Սահակ Պատրիարք Սահակ Պատրիարք 

100 տարի առաջ Թուրքիոյ բնակչութեան մէկ երրորդը քրիստոնեայ էր, իսկ այժմ՝ հազարէն մէկը. Սահակ Պատրիարք:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» իշխանամէտ թերթը հրապարակեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի հետ իրականացուած ծաւալուն հարցազրոյցին 2րդ մասը

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Հիւրրիյէթ» իշխանամէտ թերթը հրապարակեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեանի հետ իրականացուած ծաւալուն հարցազրոյցին 2րդ մասը: Ստորեւ՝ անոր ուշագրաւ հատուածները.

«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ».- Ըստ ձեզի՝ ի՞նչ է հայ համայնքին կարեւորագոյն հարցը:

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ.- Մեր մեծագոյն հարցը ժողովրդագրութիւնն է: Մեր բնակչութիւնը արագ քայլերով կը նուազի: Ամէն 12 ծնունդի դիմաց 26 հոգի կը կորսնցնենք: Ահազանգող իրավիճակ է: Մենք 82 միլիոննոց (Թուրքիոյ բնակչութեան թիւը, որ արդէն 83 միլիոնի հասած է-Խմբ.) ծովուն մէջ գտնուող սառցաբեկորի մը նման ենք: Եւ կը հալինք: Արտագաղթ ալ ունինք: Այս պահուն Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնն ենք՝ 50-60 հազար բնակչութեամբ: Սակայն մեր աչքին առջեւ ունինք օրինակ մը՝ Պոլսոյ մէջ յունական փոքրամասնութեան թիւի նուազումն է, որ այսօր 2 հազարէն ալ պակաս է:

«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ».- Բնակչութեան նուազումէն բացի ի՞նչ հարց կայ:

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ.- Մեր երկրորդ հարցը պաշտօնական կանոնադրութեան բացակայութիւնն է: Հանրապետութիւնը մեզի ոչ մէկ կարգավիճակ տուած է: Տէ ֆաքթօ (իրողապէս-Խմբ.) գոյութիւն ունինք, բայց օրէնքով՝ ո՛չ:

«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ».- – Բայց արդեօք Լօզանի պայմանագիրը չ՛երաշխաւորե՞ր ատիկա:

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ.- Լօզանը կ՛երաշխաւորէ մեր գոյութիւնը: Սակայն ատոր ներքին կարգաւորումները վերապահուած են Թուրքիոյ: Հայոց պատրիարքարան ձեւակերպում որեւէ կերպ գոյութիւն չունի: Այս վիճակը կը ստեղծէ շատ դժուարութիւններ, օրինակ՝ դատարան մտնել, սեփականութիւն ունենալ: Նոյնիսկ այս շէնքը (նկատի ունի պատրիարքութեան շէնքը), որուն մէջ մենք կը գտնուինք, պատրիարքարանին չի պատկանիր, դիմացի եկեղեցւոյ կը պատկանի: 38 եկեղեցի ունինք եւ 42 հիմնադրամ: Մեր 38 եկեղեցիները 38 առանձին իշխանութիւններ են:

«ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ».- Ձեր կարծիքով մեր մօտ հակաքրիստոնէականութիւն կա՞յ:

ՍԱՀԱԿ ՊԱՏՐԻԱՐՔ.- 100 տարի առաջ, բնակչութեան մէկ երրորդը քրիստոնեայ էր: Այժմ հազարէն մէկը քրիստոնեայ է: Ձեր կարծիքով հոս հակաքրիստոնէականութիւն չկա՞յ:

Մալաթիոյ մէջ երեք քրիստոնեայ աւետարանիչներ սպաննուեցան՝ 2 ժամ խոշտանգուելով: Ըսին, որ իբր թէ անոնք Թուրքիան կը քրիստոնեացնեն: Սուտեր տարածեցին՝ ըսելով, որ երկրին մէջ 23,000 եկեղեցի բացուած է: Վախ տարածեցին, բայց այս կառավարութեան (Էրտողանի գլխաւորած) գալով գործերը քիչ մը դիւրացան:

Քաղուած Ասպարէզէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2020, 09:01