«Ֆրանչիսկոս կիներու Քահանայապետը» «Ֆրանչիսկոս կիներու Քահանայապետը»  

Հրապարակուեցաւ «Ֆրանչիսկոս՝ կիներու Քահանայապետը» վերտառութեամբ հատորը։

Ֆրանչիսկոս Պապը չի վախնար դիմագրաւելէ կնճռոտ հարցեր ու որոշ պարագաներուն նաեւ ընդունելու թէ հարկաւոր է աւելի խոր կերպով ուսումնասիրել կնոջ դերակատարութիւնն ու անոր իւրայատկութիւնները Եկեղեցիէն ներս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ի լոյս ընծայուեցաւ՝ լրագրողուհի Նինա Ֆապրիցիոյի «Ֆրանչիսկոս՝ կիներու Քահանայապետը» վերտառութեամբ հատորը, որուն մէջ պարունակուած են Քահանայապետին՝ կիներու մասին արտայայտած  իւրայատուկ խօսքերն  ու անոր անոնց նկատմամբ ցուցաբերած հոգատարութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքը հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան եօթներորդ տարեդարձին առթիւ, որոնց ընթացքին Սրբազան Պապը տարբեր առիթներով ընդգծեց ընկերութեան ներքոյ կիներու կարեւոր դերակատարութիւնը ու յաճախ ձայնը բարձրացուց պաշտպանելու համար անոնց արժանապատուութիւնը։ Անոնց ներկայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կեանքէն ներս, բարիք մըն է համայն մարդկութեան։

Վերոնշեալ հատորը կ՛անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապին տարբեր առիթներով ուղղած խօսքերու մասին, անոր կիներու հետ ունեցած հանդիպումներու մասին։ Հատորին մէջ կը խօսուի նաեւ կիներու քահանայական ձեռնադրութեան հարցի մասին, կրօնաւորուհիներու դէմ գործադրուած ոտնձգութիւններու մասին եւ իգական աշխարհին հայող այլ նիւթերու մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապը չի վախնար դիմագրաւելէ կնճռոտ հարցեր ու որոշ պարագաներուն նաեւ ընդունելու՝  թէ հարկաւոր է աւելի խոր կերպով ուսումնասիրել կնոջ դերակատարութիւնն ու անոր իւրայատկութիւնները Եկեղեցիէն ներս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2020, 08:40