Վանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Վանի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ: Մահուան եւ լացին յաճախականութիւնը

Ոմանք աւելի թեթեւ կ՛ընդունին դժբախտութիւնները եւ շուտով կը յաջողին ոտքի կանգնիլ իրենց կրած սուգէն, իսկ ուրիշներ շատ աւելի զգայուն ըլլալով, ծանր կը տանին դժբախտութիւնները....

Աշխարհի ստեղծագործութենէն մինչեւ այսօր մարդկութեան կեանքի դժբախտագոյն երեւոյթը մահը համարուած է: Մինչեւ այսօր մարդիկ չեն կրցած հաշտուիլ այս երեւոյթին՝ ՝՝մահուան՝՝ հետ եւ ամէն անգամ երբ իրենց հարազատներէն մէկը կամ միւսը կը կորսնցնեն, կը սկսին բողոքի արտայայտութիւններ ունենալու, երբեմն անորոշ հասցէներէ սկսելով, մինչեւ ամէնէն յստակ հասցէն, որ կրնայ մահուան բուն դրդապատճառը չըլլալ…:

Ունկնդրէ լուրը

Յանկարծական մահերը ընդհանրապէս ամէնէն ցնցիչը կ՛ըլլան սգաւորներուն համար, որովհետեւ անսպասելի կամ անակնկալ պատահարները, յատկապէս մահուան դէպքով աւարտող, բնականաբար մարդոց հոգին կ՛ահաբեկեն, կեանքի եւ մահուան միջեւ անոր միտքը կը տարուբերեն, սիրելիի կորուստի ցաւով կը պահեն ամբողջ էութիւնը, երբ բացուած վէրքի ցաւի դարմանումին դիմաց, անզօր կը համարեն անոնք իրենց անձը:

Դժբախտագոյն կը համարուին այն գերդաստանները կամ ընտանիքները, որոնք կարճ ժամանակի մէջ, իրարու ետեւէ մի քանի մահեր կ՛ունենան: Յատկապէս ընտանիքի ամէնէն սեղմ օղակին այնպէս կը թուի, որ մահուան մանգաղը իրենց տան դրան ետին կախուած է եւ շուտով դարձեալ պիտի բանեցուի:

Հաւատքի, երկնային հաւատալիքներու, Սուրբ գիրքի եւ աստուածախօս պատուիրաններու ամբողջ համակարգը պահ մը կը վտանգուի անոնց ցուցաբերած մօտեցումներով եւ անհատական խիստ դիրքորոշումներով, որոնք վերոյիշեալ բոլոր հաւատալիքներուն դիմաց մեծ հարցականներ կը դնեն:

Մարդիկ իրարմէ կը տարբերին սակայն: Հաւատացեալ կամ անհաւատ ըլլալու խնդիր չկայ այստեղ: Ոմանք աւելի թեթեւ կ՛ընդունին դժբախտութիւնները եւ շուտով կը յաջողին ոտքի կանգնիլ իրենց կրած սուգէն, իսկ ուրիշներ շատ աւելի զգայուն ըլլալով, ծանր կը տանին դժբախտութիւնները, յատկապէս իրենց շրջապատին մէջ պատահած մահուան դէպք մը: Կրնանք նոյնիսկ աւելի մանրամասնել այս երկու տեսակի մարդոց նկարագրային բնորոշ գիծերը: Առաջինները երկու տեսակի վերածելով կրնանք ըսել, որ անոնց առաջին տեսակը երբեմն անգիտակից հաւատացեալն է, կամ «կոյր հաւատացեալ»ը, որ ամբողջութեամբ Աստուծոյ ապաւինած, Անոր կամքը օրհնեալ կը համարէ ու բնականօրէն կը հաշտուի կացութեան հետ: Առաջիններուն երկրորդ տեսակը գիտակից հաւատացեալն է, որ կրնայ ներքնապէս տառապիլ, սակայն արտաքնապէս իր խաղաղութիւնը չի՛ կորսնցներ, ո՛չ ալ անոր հոգեկան անդորրութիւնը կը խախտի, այլ հաւատքի վէմին վրայ ամուր կանգնած, երկնային մխիթարութիւնը կը վայելէ:

