«Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի». 18 – 25 Յունուար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ։ «Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի». 18 – 25 Յունուար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ։ 

«Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի». 18 – 25 Յունուար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ ու կիրակի 26 յունուարին յիշատակուող Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին առթիւ, նախատեսուած է Թերմոլիի պազիլիքայէն ժամանած Սուրբ Տիմոթէոսի աճիւններու ուխտագնացութիւնը:

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդասիրութիւն ցոյց տուին մեզի» (Գործք Առաքելոց 28,2)։  Այս է այս տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան խորհրդածութիւններու նիւթը որոնք պատրաստուած են Մալթա եւ Կոծօ կղզիներու  քրիստոնեայ  եկեղեցիներու կողմէ։ Արդարեւ Մալթայի մէջ 10 փետրուարին բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը յիշատակեն Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան տօնը, գոհութիւն մատուցելով առ Աստուած Քրիստոնէութեան կղզի ժամանումին համար ու քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան նիւթը քաղուած է Գործք Առաքելոցի նոյն այդ նաւաբեկութիւնը պատմող հատուածէն։

Ունկնդրէ լուրը

Նշենք թէ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ ու կիրակի 26 յունուարին յիշատակուող Աստուծոյ Խօսքի կիրակիին առթիւ, նախատեսուած է Թերմոլիի պազիլիքայէն ժամանած Սուրբ Տիմոթէոսի աճիւններու ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պօղոսի եւ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքաներ։  Սուրբ Տիմոթէոս եւ Սուրբ Տիտոսի ծիսական տօնը կը յիշատակուի 26 Յունուարին։

17 Յունուարին Սուրբ Տիմոթէոսի աճիւնները պիտի հասնին Հռոմի Սուրբ Պօղոսի պազիլիքա ուր պիտի մնան մինչեւ շաբաթ 25 Յունուար, արժանանալով հաւատացեալներու մեծարանքին, ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ կայացած Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուայ եզրափակման արարողութիւնէն ետք, Կիրակի 26 Յունուար 2020 կը փոխադրուին Սուրբ Պետրոսի պաիզիլիքա՝ Աստուծոյ Խօսքի Կիրակիին առթիւ, որուն համար նախատեսուած է Քահանայապետին Սուրբ Պատարագը առաւօտեն ժամը 10-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2020, 11:20