Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ 

«Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ, մենք զմեզ դնել Աստուծոյ ներկայութեան մէջ». Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան։

Քառասնորդացի ընթացքին եկեղեցին բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ՝ կատարելու խղճի քննութիւն մը, որ կը կեդրոնանայ երեք հոգեւոր գործունէութիւններու կամ արարքներու վրայ՝ աղօթք, պահեցողութիւն, եւ ողորմութեան արարքներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յարգելի ունկնդիրներ կից կը ներկայացնենք Արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանի հետ՝ քառասնորդացի Մեծ Պահքի մասին զրոյց խորհրդածութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ  Յարութեան` Սուրբ Զատկուայ տօնը կանխող քառասուն օրերը կը կոչուին քառասնորդաց կամ Մեծ Պահքի շրջան, որուն ընթացին հաւատացեալները հրաւիրուած են  հետեւելու Յիսուսի օրինակին, որ քառասուն օրեր անցուց անապատին մէջ՝  ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով։

Քառասնորդաց շրջանի ընթացքին եկեղեցին բոլոր հաւատացեալները կը հրաւիրէ՝ կատարելու խղճի քննութիւն մը, որ կը կեդրոնանայ երեք հոգեւոր գործունէութիւններու կամ արարքներու վրայ՝ աղօթք, պահեցողութիւն, եւ ողորմութեան արարքներ։

Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ հետ խօսիլ, ամփոփուիլ ու մենք զմեզ դնել Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, մտերմիկ խօսակցութիւն ունենալով Անոր հետ։

Աղօթքը առանձին չի բաւեր ու անոր պէտք է ընկերանան նաեւ գործեր, կեանքի արարքներ, որոնց շարքին զոր օրինակ ապրիլ խաղաղութեան մէջ, հաշտ ըլլալ։ Հաշտ ոչ միայն Աստուծոյ հետ այլ նաեւ մեր շուրջիններուն հետ։ Ասոր համար Աղօթքին պէտք է միանայ Ծոմապահութիւնը ու անոր անմիջապէս հետեւի ողորմածութիւնը։

''Պահեցողութիւն լոկ ուտեստեղէնէ կամ խմիչքէ զրկում չէ, ան կը հայի նաեւ հոգեկան աշխարհին։ Ծոմ պահել չի նշանակեր միայն մենք մեզ զրկել որոշ «նիւթական» հաճոյքներէ, այլ սանձահարում դնել մեր յոռի միտումներուն ու հակումներուն, խուսափելով  մեղքէն։ Ծոմ Պահել կը նշանակէ ժուժկալ ըլլալ։

Ողորմածութիւն ալ կարիքաւորներուն միայն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելը չէ։ Ողորմած ըլլալ կը նշանակէ նաեւ Հոգեւոր գետնի վրայ ողորմածութիւն։ Այսինքն  գիտնալ ներել ուրիշներուն, գիտնալ ընդունիլ մեզմէ տարբերը,  զայն ընկալել  ինչպէս որ է ու խաղաղութեան մէջ ներել սխալները որ մեր դէմ կը գործուին։ «Հայր Մեր» աղօթքի մէջ արդարեւ կ՛ըսենք. Ներէ մեզի մեր պարտքերը՝ ինչպէս որ մենք կը ներենք մեր  պարտապաններուն։ Այն չափով որ մենք այս մէկը կատարենք Աստուած նոյնը պիտի ընէ մեր հետ։

Քառասնորդացի շրջանին քրիստոնեաները ապրելու են այս երեք արարքները, որոնք միայն վերացական աշխարհի չեն պատկանիր, ու պէտք է գործնականի վերածուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 08:54