01045_20022020.jpg

«Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրեց որ հայ հաւատացեալները հաւատարիմ մնան իրենց աւանդութիւններուն ու հաւատքին». Գերապայծառ Մուրատեան։

Արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանը՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի Արեւելածէս եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն հետ միասին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Հինգշաբթի 20 փետրուար 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներուն, ունկնդրութիւն շնորհեց  Միացեալ Նահանգներու  եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի անդամ՝ Արեւելածէս եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն, որոնց շարքին էր նաեւ Արհիապատիւ Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեանը Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդը։

Ունկնդրէ լուրը

Վերոնշեալ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսներուն Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս։ Անոնք բացի Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունկնդրութենէն, հանդիպումներ ունեցան Վատիկանի այլ Ժողովներու ու կաճառներու պատասխանատուներուն հետ։

Անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումին, Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան Վատիկան Նիուզ - Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, նշեց թէ ինք հարց տուած է Սրբազան Քահանայապետին թէ ի՞նչ պատգամ կը փափաքի որ եպիսկոպոսները փոխանցեն իրենց հաւատացեալներուն, եւ Սրբազան Քահանայապետը, որ Պուէնըս Այրըսի մէջ շփում ունեցած է Արեւելեան ծէսին պատկանող Եկեղեցիներուն հետ ու մօտէն կը ճանչնայ անոնց իրականութիւնն ու իւրայատկութիւնները, պատասխանեց «Ձեր հաւատացեալներուն ըսէք որ հաւատարիմ մնան իրենց աւանդութիւններուն ու հաստատ իրենց հաւատքին մէջ,  հիմնուած Քրիստոսի վրայ եւ արմատացած Անոր մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2020, 10:00