Քաղդէացիներուն պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ 

Քաղդէացիներու պատրիարքին ահազանգը.«Իրաքի ապագան ահաւոր է .քրիստոնեաներուն միջեւ մեծ մտահոգութիւն կը տիրէ։»

Քաղդէացիներու պատրիարքարանին պաշտօնական կայքէջին մէջ հրապարակուած Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Պատրիարքին յայտարարութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, ապրիլ 30-ին, Քաղդէացիներու Պատրիարք, Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, հրապարակելով յայտարարութիւն մը իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իրաքի ներկայ իրավիճակի գծով։

Ունկնդրէ լուրը

Յայտարարութեան մէջ պատրիարքը  նկատել տուած է ,որ Իրաքի քաղաքական իշխանութիւնները, երկրի հարցերը միայն աշխարհաքաղաքական հարց կը նկատեն եւ ոչ թէ  տառապող անձերու հարցեր, հրաւիրելով քաղաքական իշխանութիւնները  չ՝անտեսելու ժողովուրդին կարիքները եւ ազգային կառավարութեան  միջոցաւ ծառայեն  ժողովուրդին կարիքներուն,  հեռու մնալով անձնական ձգտումներէն եւ շահերէն։ 

Ի տես համաճարակի առողջապահական տագնապին, որ մինչեւ այսօր Իրաքի մէջ Քորոնա ժահրով արձանագրուած են 2000 պարագաներ, Պատրիարք Սաքօ հրաւիրած է Իրաքցիները դիմագրաւելու առողջապահական  մարտահրաւէրները , մէկի դնելով անձնական շահերը եւ յանուն միութեան եւ զօրակցութեան պայքարին հասարակաց թշնամիին դէմ՝ Քորնա Ժահրի դէմ, որ խաթարած է  ըլլայ կեանքը,  ըլլայ երկրի տնտեսութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ու  կրօնական յարաբերութիւնները։

Պատրիարք Սաքօ քաղաքական իշխանութիւնները հրաւիրած է նաեւ  ազգային պետութեան  մը միջոցաւ կերտելու հայրենիք մը, որ կարող  է տէր դառնալ իր ճակատագիրին եւ պահպանել  երկրին հարստութիւնները։ Ազգային պետութիւն մը որ գիտէ յագեցնել Ժողովուրդին աշխատանքի եւ ծառայութեան պահանջները։ Նշուած է յայտարարութեան մէջ։


Ի վերջոյ Քաղդէացիներուն Պատրիարքը իր մտահոգութիւնը յայտնած է հալածուողներուն, գաղթականներուն եւ բռնի տեղահաններու գծով, նշելով թէ անոնք տառապեցան եւ կը շարունակեն տառապիլ ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան հետեւանքով։ Կան աւելի քան մէկ միլիոն անձեր, որոնք լքուած վիճակի մէջ են եւ որոնց եկեղեցիները, կործանուած են ու բնակարանները ու հողերը առեւանգուած։ 

Կարդինալ Սաքօ իր  մտավախութիւնը յայտնած այն առումով, որ գաղթականները  աշխարհի չորս ծագերուն մէջ տարածումով  կը խաթարուի անոնց  արմատներն ու ինքնութիւնը։։

Յայտարարութեան աւարտին Պատրիարքը աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայցած է Աստուծմէ , որ Իրաքն ու Իրաքցիները փրկէ Քորոնա ժահրէ եւ այլ տեսակ ժահրերէն եւ Իրաքցիները կարենան այս տագնապի կացութենէն դուրս գան աւելի առողջ ու զօրեղ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2020, 07:20