Արամ Ա վեհափառ հայրապետը Արամ Ա վեհափառ հայրապետը 

«Հոգեւոր կեանքի վերանորգումը հրամայական է» Արամ Ա. Կաթողիկոս :

Մեծ Պահքի այս առաջին օրերուն, Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Բաժանմունքը հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որպէսզի մեր ժողովուրդը հաղորդ պահէ հոգեւոր կեանքին առնչուած Նորին Սրբութեան մտածումներուն ու թելադրութիւններուն։

1) Ուրախ ենք Վեհափառ Հայր, ու մեծապէս շնորհակալ որ Մեծ Պահոց շրջանը Ձերդ Սրբութեան հետ մեր ունեցած ներկայ հարցազրոյցով կը բացուի։ Մեծ Պահքը հոգեւոր կեանքի վերանորոգման առիթ է։ Ի՞նչ կը հասկնանք հոգեւոր կեանք ու հոգեւոր արժէք ըսելով։

Նախ, ի՞նչ կը հասկնանք արժէք ըսելով։ Արժէքը կը մատնանշէ երեւոյթ մը, խորհրդանիշ մը, իտէալ մը, դէպք մը, երազ մը, որ խտացումն է անհատի մը, կրօնի մը կամ ազգի մը հարազատ մտածումներուն ու ձգտումներուն, անոր ինքնաճանաչման ու էութեան, հունաւորելով անոր կեանքի ճամբան, եւ որոշակի նպատակ տալով անոր կեանքին։ Հետեւաբար, այն անհատը, կրօնը կամ ազգը, որուն կեանքը դատարկ է արժէքներէ, փաստօրէն կը դառնայ անբովանդակ, անդիմագիծ ու աննպատակ գոյութիւն։ Մարդկային կեանքի զանազան բնագաւառներուն առնչուած արժէքներ գոյութիւն ունին, ինչպէս հոգեւոր, բարոյական, իմացական, քաղաքական եւլն.։ Աստուածաշունչն է մեր հոգեւոր արժէքներուն աղբիւրը եւ որպէս քրիստոնեայ ազգ՝ մեր արժէքներու համակարգին հիմքը։ Հոգեւոր արժէքներու գանձարանին կը պատկանին նաեւ աստուածաշնչական արժէքները իրենց կեանքին մէջ ապրած ու վկայած մեր սուրբերուն ու եկեղեցւոյ հայրերուն վարքն ու հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մեր ազգին ու եկեղեցւոյ կեանքին առնչուած նշանակալից երեւոյթներ ու դէպքեր, օրինակ, Լուսաւորչի հոգեւոր յեղափոխութիւնը, Մաշտոցի հոգե-իմացական զարթօնքը, Վարդանանց իմացեալ մահը եւ անոնցմէ ճառագայթող արժէքները ու իտէալները։ Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք հոգեւոր կեանք ըսելով։ Ընդհանուր բացատրութեամբ հոգեւոր կը նկատուի այն կեանքը, որուն առանցքը ու շրջագիծը առաւելաբար հոգեւոր արժէքներն են. այլ խօսքով՝ հոգեւոր արժէքներով ապրուած ու շաղախուած կեանքը։ Քրիստոսի հետեւելու որոշումը առած ոեւէ անձի կեանքը, բնականաբար, հոգեւոր կեանք պէտք է ըլլայ՝ Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներով զսպանակուած ու իմաստաւորուած։ Քրիստոնեայ մարդուն կեանքը որքանո՞վ հոգեւոր է. սա այլ հարց է։ Տակաւին անցեալ շաբաթ նշեցինք Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօները։ Յիշենք անոնց պատասխանը Յազկերտին.- քրիստոնէական հաւատքը հագուստ չէ որ փոխենք, այլ մեր մորթին գոյնն է. այլ խօսքով՝ մեր ինքնութիւնը։ Արդ, մեր ինքնութիւնը կազմող արժէքները ու ճշմարտութիւնները պէտք է ապրիլ՝ կեանքի, գործի ու նպատակի վերածել։

2) Վեհափառ Տէր, ի՞նչ կապ կը տեսնէք հոգեւորին ու ազգայինին, հոգեւոր դաստիարակութեան ու հայեցի դաստիարակութեան միջեւ։

