Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Սուրբ Ոսկեանց քահանաներու տօնը։

Ոսկեանց քահանաները Հայաստան եկած հինգ հռոմէացի դեսպաններ էին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 Փետրուարին կը յիշատակուի Ոսկեանց քահանաներու տօնը։   Ասոնք, Հայաստան եկած հինգ հռոմէացի դեսպաններ էին, որոնց գլխաւորն էր Ոսկի անունով մէկը։ Անոնք հանդիպելով Թադէոս առաքեալին՝  քրիստոնէական կրօնը կ՛ընդունին ու կը մկրտուին, ու կը սկսին քրիստոնէականութիւնը քարոզել Հայաստանի մէջ։ Անոնք ապա կը հալածուին Սաթենիկ Թագուհիի եւ Վնոյն եւ Վրդոյն արքայազներու կողմէ ու Թադէոս Առաքեալին նահատակութենէն ետք` կը  քաշուին Ծաղկոտն գաւառի Ծաղկէոյ լեր, ուր 40 տարի ճգնողական կեանք մը կ՛անցնեն։

Ունկնդրէ լուրը

107-ին, Սուքիասի եւ իր հետ ընկերացող իշխաններու մկրտութենէն ետք` անոնք, հինգը միասին, կը նահատակուին Հայոց թագաւորի հրամանով։ Ոսկեան Քահանաներու յիշատակութիւնը, ըստ եկեղեցական օրացոյցին, կը տօնուի սովորաբար  կամ առաջաւորաց պահքին յաջորդող հինգշաբթի օրը կամ Սուքիասեանց տօնի հետ միասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 10:31