Աւարայրի պատերազմ Աւարայրի պատերազմ 

Տօն Ղեւոնդեանց քահանայից։

Վարդանանց պատերազմի ընթացքին ամէնէն հեղինակաւոր անդամը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդն էր Ղեւոնդ Երէց:

Երեքշաբթի 18 Փետրուարին` տօնն է Ղեւոնդեանց քահանայից։ Ղեւոնդ Երէց հայ քահանայ մըն էր որ գլուխը անցած էր ապստամբութեան Յազկերտ Բ.ի հրամանին դէմ, որ կ՛ուզէր Հայերը Մազդէականութեան դարձնել։ Ան առաջնորդն էր եւ խրախուսողը Վարդան Մամիկոնեանի եւ հայկական գունդերուն, Աւարայրի պատերազմի ընթացքին։

Պատերազմէն ետք` 454 թուին, ինք եւ կարգ մը հայ կղերականներ, որոնց մէջ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն Երէցները, ու Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագները, կալանաւորուեցան եւ Դենշապուհ Ամիրապետին ձեռամբ ամէնքն ալ նահատակուեցան Պարսկաստանի Ռեվան կոչուած գիւղին մօտերը։

Վարդանանց պատերազմի ընթացքին ամէնէն հեղինակաւոր անդամը եւ կրօնական դիմադրութեան առաջնորդն էր Ղեւոնդ Երէց: Ան աւելի քան 70 տարեկան էր իր նահատակութեան ժամանակ: Ըստ Եղիշէի եւ Ղազար Փարպեցիի, ծնունդով Վանանդ գաւառի Իջավանք գիւղէն էր (այսօրուան Կարսի շրջան)։ Ղեւոնդ Երէց Ս. Սահակ Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին աշակերտներէն էր, նաեւ կը նկատուի Ս. Սահակի աշակերտներէն գլխաւորը: Ան մասնակցած է Շահապիւանի եկեղեցական ժողովին 444 թուականին: 451 թուին Աւարայրի ճակատամարտի ընթացքին ոգեշնչած է հայոց զօրքը` արիաբար պայքարելու հաւատքի թշնամիներուն դէմ եւ ատոր համար արժանացած է «Աւարայրի արծիւ» անունին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2020, 08:59