Խրիմի մէջ Սուրբ Նիկողայոս հայկական եկեղեցի Խրիմի մէջ Սուրբ Նիկողայոս հայկական եկեղեցի 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ:

Վերջապէս՝ Հողը Կը Կանչէ…

Հեռաձայններու եւ հաղորդակցութեան այլ եւ այլ միջոցներու չգոյութեան ժամանակաշրջանին, լեռնէ-լեռ կամ փողոցէ-փողոց իրարու ձայն տալու համար մարդիկ կը պոռային: Մունետիկներու ընտրութեան պարագային, բնականաբար բարձր ձայն ունեցողները նախապատիւ կը համարուէին, յաջողցնելու համար այդ նպատակին իրագործումը՝ լուրի մը շուտափոյթ տարածումը տուեալ քաղաքին, գիւղին, կամ թաղամասին մէջ:

Ունկնդրէ լուրը

Մարդկային ձայներէն բացի, կենդանական աշխարհը ձայնային անկախ համակարգ մը կը ներկայացնէ, իւրաքանչիւր կենդանիի համար որոշուած բազմատեսակ հնչիւններով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր անունը ունի խօսակցական լեզուներուն մէջ:

Մարդը խօսելու ունակութիւնը ունենալէ առաջ, ձայնային ելեւէջներով արտայայտած է ինքզինք, փորձ կատարելով բացատրել այն ինչ որ կը մտածէ, կամ այն ինչ որ կ՛ուզէ ընել այդ պահուն: Բնականաբար իր կատարած շարք մը արարքներուն համար, իր նմանին օժանդակութեան կարօտ էր ան:

Նիւթական աշխարհը իր բոլոր տարրերով, կարծր կամ փափուկ նիւթերով, կը կազմէ ստեղծագործութեան բնակելի հարթակը, որուն վրայ իր կեանքը կառուցեր է աստուածաստեղծ մարդը: Հողը արդիւնաբեր այն նիւթն է, որ իր հերթին կեանքի շարունակականութիւնը կ՛ապահովէ այս աշխարհի վրայ, ծլեցնելով բոլոր ծառերն ու ծաղիկները, բանջարեղէններն ու հացահատիկի տեսակները:

Աստուծոյ ձեռքին մէջ հողը նաեւ ծնուցիչը եղաւ մարդուն, երբ հողէն արարեց Ան, իր նմանութիւնը ունեցող մարդը: Հողին տրուած այս առանձնաշնորհը կարելի չէ՛ անտեսել, ո՛չ ալ մոռնալ զայն, երբ նոյնիսկ մեր ոտքերուն կոխան կը դառնայ ամէն օր, ճամբաներուն վրայ կամ այգիներուն մէջ: Հողը ունի իր արժանապատուութիւնը եւ կրնայ բողոքել մեզի դէմ Աստուծոյ քով, եթէ անարգական վերաբերում ցուցաբերենք իրեն նկատմամբ:

Այս խոր մտերմութիւնը հողին եւ մարդուն միջեւ, որ մինչեւ անհաշիւ դարեր ետ կը տանի ժամանակը, անընդհատ շարունակուած է մինչեւ այսօր: Ամէն մարդ հող կը սիրէ: Երկիր, պետութիւն, ցեղ կամ ազգութիւն, նոյնիսկ ընտանիք եւ մարդ անհատ, հողի տիրանալու, զայն իւրովի սեփականացնելու, երբեմն նոյնիսկ ուրիշէն յափշտակելու ցանկութեամբ լեցուն սիրտ կ՛ունենայ:

Պատերազմներուն մեծ մասը հողի համար մղուած պայքար է: Նաեւ՝ ընտանեկան ամէնէն հարազատ միջավայրին մէջ, հողը փոխանակ բոլորը միացնելու եւ մէկ գետնի վրայ հաւաքելու, կը դառնայ խռովութեան ու կռուի պատճառ, երբ հարազատներէն մէկը կամ միւսը փորձէ աւելի ընդարձակ բաժնի տիրանալ, հօրենական կտակի գործադրման կանոնները խախտելով:

Հողը, ի զարմանս շատերու, ձայն ունի: Հողը կը կանչէ, այսինքն կը հրաւիրէ: Անոր հրապոյրը շատ աւելին է քան որեւէ նիւթի հրապոյրը:

Հողին ձայնը բարձրախօսներով լսելի չի՛ դառնար, ինչքան ալ արդիական տեսակի ձայնի սարքաւորումներով օժտուած ըլլայ սրահ մը: Հողը ի՛նք պէտք է կանչէ, ի՛նք պէտք է խօսի, ի՛նք պէտք է շշնջայ, երբեմն պոռայ ու բարկանայ: Անոր կանչը ուղղակի լսելի պէտք է դառնայ իրեն պատկանող մարդու հոգիին: Հայրենիքի հողն է այդ ոյժը եւ հզօր ձայնը ունեցող իրականութիւնը որեւէ ազգի զաւակներու կեանքին մէջ:

Հողին ու մարդուն այս մտերմութիւնը առ յաւէտ է: Եթէ մարդը հող կը սիրէ, փոխադարձաբար հողն ալ մարդը կը սիրէ:

Ամէնէն խոր մտերմութիւնը մարդուն եւ հողին միջեւ սակայն, կու գայ մարդուն հողայնական ճակատագրէն: Մարդը ինչքա՜ն սիրէ հողը, ինչքա՜ն կռուի ատոր համար, ինչքա՜ն ընդարձակ տարածութիւններու տիրանայ, հազիւ երկու մեթր երկարութեամբ եւ մէկ մեթր լայնութեամբ տարածութիւն ունեցող հողն է որ պիտի գրկէ զինք, մի քանի բահ հողով ծածկելու համար անոր հողեղէն մարմինը, միախառնելու համար զայն իր հողային էութեան:

Մարդուն վերջին բնակարանը՝ մահուան փոսը կամ գերեզմանը, որուն մէջ մարդուն աճիւնները կը հանգչին, զանոնք հողի վերածելով յաւերժական մտերմութիւնը կը ստեղծէ մարդուն հետ:

Վերջապէս՝ հողը կը կանչէ…:

Չկայ մարդ որ իր ականջները փակելով հողի ձայնին, կրցած ըլլայ փրկուիլ անոր յաւերժական մտերմութենէն: Հողայնութիւնը մեր հողային իսկութեան բարացուցիչ է: Հողին ձայնը երբ վերջին անգամ լսես, ակամայ պիտի պլլուիս անոր վիզին, յաւիտենական երանութեան հոգեղէն արշալոյսը դիմաւորելու համար:

Գրիգոր Արք Չիֆթճեան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2020, 08:26