Նազովրեցիի սեւ արձանը Նազովրեցիի սեւ արձանը  

Մանիլա քաղաքին ''Յիսուս Նազովրեցիի'' փայտէ արձանի աւանդական թափօրը

Աւանդական ուխտագնացութիւնը, Փիլիպինեան թերակղզիին մէջ ամենէն կարեւոր տօնակատարութիւններէն մին է:

Աւելի քան 12 միլիոն հաւատացեալներ ամէն տարի իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Մանիլա քաղաքին մէջ 1606 թուականէն աւանդութիւն դարձած Յիսուս Նազովրեցի կոչուած հրաշագործ փայտէ սեւ արձանի թափօրին, որ այս տարի տեղի կ՝ունենայ հինգշաբթի, 9 յունուար 2020-ին:

Ունկնդրէ լուրը

Յիշեալ աւանդական ուխտագնացութիւնը, Փիլիպինեան թերակղզիին մէջ ամենէն կարեւոր տօնակատարութիւններէն մին է։ «Նազարէնօ Ներօ -Սեւ Նազովրեցի»' Յիսուսի արձանի ջերմեռանդական պաշտամունքը սկիզբ առած է 17-րդ դարուն՝Սպանական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին։

Կը պատմուի, թէ Քրիստոսի հրաշագործ արձանը կղզի հասած է 1607-ին, Մեքսիքոյէն ժամանած Սպանացի Ակոսթինեան միսիոնարի մը հետ։ Ըստ աւանդութեան, նաւու միջոցաւ ճամբորդութեան ժամանակ յանկարծակի ուժգին հրդեհի մը պատճառաւ նաւակը ամբողջութեամբ կը հրկիզուի , սակայն՝ անվնաս կը մնայ Յիսուսի արձանը, այրուած փայտի՝ սեւ գոյնով։

Այն օրէն ի վեր, Մանիլա քաղաքի բնակիչներն ու հաւատացեալները, հրկիզուած եւ փրկուած Յիսուսի հրաշագործ արձանը պահպանած են մեծ երկիւղածութեամբ՝ անոր հանդէպ յատուկ ջերմեռանդութիւն ցուցաբերելով։ Անոր համբաւը եւ հրաշագործ զօրութեան լուրը հասած է մինչեւ Սուրբ Աթոռ , ուր՝1650-ին, Իննոչենցօ Ժ Քահանայապետի օրով հիմնուեցաւ «Սեւ Նազարենօ» Յիսուսի հրաշագործ արձանի անունը կրող եղբայրակցութիւնը։

19-րդ դարուն, Պիոս Է Քահանայապետ, առ աւելիով պատուելու եւ բարձր արժանիքներով պսակելու համար Յիսուսի արձանը, հրամանագիր մը հրապարակեց լիակատար ներում շնորհելով բոլոր անոնց, որոնք խորին զղջումով աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ ''Նազարենօ Ներօ'' Յիսուսի արձանին առջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2020, 08:53