Գառն Աստուծոյ Գառն Աստուծոյ 

Կիրակի 29 Մարտ 2020 - Զ. Կիրակի Քառասնորդաց Գալստեան Կիրակի

Յիսուս կը հրաւիրէ աշակերտները ուշադրութիւն դարձնելու իրենց ընթացքին վրայ եւ երբեք չնմանելու փարիսեցիներուն ու դպիրնեուն, որոնք կը սիրեն երեւնալ ժողովուրդին առջեւ որպէս օրինապահ եւ բարեպաշտ անձեր, սակայն իրենց դրած օրէնքներուն առաջին օրինազանցը իրենք կ՛ըլլան
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

 

Մեծագոյն Պատուիրանը (Մատթէոս ԻԲ. 34 – ԻԳ. 12)

Յիսուս կ՛ըմբերանէ Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները, որոնք իրենք զիրենք կը սեպէին ուսեալ եւ օրէնսգէտ եւ կ՛ուզէին զինք ծուղակի մէջ ձգել զանազան երկդիմի հարցումներով։ Անշուշտ բոլոր ժողովուրդը շատ լաւ տեղեակ էր թէ մեծագոյն պատուիրանն է առաջինը, այսինքն բոլոր սրտով ու հոգւով սիրել ու պաշտել միակ Աստուածը։ իսկ զԱստուած պաշտելու համար, հարկ է անոր պատուիրանները պահել: Մինչեւ հոս ամէնքը համաձայն են: Այն ինչ որ այս երկու աղանդներուն հետեւողները կը մեղադրեն Յիսուսին, թէ ան չի յարգեր երրորդ պատուիրանը, որ կը հրամայէ շաբաթ օրը գործէ դադրիլ եւ հանգիստ ընել. իսկ Յիսուս, շաբաթ օրով կը բուժէ հիւանդները, եւ թոյլ կու տայ բարիք ընել իր մերձաւորին:

Քրիստոսի պատասխանը ճիշդ տեղին է. Ան կը կցէ առաջին պատուիրանին` այսինքն Աստուծոյ սիրոյն, երկրորդ պատուիրան մը, որն է սիրել ընկերը իր անձին պէս։ Ահա այս է նորութիւնը որ ան բերաւ Օրէնքին մէջ. որով այս երկու պատուիրանները միասնաբար կը կազմեն հիմնական նոր Օրէնքը, որմէ կախում ունին միւս բոլոր օրէնքներն ու մարգարէներու պատուիրածները։ Ով որ պահէ այս երկու պատուի-րանները, բոլոր օրէնքը պահած կ՛ըլլայ։ Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել չեն կրնար իրարմէ անջատ իրագործուիլ, անոնք սերտօրէն միացած են իրար:

Յովհաննէս առաքեալ շատ լաւ հասկցած է Յիսուսի այս տուած պատուիրանը. մեզի կը պատգամէ ինք եւս հարց տալով թէ ինչպէ՞ս կարելի է սիրել զԱստուած որ չենք տեսներ, եթէ նախ չսիրենք մեր ընկերը զոր կը տեսնենք։ Ամէն մարդ կրնայ հաստատել թէ կը սիրէ զԱստուած, կ՛աղօթէ անոր ու երկրպագութիւն կը մատուցանէ. Տաճար աղօթքի ելած փարիսեցին ալ Աստուծոյ հանդէպ շատ յարգալից էր ու օրինապահ. Սակայն երբ սկսաւ արհամարհանքով վերաբերիլ մաքսաւորին հանդէպ ու պախարակել անոր ընթացքը, նովին գործով կորսնցուց Աստուծոյ առջեւ ամէն արժանիք ու ամէն շնորհք։ Ով որ պաշտամունք կը մատուցանէ Աստուծոյ, շատ լաւ բան մը կ՛ընէ։ Սակայն հոս եւս Յիսուս կը խրատէ, որ եթէ պաշտամունքի ատեն յիշենք թէ մէկը մեզի հանդէպ հակառակութիւն ունի, հարկ է որ թողունք մեր պաշտամունքը կիսատ եւ նախ երթանք հաշտուելու մեր եղբօր հետ։ Աստուած աւելի կը գնահատէ մեր եղբայր-սիրութեան գործը, քան երկար աղօթքները, ծոմերը կամ մատուցուած զոհերը։

Իր խօսքի վերջաւորութեան` Յիսուս կը հրաւիրէ աշակերտները ուշադրութիւն դարձնելու իրենց ընթացքին վրայ եւ երբեք չնմանելու փարիսեցիներուն ու դպիրնեուն, որոնք կը սիրեն երեւնալ ժողովուրդին առջեւ որպէս օրինապահ եւ բարեպաշտ անձեր, սակայն իրենց դրած օրէնքներուն առաջին օրինազանցը իրենք կ՛ըլլան. Ծանր պարտականութիւններ կը դնեն մարդոց վրայ, սակայն իրենք երբեք չեն ուզեր կատարել ամէնէն ջնջինն իսկ այդ պարտականութիւններուն։

Այսօրուայ կղերականներուն ուղղուած է այս խօսքը. Անոնցմէ ոմանք մարմաջն ունին դատելու ու դատապարտելու իրենց հաւատացեալները, մինչ իրենք կ՛իյնան նոյն սխալներուն մէջ։ կարգ մը տեղեր նոյնիսկ, եկեղեցականներ գէշ օրինակ կու տան իրենց դրամասիրութեամբ, սանձարձակ կեանքով, բայց մանաւանդ իրարու դէմ թշնամական վերաբերմունքով։ Սիրելի հաւատացեալ, միշտ նկատի առնելու ես Քրիստոսի խրատը. Ըրէք եւ պահեցէք ինչ որ ձեզի կը հրահանգեն, բայց մի կերպաւորուիք անոնց գործերուն համաձայն, այսինքն մի հետեւիք իրենց օրինակին. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2020, 07:32