Փաքիստանցի քրիստոնեայ կղերականներ Փաքիստանցի քրիստոնեայ կղերականներ 

Փաքիստանի մէջ ազատ արձակուեցան հինգ տարի առաջ անիրաւ կերպով կալանուած քրիստոնեաները։

2015-ին կալանաւորուած 42 քրիստոնեաներէն 40 ազատ արձակուեցան մինչ երկուքը մահացան բանտին մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

15 մարտ 2015-ին երկու մահմետական ահաբեկիչներ անձնասպանական  գործողութիւններով իրենք զիրենք պայթեցուցին Փաքիստանի կաթողիկէ St. John եւ Բողոքական Christ Church եկեղեցիներուն մէջ, պատճառելով 15 մեռեալ եւ 70 վիրաւորներ։

Ունկնդրէ լուրը

Ողբերգական բռնութիւն մը որուն յաջորդեց քրիստոնեայ հասարակութիւններուն բողոքն ու ցոյցերը, որոնց ընթացքին ապա երկու իսլամներ սպաննուեցան ամբոխի կողմէ, որ զանոնք վերոնշեալ արարքներուն պատասխանատու նկատած էր։

Այդ դէպքին ի տես իշխանութիւնները  ձերբակալեցին 42 քրիստոնեաներ, որոնք սակայն այս օրերուն, հինգ տարիներ ետք, ազատ արձակուեցան, թէեւ անոնցմէ երկուքը իրենց մահկանացուն կքնեցին բանտին մէջ։

Շատ մը դէտերու համար՝ քրիստոնեաներուն անմեղ կերպով  կալանաւորման ու ազատ արձակման  դէպքը ցոյց կու տայ Փաքիստանի արդարադատութեան համակարգի  անօրէն ու անարդար կեցուցածը կրօնական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ։

Փոլ Պհաթթի որ Փաքիստանի փոքրամասնութիւններուն ու ազգային ներդաշնակութեան նախարարը եղած է, դէպքին մասին արտայայտուելով նշած է թէ այդ պատմութիւնը գէշ ու տխուր երեւոյթ է, սակայն ունի նաեւ գեղեցիկ կողմ մը, որ ցոյց կու տայ թէ Փաքիստանը այսօր ընտրած է նոր ուղի՝ ու բոլոր անտեսուած եւ բացառուած մարդիկը, ինչպէս նաեւ անոնք որոնք անարդարութիւններու թիրախ են, ունին աւելիով երաշխաւորուած  իրաւունքներ։

Յայտնենք թէ Փաքիստանի մէջ քրիստոնեաները յաճախ ենթարկուած են ահաբեկչական արարքներու ու հալածանքներու ու անոնցմէ շատեր անիրաւ կերպով բանտարկուած են, ինչպէս եղած է պարագան Ազիա Պիպի՝ քրիստոնեայ կնոջ որ 10 տարիներ շարունակ բանտին մէջ մնացած էր անարդար կերպով։ Ապա կան այլ քրիստոնեաներ որոնք իրենց արեան գնով վճարած են իրենց հաւատքի վկայութիւնը։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2020, 09:19