Սուրբ Հաղորդութիւնը Սուրբ Հաղորդութիւնը 

Հոգեւոր Հաղորդութեան նուիրուած խոկումներ:

Հոգեւոր Հաղորդութեան ներգործութիւնը կը բխի հաւատքով տոգորուած սիրոյ բաղձանքէն՝ հաղորդուելու Յիսուսի, այ'ն պարագային, երբ հաւատացեալը անկարելիութեան մէջ կը գտնուի՝ զԱյն սրբագործուած հացի եւ գինիի տեսակներուն ներքեւ ընդունելու:

Հայր Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեանի Հոգեւոր Հաղորդութեան նուիրուած խորհրդածութիւնը

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Քորոնա» ժահրի պատճառով, Սուրբ Պատարագները, ցնոր տնօրինում, առկախուեցան երկրագունդին բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, եւ քրիստոնեաները զրկուեցան Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան հաղորդուելէ:

 Առ այդ, Կաթողիկէ Սուրբ Եկեղեցին ժամանակաւորապէս արձակելով հաւատացեալները կիրակնօրեայ Պատարագին մասնակցելու պարտաւորութենէն, կը խրախուսէ զանոնք դիմելու Հոգեւոր Հաղորդութեան, որպէսզի իրենց մտերմութիւնը պահեն նախախնամող ու բազումողորմ Տիրոջ հետ:

Հոգեւոր Հաղորդութեան ներգործութիւնը կը բխի հաւատքով տոգորուած սիրոյ բաղձանքէն՝ հաղորդուելու Յիսուսի, այ'ն պարագային, երբ հաւատացեալը անկարելիութեան մէջ կը գտնուի՝ զԱյն սրբագործուած հացի եւ գինիի տեսակներուն ներքեւ ընդունելու:

Իբրեւ առանձնաշնորհեալ միջոց միանալու Քրիստոսի՝ Հոգեւոր Հաղորդութեան արժէքը հիմնուած է Քրիստոսի ներկայութեան վրայ՝ Գոհաբանութեան Խորհուրդի մէջ, իբրեւ աղբիւր կեանքի, սիրոյ եւ միութեան:

Ներգործութիւն Հոգեւոր Հաղորդութեան

«Քորոնա» ժահրի աշխարհասասան երեւոյթի առիթով

Տէ'ր իմ եւ Աստուած իմ, հաստատապէս կը հաւատամ, որ Դուն ներկայ ես Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին մէջ:

Քեզ ամբողջ սրտով կը սիրեմ ու Քեզի միացած ըլլալ կը բաղձամ:

Այսօր, պիտի ուզէի Քեզ հոգիիս մէջ ընդունիլ, սակայն «Քորոնա« ժահրի պատճառած համաճարակի հետեւանքով, զրկուած եմ Սուրբ Զոհիդ մասնակցելու հնարաւորութենէն:

Ի տես համատարած աւերներուն եւ յանուն տառապող մարդկութեան, ճարահատ՝ Քեզի կը դիմեմ, որ ներկայ ժամանակին, Հոգեւոր Հաղորդութեան զօրութեամբ եւ Խաչիդ նշանով,

Մեզմէ Աշխարհակործան համաճարակը հեռացնես,

Մեզ պատող վախը փարատես,

Մեր մեղսաթաթաւ ձեռքերը հականեխես,

Մեր չարախօս բերանը ախտահանես,

Մեր կեղծաւոր գիրկընդխառնումները վնասազերծես,

Մեր մատնիչ համբոյրները մաքրազտես,

Մեզ բարեխնամ ձեռնոցներով օժտես ,

Մեզի յուսադրիչ դիմակներ պարգեւես,

Մեր ինքնամեկուսացումը՝ ներկայութեամբդ լիացնես,

Մեր փոթորկոտ սիրտն ու միտքը հանդարտեցնես,

Մեր վրդոված հոգին խաղաղեցնես,

Բժիշկներն ու հիւանդապահները անվտանգ պահես,

Մեզ երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներէն պաշտպանես,

Ժահրէն վարակուածները ապաքինես,

Անոր խլած զոհերուն հոգին լուսաւորես,

Ու մեզի՝ բոլորիս ողորմիս,

 Բարեխօսութեամբ սրբուհւոյ Աստուածածնին, անարատ ծնողի Միածնի Որդւոյ քո, եւ աղաչանօք ամենայն սրբոց քոց: Ամէն:

Գէորգ Ծ. Վ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2020, 09:36