Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի յանձնախումբի 40 ամեակը Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի յանձնախումբի 40 ամեակը 

40 Տարիներէ ի վեր Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի յանձնախումբը կ՛ընկերանայ Եւրոպային։

Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի պարտականութիւններէն է վերահսկել Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացին վրայ ու իրազեկ եւ զգայուն դարձնել Եւրոպայի կաթողիկէները օրէնսդրական զարգացումներուն նկատմամբ, Եւրոմիութեան իշխանութիւններուն հետ պահպանելով կանոնաւոր երկխօսութիւն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 մարտ 2020-ին նշուեցաւ Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբի ստեղծման 40 ամեակը։

Սուրբ Աթոռի հաւանութեամբ 1980-ի ստեղծուած վերոնշեալ յանձնախումբը ծնունդ առաւ որպէս կապի միջոց ընդմէջ Եւրոպայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն եւ Եւրոպայի հասարակութիւններուն։ Անոր պարտականութիւններէն է վերահսկել Եւրոմիութեան քաղաքական գործընթացին վրայ ու իրազեկ եւ զգայուն դարձնել Եւրոպայի կաթողիկէները՝ օրէնսդրական զարգացումներուն նկատմամբ, Եւրոմիութեան իշխանութիւններուն հետ պահպանելով կանոնաւոր երկխօսութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ տարեդարձին առթիւ Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբը («Comece»)  հրապարակեց նոր խորհրդանիշ մը ու յայտարարեց 25 մարտին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք նոր ձեռնարկ մը:

«Comece»ի ընդհանուր քարտուղար՝ Հայր Մանուել Էնրիքէ Պարրիոս Փրիեթոն, Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, 40 տարուայ աշխատանքի հաշուեկշիռը ներկայացնելով յայտնեց թէ այդ հաշուեկշիռը կարելի է նկատել դրական ու թէ « Comece»ի միջոցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցին որակեալ ներկայութիւն կարելի է համարել Եւրոմիութեան մէջ, որուն պարտականութիւններէն է Եւրոպայի Իշխանութիւններուն փոխանցել Եկեղեցւոյ մտահոգութիւնները ու անոր զգայնութիւնները ու միւս կողմէն Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերուն   փոխանցել Եւրոպական Իշխանութիւններուն աշխատանքի ընթացքը։ «Ան տեսակէտով մը կապ ու կամուրջ է ընդմէջ Եկեղեցւոյ ու Եւրոպայի իշխանութիւններուն» ըսած է « Comece»ի ընդհանուր քարտուղարը ու այս մէկը կը կատարէ կազմակերպուած հաւաքներով, գիտաժողովներով ու ձեռնարկներով։

“Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնախումբը իր ստարը կու տայ հիմնուելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան ուսուցումներուն վրայ։”

Խօսելով ապա Եւրոմիութեան եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերու յանձնախումբի դիմաց կայացած մարտահրաւէրներու մասին՝ Հայր Մանուել Էնրիքէ Պարրիոս Փրիեթոն նշեց թէ անոնք Եւրոպայի միեւնոյն մարտահրաւէրներն են, որոնց ուղղութեամբ  «Comece» էն կը ջանայ իր նպաստը  բերել, հիմնուելով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան ուսուցումներուն վրայ, հաւատքի ու Աւետարանի վրայ։

Մարտահրաւէրներու շարքին է անկասկած բնապահպանութիւնը, կայուն տնտեսութիւնը ինչպէս նաեւ գաղթականութեան ու փախստականներու հարցի դիմագրաւումը։

Եւրոպան պէտք է գիտնայ այս տագնապը դիմագրաւել արժանավայել կերպով։ Հաստատած է միշտ «Comece»ի  ընդհանուր քարտուղարը ակնարկելով նաեւ այլ մարտահրաւէրներուն՝ ինչպէս զօր օրինակ, եւրոմիութեան ընդլայնումը, թուայնացումը, արհեստական բանականութիւնը….

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2020, 10:48