Պարի քաղաքը կը սպասէ  Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Պարի քաղաքը կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը 

Պարի քաղաքը կը պատրաստուի հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Նորին Սրբութեան մատուցանելիք պատարագին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 500 Քահանաներ եւ սարկաւագներ ու 600է աւելի կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պարի քաղաքը՝ ուր այսօր  ընթացք կ՛առնէ «Միջերկրական խաղաղութեան սահմանագիծ» բնաբանով Միջերկրականի հետ կապ ունեցող եպիսկոպոսներու ժողովը, կը պատրաստուի երկրորդ անգամուան համար հիւրընկալելու Ֆրանչիսկոս Պապը,  որ կիրակի 23 փետրուարին պիտի ժամանէ Պարի եզրափակելու համար եպիսկոպոսներու վերոնշեալ հաւաքը ու քաղաքի «Վիթթորիօ Էմմանուելէ»  պողոտայի տարածքին նախագահելու Սուրբ Պատարագը։

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հաղորդակցութեան գրասենեակի տնօրէն Տիար Վինչենցօ Քորրատօ՝ խօսելով «Միջերկրական՝ խաղաղութեան սահմանագիծ», եպիսկոպոսներու հաւատքի մասին, նշեց թէ ժողովի մասնակցող եպիսկոպոսները կ՛ապրին մեծ դժուարութիւններով ներկայ մը ու անոնք այդ ներկային կը նային նաեւ յոյսով, եւ «ահա այս պիտի ըլլայ խորհրդաժողովին կեդրոնական նիւթն ու մարտհրաւէրը» ըսաւ Ան ու մատնանշելով Սրբազան Պապին այցելութեան, աւելցուց թէ «եպիսկոպոսները սպասումի մէջ են, թէ ինչ պիտի ըսէ իրենց Ֆրանչիսկոս Պապը, եւ ո՞ր  քաջալերական խօսքեր պիտի ուղղէ, որպէսզի շարունակեն խաղաղութեան կառուցումի իրենց ճանապարհորդութիւնը»։

Տիար Քորրատօ  անդրադարձաւ նաեւ Նորին Սրբութեան մատուցանելիք սուրբ պատարագին նշելով թէ արարողութեան, բազմահազար հաւատացեալներէն անդին, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն,  500 Քահանաներ եւ սարկաւագներ ու 600 է աւելի կրօնաւոր կրօնաւորուհիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2020, 12:07