Հոգեւորը կարելի չէ անջատել մարդկային կեանքի միւս տարածքներէն կամ մարզերէն։ Աստուծոյ Որդին մարդացաւ մարդուն մէջ ապականած կեանքը մաքրելու ու ճշմարիտ մարդը վերականգնելու համար։ Քրիստոս մարդերէն, ընկերութենէն հեռու չ’ապրեցաւ. ընդհակառակը, իր առաքելութեան բոլոր հանգրուաններուն, մարդը իր շրջապատով ու երկրաւորը իր ապականութեամբ մնայուն ներկայութիւն դարձան, որպէսզի Քրիստոս կարենայ զանոնք իր երկնային արժէքներով շաղախել։ Հետեւաբար, կարելի չէ բաժանման գիծեր հաստատել հոգեւորին ու ոչ-հոգեւորին միջեւ։ Արեւմուտքի մէջ կատարուած բաժանումները իրաւական ու ձեւական են, ոչ գոյութենական։ Միաստուածեան կրօնները կը մերժեն նման բաժանումներ։ Նայեցէք քրիստոնէութեան պատմութեան հոլովոյթին։ Քրիստոնէութիւնը մուտք գործելով ազգերու կեանքին մէջ իւրացուց տուեալ ազգի ընկերային, մշակութային, ազգային տարրերը, կերպերը, աւանդութիւնները լայն չափով նոյնանալով ազգին հետ։ Կրօն եւ ազգ նոյնացումը աւելի շեշտակի էր մեր ազգի պարագային։ Յաճախ շեշտած եմ, թէ քրիստոնէական կրօնքը ընդունելով հայութիւնը քրիստոնէացաւ ու քրիստոնէութիւնը հայացաւ մեր կեանքէն ներս։ Պահելով հանդերձ իրենց իւրայատուկ նկարագիրը, անոնք դարձան մէկ ու համապարփակ ինքնութիւն։ Հայ կեանքէն ներս կարելի չէ հոգեւորը հասկնալ առանց ազգայինին, եւ՝ փոխադարձաբար։ Այսպէս եղած է մեր կեանքի ճանապարհը ու մեր պատմութեան ընթացքը։ Երբ կ’ըսենք "ազգային եկեղեցի", լոզունգ չէ սա, այլ հարազատ բնորոշումը ազգային գոյն ու նկարագիր ստացած - սակայն առանց եկեղեցւոյ ինքնութիւնը կազմող հիմնական տարրերէն հեռացած - մեր եկեղեցւոյ։ Արդ, հոգեւորին ու ազգայինին միջեւ տարանջատում կատարելը ճիշդ մօտեցում չէ։ Անոնք իրարու հետ սերտօրէն ընդելուզուած են։ Կարելի չէ հոգեւորը ապրիլ, առանց ազգայինին, եւ՝ փոխադարձաբար։ Հարցումի երկրորդ բաժնին անդրադառնալով, կ’ուզեմ նոյն մօտեցումը կրկնել։ Ինչպէս մեր մտածելակերպին, գործելակերպին ու կենցաղակերպին մէջ տարանջատում չի կրնար ըլլալ հոգեւորին ու ազգայինին միջեւ, նոյնպէս նաեւ՝ դաստիարակութեան։ Նման մօտեցում խոտոր կը համեմատի մեր ըմբռնումներուն, մեր ինքնութեան ու մեր պատմութեան հետ։ Երբ մարդակերտում կամ հայակերտում կ’ըսենք, կը հասկնանք միաժամանակ հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութիւն։ Չենք կրնար, իրաւունք չունինք, մեր հոգեւոր արժէքներէն հեռու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել։ Նոյնպէս, կարելի չէ կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել հեռու մեր ազգային արժէքներէն։

3) Վեհափառ Տէր, եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը ու եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնը անհրաժեշտութի՞ւն է հոգեւոր կեանք ապրելու համար։

