Որոնել

Ամանոր Ամանոր 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհդածութիւնը :

2020 Յոյսի Տարի

Շատերուս համար մեծ ուրախութիւն է թեւակոխել նոր տարին յուսալով, որ դառնայ աւելի յաջող իր ծրագիրներով եւ ակնկալութիւններով։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ու կը փորձենք ուրախութեան յոյսեր ստեղծել մեր սրտերուն մէջ․ ի՞նչու։ Պատասխանը անորոշ է․ թերեւս այսպէս սովորութիւն դարձած այս զգացումը մեզ կը մղէ լաւատես աչքերով մօտենալու նոր տարուան։

նոր տարուայ սեմին կանգնած՝ շատեր ցնծագին եւ յուսալից պատճառներով կը դիմաւորեն զայն, ակնկալելով եւ մաղթելով, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի բարենպաստ եւ դրական։

Թղթատելով 2019-ի էջերը, մենք մեզի հարց կուտանք թէ որքան պատմութիւններ եւ դէմքեր ուրուագծուած են այդ տարուայ էջերուն վրայ դարձնելով զանոնք առաւելաբար կը զգանք, որ դրոշմ մը ձգած ենք անոր էջերուն վրայ։

Այդ էջերը վերջացնելով, բոլորս հարցման կէտի մը առջեւ կը դրուինք, ի՞նչ էր մեր նպատակը անցեալ 365 օրերուն ընթացքին ու կամ ի՞նչ էր մեր իւրաքանչիւրին երազը, զորս պէտք էինք իրագործել եւ զանազան պատճառներով չկարողացանք, միշտ մեղադրելով մենք զմեզ, կամ մեզ շրջապատող մարդիկը, առանց պահ մ՛իսկ մտածելու Աստուածային նախախնամութեան մասին։

Սակաւաթիւ են սակայն այն մարդիկը, որոնք համոզումով եւ ներքին խաղաղութեամբ յառաջիկայ տարին կը յանձնեն Աստուծոյ նախախնամութեան։

Ամենուրեք կը լսենք, պետական թէ քաղաքական մակարդակներու վրայ եղած հաշտութիւններու կամ խաղաղութեանց դաշինքներու մասին։

Փաստօրէն մեզմէ իւրաքանչիւրը կը ձգտի խաղաղութեան, ինչ որ դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ անհատի, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մը կեանքին վրայ։

Մեր խղճին առջեւ կը մնայ մէկ իրողութիւն, որուն մենք պարտական ենք պատասխանել․ ինչ կ՛ընենք մեր ներքին կամ արտաքին խաղաղութեան համար։

Արդեօ՞ք մանուկ Յիսուսըˋ կրցաւ իր բերած խաղաղութեամբ համոզել, որ մենք իբրեւ քրիստոնեաներ եւ հաւատացեալներ, կրնանք յաղթահարել ամէն տեսակ չարի։

Արդեօ՞ք խաղաղութեան ըմբռնումը մարդու ներսէն դէպի դուրս ճառագայթող երեւոյթ մըն է, թէ հակառակը․ այլ կերպ ասած, արդեօ՞ք քաղաքական խաղաղ եւ նիւթական հանգիստ կեանք մը ապրիլը, կը նշանակէ, որ ներքնապէս մարդը խաղաղ կեանք մը կ′ապրի։

Աշխարհի խաղաղութիւնը հիմնուած է փոխադարձ եւ անձնական շահերու վրայ եւ այդ խաղաղութիւնը զէնքի ուժով հաստատուած կ՛ըլլայ եւ ընդհանրապէս պայմանաւորուած է։

Մինչդեռ Քրիստոսի խաղաղութիւնը հիմնուած է մարդու շահերը ապահովելու վրայ․ ան ոչ պայմանաւոր է ոչ ալ ժամանակաւոր, այլ յաւերժական է։

Քրիստոս ինքն է միայն խաղաղութեան Աստուածը, եւ իրմով միայն աշխարհը պիտի խաղաղի։

Ինչպէս Ան կ՛ըսէ մեզի․ «խաղաղութիւնս կը թողում ձեզի, իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի․ զայն չեմ տար ձեզի, ինչպէս աշխարհը կու տայ»։

Ապաւինինք ուրեմն Քրիստոսի խաղաղութեան, որպէսզի այս նոր տարուայ առթիւ մեր յոյսերը ի դերեւ չելլեն եւ կարենանք վայելել իսկապէս խաղաղութեան օրեր։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2020, 10:16