Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի վերահաստատման  խոստում Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի վերահաստատման խոստում 

Մեսրոպեանի աշակերտները կատարեցին Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդի վերահաստատման խոստումը

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

13 Փետրուար 2020-ին, եւ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները կատարեցին Մկրտութեան խորհուրդի վերահաստատման խոստում, ըլլալու այն, ինչ որ իրենց մանկահասակ տարիքին՝ Սուրբ Մկրտութեան ատեն կնքահօր բերնով յանձնարարուած էր իրենց որպէս հաւատաւոր քրիստոնեայ:

Ունկնդրէ լուրը

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Մեսրոպեանի հոգեւոր վարիչ Տէր Ռաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան ներկայ եղան վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, աշակերտներու ծնողներ, կնքահայրեր ու կնքամայրեր, հարազատներ:

Նախքան այդ, Տէր Ռաֆֆի առանձին զրոյցով մը ծնողներուն բացատրեց արարողութեան նպատակը: Ան յորդորեց ծնողները, որ անձնական օրինակով իրենց զաւակներուն ցոյց տան Ճշմարտութեան ճամբան եւ ամէն ջանք թափեն, որ անոնք չխոտորին անորմէ: Աշակերտները, իրենց հերթին կատարեցին անհատական եւ հաւաքական աղօթքներ՝ օրուան խորհուրդին համաձայն, հուսկ, ստորագրութեամբ վաւերացնելով իրենց խոստումը՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներ դառնալու վերաբերեալ:

Արարողութեան աւարտին, մասնակիցները ուղղուեցան եկեղեցւոյ հանդիսասրահ, ուր ցուցադրութեան դրուած էին աշակերտներու մկրտութեան լուսանկարները:

 Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2020, 15:20