Եգիպտոսի Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցի Եգիպտոսի Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցի 

Ղպտի օրթոտոքսներու Սամալութ թեմին մէջ «Լիպիայի նահատակներուն» նուիրուած արարողութիւններ։

Անոնց նահատակութեան 5-րդ տարելիցին յիշատակութեան արարողութիւնները որոնք սկիզբ առած էին անցեալ մէկ փետրուարին, պիտի աւարտին 16 փետրուարին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Լիպիայի ղպտի նահատակներուն» 5-րդ տարելիցին առթիւ Եգիպտոսի Ղպտի օրթոտոքսներու Սամալութ թեմին մէջ կազմակերպուած են անոնց նուիրուած յիշատակութեան զանազան արարողութիւններ։

Ունկնդրէ լուրը

21 քրիստոնեայ այդ նահատակները որոնք 2015-ին վայրագ օրէն սպաննուեցան այդպէս կոչեալ Իսլամական Պետութիւն համակիրներուն կողմէ, Ղպտի Օրթոտոքս պատրիարք Թաուարտոս Բ տնօրինութեամբ ներառուած էին Ղպտի Եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքի մէջ, որպէս յիշատակութեան օր սահմանելով 15 փետրուարը։  

Անոնց նահատակութեան 5-րդ տարելիցին յիշատակութեան արարողութիւնները որոնք սկիզբ առած էին անցեալ մէկ փետրուարին, պիտի աւարտին 16 փետրուարին, 2018-ին կառուցուած ու անոնց անուան նուիրուած Եկեղեցւոյ մէջ, որուն կողքին է նաեւ «Լիպիոյ Ղպտի մարտիրոսներու»անուամբ  թանգարանը, ուր 15 փետրուարին  բացումը կը կատարուի անոնց պատմութիւնը ներկայացնող  վաւերագրական նիւթերով նոր մասնաճիւղին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2020, 10:42