Անապատի լուսանկար Անապատի լուսանկար 

Քառասնորդացը սրբութեան ճանապարհ

Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը:

"Ձեռնադրեցին անոնց երէցներ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ համար, կատարեցին աղօթքներ հանդերձ պահքով, յանձնեցին զանոնք Տիրոջ, որուն հաւատացեր էին" (Գործ Առաքելոց 14,23)։

Ունկնդրէ լուրը

Քառասնորդացը անհրաժեշտ շրջան մըն է Զատկուայ մեծ տօնին պատրաստուելու համար Աղօթքով, Ծոմապահութեամբ եւ Ողորմութեամբ․ "հացի" բաժանումով եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ յատկապէս աւելի թշուառներուն հետ։ Անոր նպատակն է, աշխարհի վրայ ամէն բան վսեմացնել ու բարձրացնել, մեր աչքերը սեւեռել Աստուծոյ եւ անոր սիրելիներուն վրայ։ Ան մեզի կ՛օգնէ յատկացնելու մեր յարաբերութիւնը Անոր, մենք մեզի եւ մարդոց հետ։

Քառասնորդացի աւանդութիւնը մեզի հասած է Դ․ դարէն ու կը հետապնդէր երկու նպատակ․

Ոչ մկրտեալներուն պատրաստութիւնըˋ ընդունելու համար մկրտութեան Ս․ խորհուրդը զատկուայ գիշերը։

Վերաներոգել քրիստոնեայ յանձնառումի խոստումները եւ վերարծարծել հաւատքըˋ հոգեւոր կեանքի երեք սիւներուն վրայ․ Աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ ողորմութիւնը։

Ուրեմն, մենք հրաւիրուած ենք վերադառնալու Աստուծոյ, որ բազկատարած անոր կը սպասէˋ սեղմելու իր հայրական սրտին։

Քառասնորդացի սկզբնաւորութեան, քրիստոնեան հրաւիրուած է վերանորոգելու իր հոգեւոր կեանքի յանձնառումը երեք յենարաններու վրայ․

Աղօթքը

Ան բաժին ունենալու է օրուան բոլոր հանգրուաններուն մէջ։ Կեանքը ըլլալու է շարունակական հաղորդակցութիւն Աստուծոյ հետ, օրուան բոլոր րոպէներուն եւ բոլոր գործունէութիւններուն ընթացքին։ Այս աղօթքը Աստուծոյ ներկայութեան, կու տայ մեզի ուղղահայեաց որդիական սլացք մը դէպի Անոր, որ էˊ նոյնինքն սրբութիւնը, նաեւ հորիզոնական եղբայրական սլացք մըˋ դէպի համակ մարդկութեան, որ սահմանուած է ապրելու յաւիտենականութեան համար։

Ծոմապահութիւնը

Ծոմապահութիւնը մեծ դեր կը խաղայ քրիստոնէկան հոգեւորականութեան մէջ։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, թէ չենք ապրիր ուտելու համար, այլˋ կ՛ուտենք ապրելու յաւիտենականութեան համար։ Ան կը հաղորդէ, թէ պատանքը գրպան չունի լեցուելու համար հարստութեամբ, զոր կը դիզենք երկար տանջանքէ ետք եւ զոր կրնանք տանիլ մեզի հետ գերեզման։ Ծոմապահութիւնը կ՛ազատագրէ մեզ ի զուր դիզելու ու սեփականացնելու մարմաջէն եւ կը քաջալերէ բաժնելու անօթիին ու թշուառին հետˋ մեր բերանին պատառը։ Ծոմապահութիւնն ու աղօթքը մեզի կ՛օգնեն ձեբբազատուելու նիւթէն, որպէսզի սլանանք հոգիին կեանքին մէջ, հաղորդակցաբար Հօր Աստուծոյ հետˋ միութեամբ Միածին Որդիին։ Բազմազան եւ բազմատեսակ ծոմապահութիւններ կարելի են։ Ընդհանրապէս հրաժարում է, որոշ ժամանակի մը համար, այն բաներէն, զորս օգտագործելու իրաւունք ունինք աւելի կեդրոնանալու համար Աստուծոյ շուրջ։ Հեռացնելով մեր ուշադրութիւնը աշխարհէն, ամրապնդելու համար մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ եւ մարդոց հետˋ սեւեռելով միշտ Քրիստոսը։

Ողորմութիւնը

Հացին բաժանումով

Ողորմութեամբ կ՛ընդօրինակենք Աստուծոյ ողորմութիւնը, յատկապէս աւելի չքաւորներուն հանդէպ, որոնք իրաւունքն ունին մեր ստացուածքներուն մէջ բաժին ունենալու, մեր ժամանակին, տաղանդին, սիրոյն, ժպիտին, վշտակցութեան, հասկացողութեան, քաջալերանքին եւ ներումին (Հայր մեր․․․) Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/02/2020, 08:14