Կ’ուզեմ անդրադառնալ երկու բառերու՝ պատկանելիութիւն եւ մասնակցութիւն։ Արեւմտեան քրիստոնէութեան մէջ վերջին տասնամեակներուն մտածողութիւն մը սկսած է տեղ գտնել, որուն համաձայն, յստակ տարբերութիւն ու նաեւ բաժանում մը կը դրուի պատկանելու ու հաւատալու միջեւ։ Կ’ըսուի, թէ հաւատալու համար նախապայման չէ պատկանիլը. այլ խօսքով՝ եկեղեցւոյ անդամ ըլլալը անհրաժեշտ չէ քրիստոնեայ ըլլալու եւ հաւատալու համար։ Այս մասին անդրադարձած եմ անգլերէն լեզուով գրուած գիրքերուս մէջ։ Հոս կ’ուզեմ հակիրճ կերպով ըսել, որ նման մօտեցում պարզապէս հերետիկոսութիւն է, նոր օրերու աղանդաւորական շարժումներու ուսուցումներուն մաս կազմող։ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Քրիստոսի հաւատալ. չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը՝ ով որ ինծի կը հաւատայ, ետեւէս թող գայ։ Քրիստոսի ետեւէն երթալ կը նշանակէ եկեղեցւոյ պատկանիլ, որովհետեւ եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է՝ Քրիստոսի առաքելութիւնը շարունակող։ Արդ, եկեղեցւոյ պատկանելիութենէն դուրս կարելի չէ քրիստոնեայ ըլլալ։ Թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ որքանո՞վ կ’արժեւորէ իր պատկանելիութիւնը, սա ուրիշ հարց է։ Իսկ ի՞նչ կը հասկնանք մասնակցութիւն ըսելով։ Եկեղեցւոյ պատկանիլ կը նշանակէ մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին, ինչպէս աշակերտը կը մասնակցի դպրոցի կեանքին, կամ կազմակերպութեան մը անդամը այդ կազմակերպութեան գործունէութեան։ Այլապէս, եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը կը դառնայ անուանական։ Արեւմտեան աշխարհին մէջ, ոմանք կը կարծեն, որ եկեղեցւոյ անդամատուրք վճարելով եկեղեցւոյ իրենց պատկանելիութիւնը կը հաստատեն ու այս ձեւով մասնակցած կ’ըլլան եկեղեցւոյ կեանքին։ Դժբախտաբար, նոյն մտայնութիւնը սկսած է տեղ գրաւել նաեւ արեւմտեան երկիրներու մէջ հաստատուած մեր ծխային եկեղեցիներէն ներս։ Սա սխալ մօտեցում է։ Եկեղեցւոյ մեր պատկանելիութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտենք մասնակից դառնալով եկեղեցւոյ կեանքին։ Կ’ուզեմ նաեւ աւելցնել, թէ ոմանք կը կարծեն, որ իրենք արդէն հոգեւոր կեանք կ’ապրին հետեւաբար եկեղեցւոյ համայնական կեանքին մասնակցելու կարիքը չեն զգար։ Այլ սխալ մը։ Կ’ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնց կեանքին մէջ շեշտուած են հոգեւոր արժէքները։ Սակայն, անոնք պէտք չէ մտածեն, թէ կարիքը չունին եկեղեցւոյ, թէ արդէն փրկուած են, եւ անհրաժեշտութիւնը չեն տեսներ եկեղեցւոյ քարոզչութեան ու առաքելութեան։ Ոեւէ քրիստոնեայ իրաւունք չունի ինքզինք կատարեալ քրիստոնեայ նկատելու, փրկուած անձ համարելու. Աստուած է մեր բոլորին դատաւորը։ Մենք բոլորս մեր մկրտութեամբ ուխտած ենք Քրիստոսի հետեւել. մեր կեանքը հաւատքի ուխտագնացութիւն է։ Մեր հաւատքի երթի ընթացքին կրնանք սխալիլ, մոլորիլ ու մեղանչել։’ Ճշմարիտ քրիստոնեան այն է, որ կը խոստովանի իր մեղքերը, կ’ապաշխարէ եւ կը շարունակէ իր հաւատքի երթը, միշտ եկեղեցւոյ կեանքի շրջագծէն ներս։

4) Վեհափառ Տէր, բնականաբար եկեղեցին հոգեւոր կառոյց է։ Ուստի, միայն հոգեւորի՞ սահմաններուն մէջ պէտք է մնայ իր առաքելութիւնը։

