Padre-Garabed-klnjian.jpg

Հայր Կարապետ վրդ.Գլընճեանի անդրանիկ պատարագը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ,Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ:

Հայր Կարապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց,որոնք օժանդակեցին իր քահանայութեան վսեմ խորհուրդին արժանանալուն:

Կիրակի, 23 Փետրուար 2020- ի, առաւօտեան ժամը 10-ին,Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ,Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ`իր անդրանիկ պատարագը մատոյց`Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբան` Գերապատիւ Հայր Կարապետ վրդ.  Գլընճեանը, առընթերակայութեամբ`Զմմառու վանքի արտաքին մատակարար`Գերապատիւ Անտոն Վրդ. Նորատունկեանն ու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ`նորօծ փոխ ժողովրդապետ`Գերապատիւ Լեւոն Վրդ.Ստեֆանը:

Ունկնդրէ լուրը

Արհ. Տ.Գէորգ Արք. Խազզումեանի, Արհ. Տ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, Զմմառու Միաբան հայրերու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան արտասանած իր քարոզին մէջ` Հայր Կարապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին իր քահանայութեան վսեմ խորհուրդին արժանանալուն, ապա անդրադարձաւ`փակեալ խորանի խորհուրդին եւ ծոմապահութեան իմաստին:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ նորօծ Հայր Սուրբին կարկանդակի բեկանումը, որու ընթացքին ներկաները իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցեցին Գերապատիւ Հայր Կարապետ Գլընճեանին եւ Զմմառու Պատրիարքական կղերի Միաբան Գերապայծառներուն եւ հայրերուն:

«Վատիիան Նիուզի» համար թղթակցութիւն՝Հայր Ղազար Վրդ Պետրոսեանի:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2020, 10:16