Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոսի: Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոսի: 

Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոսի:

Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:

Չորեքշաբթի, 8 Յունուար 2020-ի յետմիջօրէին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիաս։

Ունկնդրէ լուրը

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ կ’ընկերակցէին Արհիապատիւ Մանուէլ Եպս. Պաթագեան եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան։

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու Լիբանանի եւ շրջանէն ներս տիրող ընդհանուր կացութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան: Երկու հոգեւոր պետերը կարեւորութեամբ շեշտեցին մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը:

Քաղուած  http://www.armeniancatholic.org/ կայքէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 10:00