Որոնել

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու համատեղ յայտարարութիւն։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու համատեղ յայտարարութիւն։ 

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Հոգեւոր Առաջնորդներու համատեղ յայտարարութիւն։

Այս օրերուն, երբ հոգեպէս կը պատրաստուինք տօնախմբել մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, կ՛ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը հանդէպ Անոր փրկչական զօրութեան՝ Սուրբ Խաչի ճամբով։

«Ես Տիրոջ Դիմեցի, Եւ Աղօթքիս Պատասխանեց, Զիս Ազատեց Բոլոր Վախերէս» (Սղ. 34.4)

Մենք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգաց հայ հոգեւոր առաջնորդներս, որպէս «անուշաբոյր խունկ» մեր սրտաբուխ աղօթքները կը վերառաքենք առ Աստուած եւ կը խնդրենք, որ Տէրը ընդունի մեր աղաչանքները որպէս «երեկոյեան պատարագ» (Հմմտ. Սղ 141.2)։

Ունկնդրէ լուրը

Վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունի Աստուծոյ հանդէպ, «Որովհետեւ Ան ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ Իր զօրութեամբը»  (Ա․Կր 6.14)։

Այս օրերուն, երբ հոգեպէս կը պատրաստուինք տօնախմբել մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, կ՛ուզենք վերահաստատել մեր հաւատքը հանդէպ Անոր փրկչական զօրութեան՝ Սուրբ Խաչի ճամբով։ Կը հրաւիրենք վերյիշելու անցեալի եւ մեր օրերու աստուածային հրաշագործութիւնները՝ այդպիսով արտօնելով, որ Սուրբ Հոգին մխիթարէ եւ զօրացնէ մեզ։ Նոյնիսկ երբոր մահաստուեր ձորերէ կ՛անցնինք, չարիքէ մը չենք վախնար, Տէ՛ր, քանի Դուն մեր հետն ես։ Քանի ցո՛ւպդ մեզ կ՛առաջնորդէ եւ գաւազանդ կը պաշտպանէ, մենք զմեզ ապահով կը զգանք (Հմմտ. Սղ. 23.4)։

Ինչպէս որ Դանիէլը փրկուեցաւ առիւծի երախէն (Հմմտ. Դն. 6.27), Յովնան ազատեցաւ կէտի որովայնէն (Հմմտ. Յվն. 1.17), Ռահաբ եւ իր ընտանիքը ազատեցան կործանումէ (Հմմտ. Յես. 6.25), հարիւրապետի ծառան (Հմմտ. Մտ. 8.5-13), Բեթհեզդայի աւազանի հիւանդը (Հմմտ. Յհ. 5.1-15), երկու կոյրերը (Հմմտ. Մտ․ 9.27-31), տասը բորոտները (Հմմտ. Ղկ. 17.11-19) եւ խուլ ու համր մարդը բժշկուեցան (Հմմտ. Մր. 7.31-37), Ղազարոսը յարութիւն առաւ (Հմմտ. Յհ․ 11.38-44), նոյնպէս ալ Տէրը  պիտի ազատէ մեզ «Քորոնա» ժահրի ճիրաններէն։

Զատկական արշալոյսը շուտով կը բացուի՝ մեզի առատ լոյս եւ յոյս խոստանալով։ Մեր կոչն է, որ մնաք աղօթարար եւ հաստատուն հաւատքի կեանքի մէջ փորձութեան այս դժուար օրերուն։ «Որդեակնե՛ր, դուք Աստուծմէ ծնած էք եւ յաղթեցիք այդ սուտ մարգարէներուն, որովհետեւ ձեր մէջ եղող Աստուծոյ Հոգին աւելի մեծ է քան Քրիստոսի հակառակորդին հոգին, որ կը գտնուի աշխարհին պատկանողներուն մէջ» (Ա․Յհ․ 4.4)։

 

Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Առաջնորդ  Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի             

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ  Հիւս. Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան,   Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի  եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի                 

 Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ Միութեան Հովիւ

25 Մարտ 2020

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/03/2020, 07:10