Նախ կ’ուզեմ կարեւորութեամբ շեշտել, թէ այո° եկեղեցին կառոյց ունի, սակայն կառոյց չէ իր էութեամբ։ Եկեղեցին առաքելութիւն է։ Այս ծիրէն ներս ու այս հայեցակէտով հարկ է դիտել ու արժեւորել եկեղեցւոյ առնչուած որեւէ երեւոյթ կամ խնդիր։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Քրիստոսի առաքելութեան շարունակութիւնն է։ Աւետարանին վերջին տողերուն մէջ կը կարդանք, թէ Քրիստոս իր աշակերտներուն պատուիրեց շարունակել իր երկրաւոր առաքելութիւնը։ Քրիստոսի առաքելութիւնը, անոր բնոյթն ու նպատակը յստակօրէն պարզուած են Նոր Կտակարանին մէջ։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը մարդուն մէջ աստուածային պատկերին ու աստուածատուր կոչումին վերահաստատումն է ի խնդիր Աստուծոյ թագաւորութեան այս երկրի վրայ հաստատման։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը՝ ծառայութիւն է աղքատին ու հիւանդին, պաշտպանութիւն՝ զրկուածին ու հալածուածին, պայքար՝ անարդարութեան ու փտածութեան դէմ։ Եկեղեցւոյ առաքելութեան նպատակը Քրիստոսի աշխարհ բերած արժէքներուն տարածումն է, եւ այդ արժէքներով ընկերութեան կեանքին պայծառակերպումն է։ Արդ, ուր որ ատելութիւն կայ, եկեղեցին կոչուած է սէր քարոզելու. ուր անարդարութիւն գոյութիւն ունի, արդարութիւն սերմանելու։ Այս մօտեցումը հարկ է ունենալ եկեղեցւոյ առաքելութեան նկատմամբ։ Ճիշդ չէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը սահմանափակել, այսպէս կոչուած հոգեւոր կեանքի շրջագծէն ներս։ Դիտեցէք ձեր շուրջը։ Եկեղեցին ներկայութիւն է ընկերութեան կեանքին մէջ, ըսելիք ու ընելիք ունի մարդկային կեանքի բոլոր մարզերէն ներս՝ կենսոլորտէն մինչեւ տնտեսութիւն ու քաղաքականութիւն, միշտ մեկնելով իր հաւատքի ուսուցումներէն ու արժէքներէն, սկզբունքներէն ու ճշմարտութիւններէն։ Հետեւաբար, եկեղեցին թերացած կ’ըլլայ իր քրիստոսատուր կոչումին մէջ երբ հեռու մնայ ընկերութենէն եւ դառնայ սոսկ ծիսակատար կառոյց ու վարչական կեդրոն։

5) Ի՞նչ ըսելիք ունիք Վեհափառ Տէր, մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր վերանորոգման մասին։

Մեր եկեղեցւոյ վերանորոգման մասին յաճախ անդրադարձած եմ։ Սա հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Այս գծով կ’ուզեմ շեշտել հետեւեալ կէտերը.- ա) հոգեւոր արժէքներու վերաշեշտումը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հրամայական է յատկապէս ներկայ ժամանակներուն, երբ մարդուն մէջ հոգեւորը սպաննող հոսանքները սկսած են դառնալ աւելի ահեղ։ բ) Հոգեւոր արժէքներու վերանորոգումը պէտք է դառնայ մնայուն ընթացք՝ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Հարկ է որ մեր եկեղեցին աւանդական ու ծիսական սահմաններէն անդին այնպիսի ազդու միջոցներու դիմէ, մանաւանդ ծխային մակարդակի վրայ, որով կարելի դառնայ հոգեւոր արժէքներու կենսաւորումը մեր ընտանիքներու ու զաւակներու կեանքէն ներս։ Այս գծով հայ դպրոցը, կիրակնօրեայ վարժարանը եւ մեր ծխատէր քահանայ հայրերը կարեւոր դեր ունին։ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական ու Տեղեկատուական բաժանմունքները միշտ պատրաստ են իրենց գործօն աջակցութիւնը բերելու նման աշխատանքներու։

6) Վեհափառ Տէր, Մեծ Պահոց սեմին ի՞նչ պատգամ ունիք մեր ժողովուրդին։

Մեծ Պահքը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդին համար։ Եկեղեցւոյ արտաքին տեսքը, շարականները ու աղօթքները կը փոխուին, հաւատացեալներուն ճաշացուցակը կը փոխուի եւ այս ձեւով անցեալէն եկող մեր աւանդութիւնները լայն չափով կը շարունակուին։ Սակայն, էականը ներքին փոփոխութիւնն է։ Մեծ Պահքը ինքնաքննութեան ու ինքնասրբագրման առիթ է ու հրաւէր։ Բոլորս ալ մեղաւոր ենք, հակամէտ ենք մեղանչելու։ Սակայն Քրիստոսով զօրացած պէտք է ապաշխարենք, որպէսզի կարենանք մաքրուիլ մեր մեղքերէն։ Մեծ Պահքը հոգեւոր վերազարթօնքի, Աստուծոյ դառնալու եւ մկրտութեամբ Քրիստոսը մեր կեանքին ճանապարհը ու ճշմարտութիւնը դաւանելու մեր կնքած ուխտին վերանորոգումն է։ Մեծ Պահքի շրջանին մեր ժողովուրդի զաւակները ա°յս գիտակցութեամբ պէտք է մասնակից դառնան մեր եկեղեցւոյ կեանքին։

Քաղուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքէջէն 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/03/2020, 10:21