Յիսուս Քրիստոս՝ Փրկիչ մարդկութեան Յիսուս Քրիստոս՝ Փրկիչ մարդկութեան 

Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի հաւատացեալներուն ուղղած քառասնորդացի պատգամը։

«Ծոմապահութեամբ հաւատացեալը կը վերադառնայ Տիրոջ, կը քննէ իր խիղճը հասկնալու համար թէ արդեօք ինք կը կատարէ Աստուծոյ կամքը եւ կամ թէ շեղած է դէպի երկինք առաջնորդող ճանապարհէն»

Յառաջիկայ օրերուն քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար սկիզբ կ՝առնէ քառասնորդաց շրջանը որ պատրաստութիւնն է Յիսուսի Յարութեան հրաշափառ տօնին։

Շրջան ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան։

Հոգեւոր ժամանակահատուած՝  ուր հաւատացեալը կը  վերադառնայ ինք իրեն, կատարելով խղճի խոր  քննութիւն ու ի գործ դնելով եղբայրսիրութեան արարքներ։

Ունկնդրէ լուրը

Պահքը հրաւէր մըն է խղճի քննութեան, կը գրէ  Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Եպիսկոպոս Գուսան, քառասնորդացի առթիւ հրապարակած իր պատգամին մէջ։

«Ծոմապահութեամբ  հաւատացեալը կը վերադառնայ Տիրոջ, կը քննէ իր  խիղճը հասկնալու համար թէ արդեօք ինք կը կատարէ Աստուծոյ  կամքը եւ կամ թէ շեղած է դէպի երկինք առաջնորդող ճանապարհէն» կը նշէ Գերապայծառ Գուսան, զգուշացնելով  չհետեւիլ  տաճարին մէջ աղօթող Փարիսեցիի վերաբերումին՝ որ ինքզինք կը գովաբանէր Աստուծոյ առջեւ, եւ ոչ ալ Անառակ որդոյն եղբօր օրինակին՝ որ մերժեց մասնակցիլ եղբօր վերադարձի առթիւ Հօր սարքած խնճոյքին։

«Ի՞նչ օգուտ ունին ծոմապահութիւնն ու աղօթքը, եթէ մենք մեր սրտերը չենք մաքրեր» հարց կու տայ ապա Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ, հրաւիրելով հաւատացեալները դիմելու ապաշխարութեան խորհուրդին, Աստուծմէ  ներում հայցելով ու նաեւ ներելով մեր մերձաւորին յանցանքները ։

Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կոչուած է «գործակից ըլլալու» հաշտեցման ծառայութեան մէջ և աշխատելու  զայն լրացնելու համար։Հաշտեցման հետապնդումը միայն Յիսուսի կամքի կատարումն է:

Մենք կանչուած ենք յուսալու, քանի որ Սուրբ Հոգին կը ցանկայ որ մենք ըլլանք մէկ  համայնք,  քանի որ մեր իրարու  միջև հաշտեցումը Սուրբ Հոգւոյն  գործն է, ան է որ կը  գործէ մեր մէջ:

Ծոմ պահելու ընթացքին,  Տէրը  կը հրաւիրէ մեզ իրեն վերադառնալու, կը հրաւիրէ մեզմէ ամէն մէկը, կը հրաւիրէ ան որ կը զղջայ իր մեղքերուն վրայ, ներում կը խնդրէ՝  մեղքերու քաւութեան համար, կը հրաւիրէ մեզ ապրելու մեր հաւատքը  գիտակցութեամբ։  

Պէտք չէ  բաւարարուինք  արտաքին սովորութիւններ  կատարելով(Մատթէոս 23:23), որոնք կը կորսնցնեն  իրենց նշանակութիւնը, եթէ անոնք Աստուծոյ  հանդէպ մեր անկեղծ հաւատքի արտայայտութիւնը չեն և ոչ ալ մեր մերձաւորին  հանդէպ սէր:

Տէրը կոչ մեր կը հրաւիրէ կատարելու օրէնքի ամենակարեւորը՝  արդարութիւն, ողորմութիւն, ազնուութիւն և անկեղծութիւն, այդպիսով պտղաբեր  կը դառնայ մեր ծոմապահութիւնը՝ զոր Տէրը կը տեսնէ, կ՛ ընդունի ու իրեն հաճելի կը նկատէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2020, 08:51