Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Զղջումը ապաշխարութեան առաջին քայլն է:

Արհ. Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

Եւ մինչ Յիսուս դէպի երուսաղէմ կ՛երթար, անցաւ Սամարիայէն ու Գալիլիայէն։ Գիւղի մը մուտքին, տասը բորոտներ իրեն հանդիպեցան։ Անոնք հեռուն կանգ առին եւ իրենց ձայնը բարձրացնելով ըսին․ «Յիսուս, վարդապետ, գթաˊ մեր վրայ»։ Տեսնելով զանոնք, Յիսուս ըսաւ․ «Գացէք եւ դուք ձեզ ցոյց տուէք քահանաներուն»։ Մինչ կ՛երթայինˋ մաքրուեցան։ Անոնցմէ մէկը, որ Սամարացի էր, տեսնելով թէ բուժուած է, վերադարձաւ Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն։ Երեսը դէպի գետին ինկաւ Յիսուսի ոտքերուն առջեւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց։ Յիսուս հարցուց․ «Միթէ տասն ալ չմաքրուեցա±ն․ Ո±ւր են միւս ինները։ այս օտարազգիէն զատ չգտնուեցա±ւ անոնց մէջ մէկը որ գար եւ փառք տար Աստուծոյ»։ Եւ ըսաւ անոր․ «Ոտքի եˊլ եւ գնաˊ, հաւատքդ քեզ փրկեց»։ (Ղուկաս 17։11-19)

12-րդ դարու քարոզիչներէն մէկը, Սուրբ Պեռնար իր ճառերուն մէջ այսպէս կը հաստատէ․ «Մեր օրերուն, կը տեսնենք մարդիկ, որոնք կ՛աղօթեն, բայց ափսոս, շատ քիչերն են, որոնք կը վերադառնան եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնեն»։ Արդե±օք մեր օրերուն շատ բաներ կը կատարենք նոյն հաստատումը։ Տէˊր, տուր մեզի Քեզի շնորհակալութիւն յայտնելու շնորհքը, այն ինչˋ որ Քեզմէ կը ստանանք։ Դունˋ ապերախտ ամբոխին ներողութիւնը ստացար, զորս օր ըստ օրէ կը յայտնենք։

Ունկնդրէ լուրը

Սոյն հատուածը մեզի կը հրաւիրէ մեր այսօրուայ դժուարութիւններուն  բժշկութիւն խնդրելու, մեղք մըˋ զորս մենք կ′ապրինք եւ միշտ վտանգը կայ վարակելու, անոնց որոնցˋ կը հանդիպինք եթէ անշուշտ մաքրուիլ  չխնդրենք։  Այստեղ, Յիսուս Երուսաղէմ կը մտնէ որպէսզի իր չարչարանքները կրէ։ Ան գիւղերը կˊերթայ եւ մեծ թիւով անտարբեր մարդոց կը հանդիպի, մինչդեռ քիչ թիւով  մարդիկ մէկ կողմ կանգնած են բորոտութեան պատճառով որովհետեւ բոլորին շնորհք կուտայ։ Այս մարդիկ անոր կը ճանչնան, եւ իրենց հիւանդութեան համար բժշկութիւն կը խնդրեն, զորս պատճառ կ՛ըլլայ իրենցˋ մէկ կողմ կենալու։

Երբ ան գիւղ մը կը մտնէր, տասը բորոտներ զինք դիմաւորելու եկան։ Անոնք հեռու տեղ մը կանգ առին եւ գոռացին․ «Յիսուս, վարդապեˊտ, ողորմիր մեզի»։

Յիսուս զիրենք կը սպասէ եւ իրենց կ′ըսէ որպէսզի երթան քահանային ներկայանան, ըստ օրէնքին, որ բորոտները պէտք է Երուսաղէմի Տաճարը երթան եւ հոգեւոր իշխանութիւններէն բժշկութիւն խնդրեն։ Այն ժամանակ երբ անոնք Տիրոջ կը դիմեն, իրենց համար բժշկութիւն կը խնդրեն եւ այն ալ մի միայն անոր ճանապարհորդութեան ընթացքին։

Ուրեմն, Յիսուս կ՛ըսէ․ «Տասն ամբողջովին չմաքրուեցա±ն»։ Իրենց մէջ միայն այս օտարականը կը գտնուի, զորս ետ վերադառնայ եւ զԱստուած կը փառաբանէ։

Այս «Օտարականը» իսկապէս այս հոգիէ բաղկացած բորոտներու խումբէն էր, եւ վարակումէն խուսափելու համար, այդ վայրկեանին իսկ իր կեանքը նոր գոյն կ՛առնէ որ ամբողջովին կը փոխուի։ Իր կեանքը այլեւս վարակումի վրայ չէ կեդրոնացած, բայց իրեն թոյլ պիտի տայ զԱստուած փառաբանելու եւ սիրոյ նամակը տարածելու, զորս Աստուած կը յայտնէ անոր որ իրեն կը մօտենայ։ Ան ոչ միայն բժշկուեցաւ, այլ ճանչնալով այն սէրն Աստուծոյˋ շնորհակալ կˊըլլայ։ Այլեւս փրկուած է։

Պենետիկտոս 16-րդ Պապը իր քարոզներէն մէկուն մէջ կը յիշէ որ Տիրոջ մարդասիրութիւնը յոյսի աղբիւր կը դառնայ անոնց որոնք իրեն կը հաւատան։

Ուրեմն սիրելիներ չսպասենք որ մեր բորոտութենէն բժշկուիլ, որպէսզի Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնենք իր ամբողջ բարիքներուն համար եւ շնորհքներուն համար, զորս մեզի կուտայ առանց փոխառնութեան։

Ով Տէր Քեզմէ ներողութիւն կը խնդրեմ իմ տկար հաւատքին եւ պակաս վստահութեանս  համար։ Ամէն

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2020, 08:12