Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթ  Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթ  

Որքան գեղեցիկ է, որքան հաճելի՝ երբ եղբայրները համերաշխութեամբ իրարու հետ միասին կը բնակին (Սղ. 132)

Ի. դարուն սկիզբներէն ի վեր, քրիստոնեաները, բոլոր համայնքներէն եւ աշխարհիս չորս ծագերուն, կ’աղօթեն Եկեղեցիներուն միութեան համար

Ամէն տարուայ պէս, Յունուարի18-էն 25 եւ Ի. դարուն սկիզբներէն ի վեր, քրիստոնեաները, բոլոր համայնքներէն եւ աշխարհիս չորս ծագերուն, կ’աղօթեն Եկեղեցիներուն միութեան համար, հակառակ որ այս՝ պէտք է ըլլայ մնայուն մտահոգութիւնը աշխարհիս եկեղեցա-կան նուիրապետութիւններուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Սնուցանելու համար այս տարուայ խորհրդածութիւններն ու աղօթքները, մեզի կ’առաջարկուի Առաքեալներու Գործերէն այն հատուածը, ուր կը պատմուի Պօղոս Առաքեալին եւ ճամբորդակիցներուն նաւաբեկութենէ ազատուելու դրուագը (Գ. Առ 27, 13 – 28, 10), եւ յատուկ կերպով այս նախադասութիւնը. «Բարբարոսները շատ մեծ հիւրասիրութիւն ցոյց տուին մեզի հանդէպ» (Գ. Առ 28, 2): Ինչ որ Փրանկիսկոս Պապը մղեց ըսելու, թէ ինքնաբուխ հիւրասիրութիւնը եւ գուրգուրալի վերաբերումը կը փոխանցեն Աստուծոյ սէրը եւ կը դառնան «Էօքիւմէնիք կարեւոր առաքինութիւն մը», որ կը միտի ուրիշ համայնքի պատկանողները նկատելու իբրեւ իսկական քոյրեր եւ եղբայրներ Քրիստոսի մէջ, որոնց հանդէպ պարտինք ըլլալ տրամադիր, ունկնդրող եւ ուշադիր անոնց անձնական պատմութեան եւ հաւատքին, ինչպէս նաեւ՝ իրենց համայնքներուն տարբերութիւններուն:

Ուստի եւ համեմատաբար, պարտինք կիրարկել այս առաքինութիւնը եւ մարդասիրութիւն ներմուծել մեր փոխադարձ յարաբերութիւններուն մէջ, բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր շրջանակներուն մէջ, որպէսզի արագացնենք իրականացումը միութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղ կենակցութեան զանազան խմբաւորումներուն միջեւ, բոլոր պարագաներուն եւ բոլոր տեղերուն մէջ. հո՛ն, ուր կայ զանազանութիւն, տարակարծութիւն, բաժանում, պառակտում կամ մրցակցութիւն մորթի գոյնին, կրօնքի, համայնքի, քաղաքական տեսութեան, ընկերային մակարդակի կամ գաղափարականի:

Ինչպէս որ Սուրբ Պօղոսի եւ ընկերակիցներուն նաւաբեկումի վտանգին պարագային՝ բարբարոս Մալթացիներուն բացառիկ հիւրընկալութիւնը եւ մարդասիրական վերաբերումը պատճառ եղան անոնց փրկութեան ստոյգ մահէ, եւ ծնունդ տուին ու առիթ եղան անոնց դարձին եւ հաւատքի գալուն, նոյնպէս ալ՝ մարդկային մօտեցումը եւ բարեացակամ կեցուածքն ու հասկցող դիրքը ուրիշներուն հանդէպ, կրնան իրականացնել միութիւնը Եկեղեցիներուն, խաղաղութիւնը՝ ժողովուրդներուն միջեւ, համերաշխութիւնն ու երջանկութիւնը ընտանիքներէն ներս, հասնելու համար ամբողջական համամարդկային փրկութեան, մարդկային եւ արհեստագիտական յառաջդիմութեան, մթնոլորտային ու կենսաբարոյական վտանգներուն մեղմացումին եւ ամբողջական վերացումին:

 Այն ատեն կ’իրագործուին աղօթքն ու մաղթանքը Սաղմոսերգուին եւ պիտի ըլլայ «գեղեցիկ ու հաճելի երբ եղբայրները համերաշխութեամբ իրարու հետ միասին պիտի ապրին»:

Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2020, 08:30