Երկրորդներուն՝ անհաւատներուն առաջին տեսակը դարձեալ անգիտակից անհաւատներն են, որոնք ընդհանրապէս որեւէ բանի չեն հաւատար, որոնց շարքին նաեւ մահուան: Ուրեմն, ասոնք մահուան երեւոյթն ալ այնքան թեթեւ կը տանին, որ հազիւ գերեզմանատունէն դուրս եկած, բնական կեանքին կը դառնան, նոյնիսկ սուգի համար սահմանուած ժամանակը ջնջելով: Երկրորդներուն երկրորդ տեսակը գիտակից անհաւատներն են, որոնք արդէն կը բախեն անտարբերութեան դռները: Ասոնց համար կեանքը ի՞նչ իմաստ կը ներկայացնէ, որ մահը մասնաւոր սարսափ ազդէ կեանք երեւոյթին:

Մահն ու լացը, կամ ողբն ու սուգը, ամէնէն տարածում գտած եւ ամէնէն յաճախադէպ երեւոյթներն են կեանքի:

Իրեն պատահած դժբախտ դէպք մը յարատեւ ողբի առիթ դարձուցած մարդիկ, նոյնիսկ կը շահագործեն դժբախտութիւնը, մուրացկանութեամբ դրամահաւաքի դիմելով եւ հարկ եղածէն ալ աւելի գումար դիզելով: Կը գտնուին երբեմն իմաստուն եւ գիտակից մարդիկ, որոնք կը հասկնան ասոնց թատերական արարները եւ չե՛ն խաբուիր ասոնց թափած կոկորդիլոսի արցունքներէն: Արդէն զզուած նախապէս եղած ողբ ու կոծերէն, գիտակից մարդիկ զգաստութեան կը հրաւիրեն վշտակիր մարդու դերասանական շնորհքով օժտուած սգաւորները, ըսելով անոնց.- Մահը մէկ անգամ, ողբը մէկ անգամ:

Մահը անկրկնելի է նոյն անձին համար: Մարդ մէկ անգամ կը մեռնի, ինչպէս մեր հայրենիքի քայլերգն ալ կը յիշեցնէ մեզի: Ուրեմն եթէ մահը մէկ անգամ է, ուրեմն ողբն ալ մէկ անգամ թող ըլլայ եւ վերջ գտնէ: Կեանքը աւելի քաղցր է քան՝ մահը: Ինչո՞ւ մահուան անդունդին յարել մեր հայեացքը եւ սուգի ու տրտմութեան հովիտը անընդհատ մեր արցունքներով ոռոգել, երբ անդին կայ կեանքի վառ հագած արշալոյսը՝ «հազար-հազար լուսապայծառ», ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը:

Կեանքի իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը իրեն համար բաւարար է, ըստ աւետարանին: Ուրեմն, իւրաքանչիւր «մահուան» համար մէկ անգամ «լալ»ը բաւարար պէտք է նկատենք եւ ո՛չ թէ մեր շրջապատն ալ մեզի հետ յոգնեցնենք մեր դժուարութիւններն ու նեղութիւնները անոնց պատմելով: Չմոռնանք, որ իւրաքանչիւր մարդ ալ ունի իրեն յատուկ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները եւ պարտաւոր չէ՛ մեր տագնապները որդեգրելու եւ անոնցմով տառապելու կամ մխիթարիչի դեր ստանձնելու: Ինքնամխիթարութիւնը, բառին իսկական իմաստով, պսակազարդ առաքինութիւն մըն է, որ մարդուն կը սորվեցնէ դուրս գալ տագնապներէ:

Գրիգոր Եպ. Չիֆթճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 08:40