եւ թէ ատիկա որո՞ւ պիտի ծառայէ: Պատրիարքը նշեց, որ «Քորոնա» ժահրը հարուածեց ամբողջ աշխարհը եւ չէզոքացուց անձնաւորութիւններու, դրամի, իշխանութեան եւ զէնքի ուժը:

Ունկնդրէ լուրը

Պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական, դրամական, կենցաղային ծանր տագնապը, որ բազմապատկուեցաւ «Քորոնա» ժահրին իբրեւ հետեւանք, պատասխանատուներուն եւ քաղաքական ուժերուն կը վստահեցնէ, որ ասիկա քաղաքական պայքարներու եւ վէճերու ժամանակը չէ, այլ` միասնաբար աշխատելու փրկելու համար երկիրը եւ ժողովուրդը: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ժողովուրդը աջակիցներ եւ ընդդիմադիրներ չի փնտռեր, այլ` փրկարարներ: Ան աւելցուց, որ ոմանք կը հրաժարին պետութենէն, ուրիշներ կը տիրեն անոր, եւ շատ քիչերն են, որոնք կը հետաքրքրուին ժողովուրդին տնտեսական, ընկերային, կենցաղային եւ հոգեկան ցաւով, նաեւ` այս բացառիկ հայրենիքին արժէքով:

Պատրիարքը կոչ ուղղեց` աջակցելու կառավարութեան, որպէսզի կատարէ իր պարտականութիւնները` նշելով, որ այս արտակարգ տագնապին մէջ այս կառավարութիւնը միակ իշխանութիւնն է, որ կարիքը ունի բոլորին աջակցութեան: Խօսքը ուղղելով կառավարութեան` պատրիարքը անկէ պահանջեց փաստել իր ունակութիւնը, կարողութիւններն ու անկախութիւնը, եւ ձեռնարկելու քաջ եւ դժուար քայլերու` դադրեցնելու համար անկումը, վերադարձնելու համար գողցուած դրամները եւ վերականգնելու ներքին, արաբական եւ միջազգային վստահութիւնը: Ան կառավարութենէն պահանջեց նաեւ արագացնել բարեկարգումներու ծրագիրի գործադրութիւնը` ի նպաստ ժողովուրդին եւ ոչ թէ անոնց եւ քաղաքացիներու դրամատնային գումարներու հաշուոյն: Ան յայտնեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի յաջողիլ ազգային եւ տնտեսական գետնի վրայ, ինչպէս որ յաջողեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ:

Պատրիարքը նաեւ նշեց, որ եկեղեցին իր կարգին կը բազմապատկէ ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու միջոցները եւ նիւթական կամ այլ օժանդակութիւններ կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Քաղուած Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/04/2020, 07:40