Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային 6-րդ օր։ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային 6-րդ օր։  

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային 6-րդ օր։

Աշխարհի վրայ աւելի քան 40 միլիոն անհատ թիրախ են մարդավաճառութեան ու անոնց մեծամասնութիւնը՝ 70 առ հարիւրը կազմուած է կիներէ մինչ 20 առ հարիւրը անչափահասներէ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

8 փետրուարին կը յիշատակուի  Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային օրը։ Օրը  որպէս յիշատակութեան օր առաջարկուած է 2015 թուականին, երբեմնի թափառականներու ու գաղթականներու հովուական ծառայութեան ու արդարութիւն եւ խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդներու կողմէ,համագործակցութեամբ միաբանութիւններու մեծաւորներու միջազգային դաշնութեան,  որպէս պատասխան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչին պայքարելու՝ մարդավաճառութեան ախտին դէմ ու հոգ տանելու այդ ոճիրի զոհերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Աշխարհի վրայ աւելի քան 40 միլիոն անհատ թիրախ են մարդավաճառութեան ու անոնց մեծամասնութիւնը՝ 70 առ հարիւրը կազմուած է կիներէ, մինչ 20 առ հարիւրը անչափահասներէ։

8 Փետրուար թուականը ընտրուած է որովհետեւ կը զուգադիպի Սուտանցի երբեմնի ստրուկ, որ ազատագրուելէ ետք դարձաւ կրօնաւորուհի, ու 2000 արժանացաւ Խորաններու պատուոյն՝ Սրբուհի Ճուզեփինա Պախիթայի ծիսական տօնին։

Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խոկումի միջազգային օրուան առիթով «Տալիտա Քում» մարդավաճառութեան դէմ պայքարող  կրօնաւորական կեանքի միջազգային ցանցը, որ 2018-ին օգնութեան հասաւ վերոնշեալ ոճիրին թիրախ աւելի քան 15 հազար անձերու, կազմակերպած է զանազան ձեռնարկներ որոնց շարքին՝ երեկոյեան ժամը 18.30-ին,  Հռոմի Սուրբ Անտոն Փատովացի անուամբ պազիլիքային մէջ, Մարդկային Համապարփակ զարգացումի գաղթականութեան բաժանմունքի ենթաքարտուղար՝ Կարդինալ Միքայէլ Շերնին գլխաւորութեամբ աղօթքի հսկում մը, որուն բնաբանն է «միասին մարդավաճառութեան դէմ»։  Աղօթքի ընթացքին նախատեսուած են վկայութիւններ մարդավաճառութեան հարցին ու անոր դէմ պայքարելու մասին։

Իսկ կիրակի 9 փետրուարին նախատեսուած է իրազեկման երթ մը, որ սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 10-ին Հռոմի Քասթել Սանդ Անճելօ հրապարակէն՝ ուղղուելով դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր ժամը 12-ին նախատեսուած Քահանայապետին Մարեմեան աւանդական Աղօթքը։

Ֆրանչիսկոս Պապն է արդարեւ որ 2015-ին զարկ տուաւ Համաշխարհային այս օրուան, քաջալերելով բոլոր անոնք որոնք յանձնառու են օգնելու ստրկութեան ու չարաշահումի  մատնուած մարդիկ, կիներ ու մանուկներ,  դառնալու ձայն այդ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է։

Խթանելու համար աղօթքի կարեւորութիւնը ու միասնաբար գործելու ու պայքարելու համար մարդավաճառութեան ոճիրին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածուի #PrayAgainstTrafficking «հաշթակը» որուն միջոցաւ կարելի է կիսել մտորումներ ու զանազան արարողութիւններու ու հաւաքներու կարեւոր եւ իմաստալից պահեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2020, 10:40