Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ 

Ծիսական գիտելիքներ։ Քառասնորդաց Ե. Կիրակի, Դատաւորի կիրակի (22-29 Մարտ 2020)։

Առակի վերջաւորութեան` Քրիստոս հարցում մը կ՛ընէ որ տեղին է, մանաւանդ այս օրերուս համար։ Կը հարցնէ. Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Յիսուս հաւատքի մասին կը խօսի, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ է որ հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի կը հաստատուի։

Քառասնորդաց հինգերորդ շաբաթը անիրաւ դատաւորի նուիրուած շաբաթն է. Անշուշտ օրինակը որ մեզի կ՛ուզէ տալ Քրիստոս այս առակով դատաւորը չէ, այլ աղքատ այրի կինը, որ չի դադրիր աղօթելէ եւ պաղատելէ որպէսզի իր դատը տեսնուի եւ իր իրաւունքը կարենայ ստանալ։ Որքա՜ն անձեր աշխարհիս վրայ իրաւազրկուած կը մնան, կամ որովհետեւ դատաւորը անարդար է, կամ որովհետեւ հարկ եղած միջոցները չունին իրենք զիրենք յարմարագոյն կերպով պաշտպանելու։ Այսօրուայ առակին մէջ` այս երկու պարագաներն ալ իրարու կը հանդիպին. Սակայն ի վերջոյ այրին իր իրաւունքին տէր կը դառնայ շնորհիւ իր անձաձնրոյթ յարատեւութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Առակի վերջաւորութեան` Քրիստոս հարցում մը կ՛ընէ որ տեղին է, մանաւանդ այս օրերուս համար։ Կը հարցնէ. Երբ Մարդու Որդին գայ, աշխարհիս վերջաւորութեան, տակաւին հաւատք պիտի գտնէ՞ աշխարհիս վրայ։ Յիսուս հաւատքի մասին կը խօսի, որովհետեւ աղօթքի միջոցաւ է որ հաւատքը կը զօրանայ եւ աւելի կը հաստատուի։

Ուստի աղօթքը, մանաւանդ յարատեւ աղօթքը, հաւատացեալին մէջ կը յառաջացնէ գիտակից հաւատք մը, որ զինք կը դարձնէ կարող միշտ մօտ ըլլալու Աստուծոյ եւ գործելու անոր սուրբ կամքին համաձայն։

Չորեքշաբթի  25 Մարտին` հայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Աստուածածնայ Աւետումը` Գաբրիէլ հրեշտակի կողմէ։ Նոյն տօնը Հայ առաքելական Եկեղեցին կը կատարէ Ապրիլ 6-ին, տրուած ըլլալով որ Քրիստոսի Ծնունդը կը տօնէ Յունուար 6-ին։ Աւետումը Քրիստոսի կեանքին սկզբնաւորութիւնն է աշխարհի վրայ. Մարիամ նոյն օրը կը յղանայ Աստուծոյ Որդին իր արգանդին մէջ, Սուրբ Հոգւոյ ազդեցութեամբ։

Շաբաթ 28 Մարտին` տօնն է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի մուտքին Խոր Վիրապին մէջ։ Նոյն Սուրբի երեք տօներուն առաջինն է, որ կը յիշեցնէ մեզի իր չարչարանքներն ու բանտարկութիւնը 13 տարիներ ամբողջ` մութ զնտանի մը մէջ։

Այս շաբթուան ընթացքին –ինչպէս քառասնորդաց միւս շաբաթներուն-  զանազան հին Եկեղեցիներէն պիտի խօսինք Բիւզանդիոնի  Եկեղեցիին մասին։

Կարգով` Եկեղեցիներու եւ պատրիարքութիւններու վերջինն է Բիւզանդիոնի Եկեղեցին, որ սկսաւ գործել եւ Պատրիարքութիւններու մէջ կարեւոր տեղ գրաւել, քանի կայսերական քաղաք հանդիսացաւ 325-ին։ Այսպէս` Քաղկեդոնի ժողովի որոշումով, 451-ին, Բիւզանդիոնի Պատրիարքութիւնը երկրորդ կարգի բարձրացաւ, անմիջապէս Հռոմի աթոռէն ետք։ Բիւզանդական ծէսի հիմնական լեզուն յունարէնը եղաւ, թէպէտ արդէն յունարէն լեզուն վաղուց մտած էր միւս բոլոր ծէսերուն մէջ, Անտիոքի, Աղեքսանդրիոյ եւ նոյնիսկ Հռովմէական ծէսին մէջ։

Բիւզանդիոնի կամ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին ընդհանրապէս նահատակներ չունի, քանի արդէն քրիստոնէութիւնը ազատ կրօն հռչակուած էր բոլոր կայսրութեան մէջ. Սակայն ան ունի բազմաթիւ Սուրբ Հայրեր, որոնց մէջէն ամէնէն նշանաւորն է Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան։ Անոնց մէջ կարելի է նաեւ նշել Սուրբ Գրիգոր աստուածաբանը, ինչպէս նաեւ Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Սուրբ Բարսեղ եւ Ս. Գրիգոր Նիւսացի. Կարելի չէ նաեւ չնշել Մեծն Կոստանդիանոսի մայրը` Սրբուհի Հեղինէն, որ ամէն  ջանք թափեց գտնելու համար Քրիստոսի խաչափայտը։

Նախապէս այս Եկեղեցւոյ շատ մօտ էր հայկական Եկեղեցին, սակայն գլխաւորաբար Քաղկեդոնի ժողովին պատճառաւ` որոշ հակառակութիւն մը ստեղծուեցաւ երկու Եկեղեցիներուն միջեւ, որ յանգեցաւ վերջնական խզումի եւ բաժանումի 7-րդ դարուն սկիզբը։

Կիրակի 29 Մարտը՝  Զ.կիրակին Քառասնորդաց, Գալստեան կիրակի է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2020, 09:16