Աստուծոյ  էութիւնը. համակ սէր է: Աստուծոյ էութիւնը. համակ սէր է:  

Աստուծոյ հայրութիւնը անօրինակ է (Ղուկաս 15, 11-32): Հ. Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը

Իրօք, Աստուծոյ հայրական սէրը անօրինակ է: Աստուծոյ էութիւնը. համակ սէր է:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Դժբախտութիւն  մը կը պատահի, աղէտ մը տեղի կ'ունենայ, իսկոյն զԱստուած կը հարցադրենք. «Ո՞ւր էիր Աստուած, երբ ջրհեղեղի կամ երկրաշարժի պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ կը կորսուէին,  երբ ոմանց տուները հրոյ ճարակ կը դառնային, երբ հազարաւոր անմեղ մանուկներ սովամահ կը մեռնէին...եւ երբ մէկ ու կէս միլիոն հայ կը ջարդուէր»:

Աստուածաբանները կը տքնին Աստուածաշունչ Մատեաններուն վրայ, պատասխան տալու նման հարցադրումներուն եւ պարզաբանելու դրդապատճառները Աստուծոյ «բացակայութեան»՝ վերոյիշեալ սրտակեղէք պատուհասներու ժամանակ:

Անձնական գետնի վրայ, արկածի մը առիթով, անբուժելի հիւանդութեան մը պարագային, սովոր ենք ըսել. « Ի՞նչ ըրի Աստուծոյ, որպէսզի այս փորձանքը գլուխս գայ»: Կամ ալ, անիրաւութեան մը հետեւանքով, ի նշան ըմբոստութեան, թէեւ առանց լուրջ համոզումի, կ'արտաբերենք. «Աստուած չկայ»:

Այս արտայայտութիւններուն ետին կ'ուրուագծուի որոշ անկատար պատկերացում մը եւ կամ՝ անճիշդ գաղափար մը Աստուծոյ մասին: Արդարեւ, ոմանց համաձայն, Աստուած՝ մօտէն հսկող, անկարգութիւնները տուգանող կամ չարագործները հալածող ոստիկան է. մինչդեռ ուրիշներուն կարծիքով, Ան տիեզերքի հրդեհները մարող հրշէջ մըն է, կամ ալ՝ դատավճիռներ արձակող դատաւոր մը:

Ընդհակառակը, Անառակ Որդիին առակը բոլորովին տարբեր պատկեր մը կը ներկայացնէ Աստուծոյ մասին:

Առակին համաձայն, հօրը առնչութիւնը կրտսեր զաւակին հետ յատկանշուած է երիտասարդին անկաշկանդ ազատութեամբ՝ իր ընտանիքէն զատուելու, ագարակային աշխատանքէն հրաժարելու եւ երջանկութեան հետամտելու: Ան իր հօրը ժառանգութենէն իրեն ինկած բաժինը պահանջելէ ու ստանալէ ետք՝ կը մեկնի հեռու աշխարհ: Հայրը ակամայ կը հանդուրժէ կամակոր զաւակի որոշումին: Հայրական այս գործելաոճը գերազանցապէս իւրայատուկ է Աստուծոյ, որ լիուլի կը յարգէ մարդ էակին ազատութիւնը: Ան «պարզամիտ» ըլլալու աստիճան անօրինակ պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ նկատմամբ մեր քմահաճ դիրքորոշումներուն:

Յետին չքաւորութեան մատնուած ու իր գործած յանցանքի ծանրութեան գիտակից՝ Անառակը տուն դառնալով, կացութիւնը անհանդուրժելի փուլի մը մէջ կը մտնէ:  Հոս, հօրը «պարզամտութիւնը» առաւել կը շեշտուի, զի առանց որեւէ պայմանի կ'ընդունի իր զաւակը, որուն կեանքը համակ ձախողութիւն, սնանկութիւն եւ անպատուաբեր անկում եղած է, խոզերուն հետ ապրելու աստիճան: Ան սիրով, կարօտով եւ առանց որեւէ յանդիմանութեան կամ դիտողութեան՝ բազկատարած կ'ողջագուրուի թափառաշրջիկ, ցնցոտիաւոր ու գարշահոտ զաւակին հետ:

Զաւակին յայտնած ծայր աստիճան ապերախտութեան ու սանձարձակութեան կը հակադրուին հօրը ցուցաբերած ծայր աստիճան անյիշաչարութիւնն ու անօրինակ ներում մը:

Իրօք, Աստուծոյ հայրական սէրը անօրինակ է: Պարզ պատկերացումով մը արտայայտուելու համար կրնանք հաստատել, որ Աստուած նման է այդ ընտանիքի հօր, որ չափահաս տարիքի հասած եւ իրենց անկախութիւնը հետապնդող զաւակներուն կ'ըսէր. « կ'ուզէք տունը ձգել եւ անհամբեր էք ձեր կեանքն ապրիլ. ինչո՞ւ չէ. ազատ էք: Բայց, եթէ օրին մէկը, դժուարութեան մը բախիք կամ դժբախտութեան մը հանդիպիք, գիտցէ'ք, որ դուռս բաց է գիշեր ցերեկ: Կրնաք միշտ ետ գալ: Ես ալ, միշտ պատրաստ եմ, կրցածիս չափ ձեզի օգնելու»:

Այ'ս է Աստուծոյ  էութիւնը. համակ սէր:

Այս բաց դուռը նշան է հայրական սրտբացութեան: Առակին մէջ, հօր սիրալիր ընդունելութիւնը եւ կատարած տօնախմբութիւնը Իր «կորսուսծ» զաւակն՝ «բնականոն չէ»: Այ'ս էր նաեւ գաղափարը երէց եղբօր, որ կը զայրանայ տեսնելով իր հօր սարքած խրախճանքը ի պատիւ «անառակութեամբ ապրած» կրտսեր եղբօր: Ան անարդար կը գտնէ իր հօր վարուելաձեւը, ու մենք ալ տարուած ենք անոր համախոհ ըլլալու: Սակայն, հայրը, փոխանակ չքմեղելու սարքուած խրախճանքը, իր երջանկութիւնը կ'արտայայտէ՝ ըսելով.     «Այս զաւակս մեռած էր եւ ողջացաւ»: Ան հրճուած էր իր զաւակը  ողջ տեսնելով եւ կ'ուզէ, որ բոլոր տնեցիները բաժնեկից ըլլան իր ուրախութեան: Այ'ս է անօրինակ սիրոյ ուրախութիւնը, վերագտնուած կեանքի առթած բերկրանքը:

Երէց եղբայրը  չի' կրնար զայն ըմբռնել, որովհետեւ ինք հայր չէ':

Երբ ծնողներ կը ներեն իրենց զաւակը սպաննողին, երբ ունեւորներ կ'ընդառաջեն ընչազուրկներուն կարիքները բաւարարելու, երբ հարուստներ բարեսիրական ձեռնարկներուն կը նպաստեն, երբ խաղաղութեան ձեռք կը կառկարենք հակառակորդին, երբ ողորմութեան գործեր կը կիրարկենք, այ'ն ատեն միայն կը սկսինք նմանիլ, թէկուզ դոյզն չափով, Աստուծոյ անօրինակ սիրոյն, որուն գերազանց արտայայտութիւնը կը գտնենք Քրիստոսի Զոհաբերումը յաւերժացնող Սուրբ Պատարագին մէջ:

Արդարեւ, Սուրբ Զոհի ատեն, մեր Տէրը անօրինակ սէրէ մղուած՝ կը մատուցուի «վասն մերոյ փրկութեան»:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2020, 08:44